ՄՈՍԿՈՒԱ, «Սփութնիք Արմէնիա».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Արցախի տագնապին սրումը աւելցուցած է շրջանին մէջ ահաբեկչութեան տարածման վտանգը:
«Բոլորս մտահոգ էինք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինեալ տագնապին նկատմամբ, որուն մէջ ներգրաւուած են ԱՊՀի անդամ պետութիւններ՝ Ատրպէյճան եւ Հայաստան», ըսաւ Փութին՝ ԱՊՀի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ առցանց:
«Տեղի ունեցած մարտերը յանգեցուցին բազմաթիւ մարդկային զոհերու եւ ընդհանուր առմամբ սրեցին Անդրկովկասի մէջ առանց այդ ալ բարդ կացութիւնը, աւելցան ահաբեկչական սպառնալիքի տարածման վտանգները», ըսաւ Փութին:
Ան յայտնեց, որ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյացած համաձայնագիրը հետեւողականօրէն կը գործադրուի, ռուս խաղաղապահները ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի Արցախի մէջ կացութիւնը չսրի: