ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Երկուշաբթի, 5 Մարտին դարձեալ յայտարարած է, թէ ընտրութիւններէն ետք պիտի աշխուժանան Արցախի տագնապի կարգաւորմանն ուղղուած բանակցութիւնները։
Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուամիջոցին՝ ան այս յայտարարութիւնը կատարած է Պաքուի մէջ, Մարոքի արտաքին գործոց նախարարին հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
«Կողմերը որոշած են Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններէն ետք քննարկումները աւելի եռանդուն կերպով շարունակել: Երբ երկու պետութիւններուն մէջ նոր կառավարութիւններ ձեւաւորուին, մենք պիտի կարենանք աշխոյժ կերպով շարունակել բանակցութիւնները», ըսած է Մամետեարով։
Նշենք, որ Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւնները պիտի կայանան 11 Ապրիլին։