Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծերուն վրայ կատաղի բախումներ տեղի կ’ունենան:
Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը կասեցնէ թշնամիին զօրքերը, պատճառելով մեծ վնասներ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ հաղորդեց, թէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը ռազմաճակատի ամենաբարդ գօտիներէն մէկուն մէջ, այսօր՝ երկուշաբթի 5 հոկտեմբեր 5-ին, կիրառեց մարտավարական հնարք մը՝ ծուղակը ձգելով թշնամին եւ ոչնչացնելով ստորաբաժանումի մեծ մասը:
Հայկական կողմը ազրպէյճանական ստորաբաժանումներուն առջեւ ստեղծած է նահանջի տպաւորութիւն: Թշնամին, փորձելով արագօրէն զբաղեցնել հայկական ուժերուն լքած դիրքերը, յայտնուած է ծուղակի մէջ։ Մեր ուժերը հրետանային հուժկու հարուածի ենթարկելով թշնամիին, չէզոքացուցած են ազրպէյճանական ստորաբաժանումի մը մեծամասնութիւնը։ Ազերիները իրենց ետին ձգած են աւելի քան 200 սպաննուած զինծառայող եւ փախուստ տուած ռազմադաշտէն:
Արցախի հանրապետութեան նախագահի մամլոյ խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան տեղեկացուց, թէ հարաւային ուղղութեամբ տեղի ունեցող բախումներու ընթացքին չէզոքացած է թշնամիի մէկ հրասայլ եւ այլ սարքեր: