ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչարնիքով յայտարարած է, թէ Արցախի հիմնախնդիրին շուրջ բանակցային գործընթացին մէջ ներկայիս որոշ տեղաշարժ կայ։
Ըստ ատրպէյճանական «Մինվալ» լրատու գործակալութեան՝ դեսպանը ունի այն համոզումը, որ այս տեղաշարժը հետեւանք է կողմերուն միջեւ աւելի լաւ ծանօթացման։
Դեսպանը շեշտած է, թէ Արցախի հարցին մէջ Ռուսիոյ դիրքը բոլորին շատ լաւ ծանօթ է:
«Մոսկուայի նպատակն է աջակցիլ հակամարտութեան կողմերուն՝ համաձայնութեան հասնելու համար», Օգոստոս 20ին տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է դեսպանը, ապա աւելցուցած է, որ ռուսական կողմը այս հակամարտութիւնը կը դիտէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի պրիսմակէն, նկատի ունենալով, որ ինք Մինսկի խմբակի համանախագահներէն մէկն է:
Ըստ դիւանագէտին՝ հակամարտութեան շուրջ բանակցային գործընթացին վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցած են նաեւ հոգեւոր առաջնորդներու կոչերը: