ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, Արցախի նախագահի գործող խորհրդական Միքայէլ Արզումանեանի նկատմամբ նոր մեղադրանք առաջադրուեցաւ: Քննչական կոմիտէն յայտնեց, որ Արզումանեան շրջանցած է պաշտօնական լիազօրութիւններու սահմանը, որ անզգուշութեամբ պատճառած է նիւթական ծանր հետեւանքներ:
«Մասնաւորապէս, 2020ի Սեպտեմբերի 29ին Միքայէլ Արզումանեանը (ան բանակի հրամանատարի պաշտօնը ստանձնած է Հոկտեմբեր 2020ին-«Սիվիլնեթ»)՝ չունենալով ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող «Արեգա» բարձունքը ազատագրած ստորաբաժանումների անձնակազմին հրամաններ տալու լիազօրութիւններ, չհանդիսանալով նրանց անմիջական պետը, չունենալով իր վերադասի կողմից նշուած վայր այցելելու եւ մարտական առաջադրանք իրականացնելու լիազօրութիւն, անձնակազմին «նահանջ» հրաման է տուել: 2020ի Սեպտեմբերի 28ին «Արեգա» բարձունքը եւ յարակից մարտական դիրքերն անցել են Ադրբեջանի զինուած ուժերի վերահսկողութեան տակ: Սեպտեմբերի 29ին իւրային ստորաբաժանումների կողմից «Արեգա» բարձունքը ազատագրելու ուղղութեամբ ձեռնարկուել է հակագրոհի գործողութիւն, որը պսակուել է յաջողութեամբ եւ վերահսկողութեան տակ է վերցուել հակառակորդի թիկունքային ապահովման ճանապարհը: Հակառակորդին մեծ կորուստներ է պատճառուել, մասնաւորապէս, ոչնչացուել է հակառակորդի շուրջ 10 զրահատեխնիկա, նշուած բարձունքում գտնուող հակառակորդի կենդանի ուժի հիմնական մասը՝ մի քանի տասնեակ զինծառայող, որպէս ռազմավար վերցուել է երկու զրահափոխադրիչ: Սեպտեմբերի 29ին՝ ժամը 16:00ի սահմաններում, Միքայէլ Արզումանեանը հրամայել է թողնել ազատագրած «Արեգա» բարձունքը եւ նահանջել՝ պատճառաբանելով, որ նոյն վայրում արդէն իսկ պլանաւորուած (ծրագրուած) է այլ օպերացիայի (գործողութեան) իրագործում: Ստորաբաժանումները հրաժարուել են կատարել «նահանջ» հրամանը: Արզումանեանը, օգտագործելով զօրամասի հրամանատարի նկատմամբ նախկինում անմիջական պետ հանդիսանալու հանգամանքը, իր՝ զինուորականի հեղինակութիւնը, պնդել եւ պահանջել է անյապաղ կատարել իր հրամանը՝ աւելացնելով, որ պաշտպանութեան խորքից է գալիս, իրավիճակին աւելի լաւ է տիրապետում, որպիսի գործողութիւնների արդիւնքում զօրամասի հրամանատարը ենթակայ անձնակազմին յանձնարարել է կատարել վերջինիս հրամանը», կ՛ըսուի մեղադրանքին մէջ:
Ըստ Քննչական կոմիտէին՝ նահանջէն ետք հակառակորդը առանց դիմադրութեան վերահսկողութեան տակ առած է «Արեգա» բարձունքը, ուրկէ դիտարկած է տուեալ գօտիին մէջ պաշտպանութիւն իրականացնող ստորաբաժանումներու խորքը եւ զարգացնելով յաջողութիւնները եւ ունենալով գերիշխող դիրք՝ գրոհներ կատարած է պաշտպանութեան բնագիծի այլ մարտական դիրքերու ուղղութեամբ, կրակի տակ պահած է յարակից մարտական դիրքերը: Կը նշուի նաեւ, որ 3 եւ 5 Հոկտեմբեր 2020ին հայկական ստորաբաժանումներուն կողմէ բարձունքը դարձեալ գրաւելու հակագրոհները ձախողած են, անոնց ընթացքին արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ:
Քննչական կոմիտէն Միքայէլ Արզումանեանի ձերբակալութեան մասին յայտարարեց 30 Օգոստոսին: Աւելի կանուխ անոր դէմ մեղադրանք առաջադրուեցաւ զինուորական պաշտօնական անփութութեան յօդուածով՝ Շուշիի պաշտպանութեան կազմակերպման ընթացքին անփոյթ վերաբերմունք դրսեւորելուն համար: 1 Սեպտեմբերին Արզումանեան ձերբակալուեցաւ: