ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի հարաւ-արեւմտեան (Շոշ-Մխիթարաշէն) հատուածին մէջ, 9 Օգոստոսի յետմիջօրէի ժամը 4էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10 հակառակորդը խախտեց զինադադարի պահպանման դրութիւնը:
Այս մասին հաղոչդագրութեան մը միջոցաւ յայտնեց Արցախի պաշտպանութեան բանակը:
«Բացի հրաձգային զինատեսակներից ադրբեջանական զինուժը կիրառել է նաեւ ՀՀՆ-9 (հաստոցաւոր հակատանկային նռնականետ)` հայկական դիրքերի ուղղութեամբ արձակելով 3 արկ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի: Միջադէպի առնչութեամբ համապատասխան տեղեկատուութիւն է տրամադրուել ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեանը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութիւնը կոչ ուղղեց ատրպէյճանական կողմին՝ հաւատարիմ մնալու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ զերծ մնալու իրադրութեան հետագայ լարման վերաբերող քայլերէ: