ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ 3 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ կառավարութեան անդրանիկ նիստը:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ նիստի օրակարգին վրայ էր «Արցախի Հանրապետութեան 2020-ի պետական պիւտճէին մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու հարցը, զոր Արցախի կառավարութեան անդամներուն ներկայացուց ելեւմուտքի նախարար Վահրամ Բաղդասարեան: Ան նշեց, որ նախագիծը մշակուած է ի կատարումն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի 2020-2025 թուականներու ծրագիրի շարք մը դրոյթներուն, ըստ որոնց, Արցախի Հանրապետութեան 2020-ի պետական պիւտճէի ծախսերը կը նախատեսուի աւելցնել 14.810 միլիոն դրամով, իսկ պետական պիւտճէի եկամուտները` 5100 միլիոն դրամով՝ պայմանաւորուած Հայաստանի Հանրապետութենէն ստացուող պիւտճէական վարկի գումարին չափով: Փոփոխութիւններու լոյսին տակ, կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուաւ օրէնքի նախագիծին, որ, ընթացակարգին համաձայն, պիտի ուղարկուի Ազգային ժողովի քննարկման:
Այնուհետեւ երկրին ղեկավարը նիստին մասնակցողներուն ներկայացուց նախատեսուող բարեփոխումները՝ ըստ ոլորտներու: Ըստ անոր՝ մեծ ենթակառուցուածքային նախագիծերու իրականացումը թոյլ կու տայ շրջանցելու համաշխարհային տնտեսութեան անկման հաւանական բացասական հետեւանքները Արցախի մէջ։ Նախագահը աւելցուց, որ ընթացիկ ծրագիրները յաջող կերպով իրականացնելու պարագային, յաջորդ տարի կը սպասուի երկնիշ տնտեսական աճ։
Խօսելով նիստին քննարկուած ծրագիրները արդիւնաւէտ կերպով իրականացնելուն մասին՝ նախագահը ընդգծեց Հայաստանի պետական մարմիններուն հետ սերտ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ պետական կառավարման համակարգի իւրաքանչիւր օղակի մէջ պաշտօնեաներու բարեխիղճ վերաբերմունքին, կարգապահութեան, օրէնքին դիմաց բոլորին հաւասարութեան, աշխատանքային խումբերուն մէջ ներդաշնակ մթնոլորտի պահպանման սկզբունքներուն հետեւելու անհրաժեշտութիւնը: Նոյն ժամանակ, երկրին ղեկավարը զգուշացուց, որ այն պետական պաշտօնեաները, որոնց աշխատանքը եւ վարքագիծը կը հակասեն այդ սկզբունքներուն, պիտի արձակուին իրենց պաշտօններէն։
Նախագահը նաեւ կարեւոր նկատեց Հանրապետութեան մէջ ձեւաւորուած ներքին կայունութեան մթնոլորտին պահպանումը, որ կարելիութիւն կու տայ իրականացնելու Արցախի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած երկու կարեւորագոյն հարցերը՝ անվտանգութեան ապահովումը եւ ընկերային-տնտեսական զարգացումը: Այդ ծիրին մէջ, նախագահը ընդդիմադիր ուժերուն կոչ ուղղեց՝ զբաղելու միայն կառուցողական քննադատութեամբ եւ զերծ մնալու ստեղծուած կայունութիւնը վտանգող քայլերէ։