ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Պահրամ Ղասեմի անգամ մը եւս շեշտեց, որ Արցախի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով եւ միջազգային օրէնքներու սահմաններուն մէջ, կը տեղեկացնէ իրանեան «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը:
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար կարեւոր է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները չազդուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութենէն», նշեց մամուլի խօսնակը:
Անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Թեհրան այցելութեան՝ Ղասեմի ըսաւ. «Ինչպէս բազմիցս նշած եմ՝ դրացի երկիրներուն վերաբերեալ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքականութիւնը պարզ ու յստակ է. դրացիները մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններն են: Դրացի իւրաքանչիւր երկրի հետ մեր յարաբերութիւնները ուղղուած չեն այլ դրացիներու կամ այլ երիրներու դէմ»:
«Իրան՝ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ միւս դրացի երկիրներու կայունութիւնը, ապահովութիւնը եւ տնտեսական զարգացումը կը դիտէ իբրեւ աշխարհի այս զգայուն տարածաշրջանի զարգացման բաղադրիչը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Այնպէս, ինչպէս նախապէս, Իրան այսօր եւս պատրաստ է նպաստելու դրացի երկու երկիրներուն, հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման համար»:
Ղասեմի տրամաբանական համարեց «Արարատ» մարզաւանին մէջ թեհարանահայութեան հետ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը՝ շեշտելով. «Անտրամաբանական ոչինչ կը տեսնեմ հանդիպման մէջ»։