Ասատուր Կիւզելեան
Արցախ
Արցախ, որ 14-րդ դարէն սկսեալ ճանչցուած է նաև որպէս Ղարապաղ, (թրք. «սև այգի») Հայստանի անբաժանելի մէկ մասը կազմած է 2,700 տարի նախքան 1918-ին գոյութեան կոչուած Ազրպէյճանը և առաջին ևթրքական ցեղերու Կովկաս և Հայաստան արշաւանքէն 10 դար առաջ։
Առաջին անգամ «Արցախ» անունը յիշուած է Ուրարտուի թագաւոր, Սարդուր Բ. ի (764-735 Ն. Ք.) սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ։ Սարդուր Բ. որդին էր Արգիշտի Ա.ի, որ կառուցեց էրեբունի (Երևան) բերդաքաղաքը Ն.Ք. 782-ին ։
Որպէս Հայաստանի մաս՝ Արցախ յիշատակուած է բազմաթիւ օտար և հայ պատմիչներու և աշխարհագրագէտներու գործերուն մէջ, ինչպէս Ստրաբոն, Պլինիոս Աւագ, Պլուտարքոս և ուրիշներ։ Ստրաբոն Արցախը կը համարէ Հայաստանի այն «շրջանը, որ համբաւաւոր է իր հեձելազօրքով»։
Ե. Դարու պատմիչ Փաւստոս Բիւզանդ իր «Հայոց Պատմութիւն» գրքին մէջ կը գրէ թէ Արցախ ինչպիսի հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուած է, երբ 387-ին Սասանեան Պարսկաստանը արշաւած է Հայաստան։
Է. Դարու գիտնական Անանիա Շիրակացին իր «Աշխարհացոյց»ին մէջ կը նշէ որ Արցախը Հայաստանի 15 նահանգներէն մէկն է։
Հայոց Տիգրան Մեծ թագաւորը (Ն.Ք 140-55) Տիգրանակերտ քաղաքը կառուցած է Արցախի մէջ։ Հնագէտները հաստատած են որ քաղաքը կառուցուած է Ա. դարուն Ն.Ք. և իր գոյութիւնը պահած՝ մինչև ԺԴ դար։
Հայաստան
Հայաստանը ունի հին պատմությիւն, բայց ես պիտի անդրադառնամ միայն քրիստոնէական շրջանի պատմական կարևոր դէպքերուն։
301թ.ին Հայաստան առաջին երկիրը հանդիսացաւ, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեցաւ որպէս պետական կրօնք։ Հայերը զրադաշտական դարձնելու Պարսկաստանի բոլոր փորձերը ձախողեցան։ Պատմական իրողութիւն է որ Քրիստոնէութեան պաշտպանութեան համար մղուած առաջին ճակատամարտը, որ պատմութեան մէջ ծանօթ է որպէս «Վարդանանց Պատերազմ», տեղի ունեցաւ Պարսկաստանի և Հայաստանի միջև 451թ.ին։
387-ին Հայաստան բաժնուեցաւ Սասանեան Պարսկաստանի և Հռոմէական Կայսրութեան միջև։ Արևելեան Հայաստանը, ներառեալ Արցախը, բաժին ինկաւ Պարսկաստանին, իսկ Արևմտեան Հայաստանը՝ Հռոմէական Կայսրութեան։
Է. դարուն արաբները գրաւեցին Պարսկաստանն ու Հայաստանը։ Համեմատաբար կարճ ժամանակուան մը ընթացքին անոնք յաջողեցան մահմետականութիւնը պարտադրել պարսիկներուն, բայց նոյնը Հայստանի մէջ իրագործելու անոնց բոլոր ջանքերը՝ ձախողեցան։
Թ. Դարուն Հայաստանի մէջ հիմնուեցաւ Բագրատունեաց թագաւորութիւնը, որ գոյատեւեց մինչև ԺԱ. դար, երբ Սելճուգները գրաւեցին Հայաստանը։ Սելճուգեան արշաւանքներուն յաջորդեցին թաթարական, մոնկոլական, թուրքմենական և հուսկ՝ Օսմանեան թուրքերու (բոլորն ալ թուրքական ցեղեր) արշաւանքները, որոնք քար ու քանդ ըրին երկիրը։ Հարիւր հազարաւոր հայեր ստիպուած լքեցին իրենց Հայրենիքը և հաստատուեցան Բիւզանդական Կայսրութեան տարբեր շրջաններուն մէջ։
1198-ին, Միջեկրական Ծովու արևելեան մասին մէջ հիմնուեցաւ Հայոց Կիլիկեան Թագաւորութիւնը, որ կործանեցաւ Մեմլուքեան արշաւանքներուն հետևանքով 1375-ին։
Հայաստան յաճախ բաժնուած է մեծ պետութիւններու միջև, ինչպէս Հռոմէական Կայսրութեան և Պարսկաստանի (1-3 դար), Բիւզանդական Կայսրութեան և Պարսկաստանի (4-7 դար), Արաբներու և Բիւզանդական Կայսրութեան (7-9 դար), որուն հետևանքով Արևելեան Հայաստան և Արևմտեան Հայաստան անունները առաջացած են։
ԺԶ. Դարու սկիզբէն սկսեալ, Հայաստան բաժնուած է Պարսկաստանի (Արևելեան Հայաստան) և Օսմանեան Կայսրութեան (Արևմտեան Հայաստան) միջև։
Թուրքերու նպատակն էր իրենց կայսրութիւնը ընդարձակել արևելեան ուղղութեամբ, իսկ պարսիկները կը ձգտէին տարածուիլ դէպի արևմուտք։ Այս մրցակցութիւնը պատճառ դարձաւ որ 16-18 դարերուն Պարսկաստանն ու Օսմանեան Կայսրութիւնը բազմաթիւ պատերազմներ մղեն ամբողջական Հայաստանին տիրանալու համար։
Յարատև պատերազներէն յոգնած, անոնք որոշեցին Հայաստանը բաժնել իրարու միջև։ Արևելեան Հայաստանը, որ պատմական Հայաստանի տասը տոկոսը կը ներկայացնէ, բաժին ինկաւ Պարսկաստանին, իսկ մնացեալ իննիսուն տոկոսը, Արևմտեան Հայաստանը ենթարկուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան։
1603-1618 պարսկա-թրքական պատերազին, Պարսկաստան պարտութեան մատնելով՝ Թուրքիան, գրաւեց Արևելեան Հայաստանը։ Պատերազմի աւարտին, Շահ Աբբաս շուրջ 500,000 հայերուն ստիպեց գաղթել Պարսկաստան և բնակութիւն հաստատել Իսֆահան նահանգի Նոր Ջուղա կոչուած շրջանը, որուն իբրև հետևանք՝ կազմուեցաւ պարսկահայ գաղութը։
Ռուս-պարսկական պատերազմներու աւարտին, 1813.թ.ի Գուլիստանի և 1828թ.ի
Թուրքմենչայի դաշնագրերով Արևելեան Հայաստանը կցուեցաւ Ցարական Ռուսաստաին։ Այդ թուականէն սկսեալ, Արևելեան Հայաստանի բնակչութիւնը ապրեցաւ համեմատաբար խաղաղ կեանք մը , զերծ հալածանքներէ և կոտորածներէ։ Նոյնը կարելի չէ ըսել Արևմտեան Հայաստանի համար, որ շարունակեց տառապիլ Օսմանեան լուծին տակ։
ԺԹ. դարուն Ռուսիա շարք մը յաղթանակներ տարաւ Պարսկաստանի և Թուրքիոյ դէմ, որուն հետևանքով 1888-ին Ռուսական Կայսրութեան մաս կը կազմէին Վրաստանի մեծ մասը, Արևելեան Հայաստանը, Կովկասի այն շրջանը, որ 1918-ին «մկրտուեցաւ» Ազրպէյճան։ Անդրկովկասը այդ շրջնին տարբեր ժողովուրդներէ բաղկացած մոզայիկի մը կը նմանէր. վրացիները՝ հիւսիսի և արևմուտքի մէջ, հայերը՝ գրեթէ ամէն տեղ մահմետական և թրքական ցեղերու հետ, զորս ռուսերը «կովկասեան թաթարներ» կ’անուանէին։
Դժբախտաբար ԺԹ. Դարուն, ինչպէս նաև Ա. Աշխարհամարտէն յետոյ, Բրիտանական Կայսրութիւնը որդեգրեց թրքամէտ արտաքին քաղաքականութիւն։ Այդ էր պատճառը, երբ ցարական բանակը 1877–78 ռուս-թրքական պատերազմին կը պատրաստուէր Իսթանպուլը գրաւել, Մեծն Բրիտանիան պահանջեց որ Ռուսիա դադրեցնէ պատերազմը։ Ռուսիան պարտաւորուած վերջ տուաւ պատերազմին և 1878թ. Մարտին Օսմանեան կայսրութեան հետ ստորագրեց Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրը։
Որոշուեցաւ պայմանագրը քննարկել և վաւերացնել Պերլինի Վեհաժողովին, որ գումարուեցաւ Յունիս-Յուլիս 1878-ին, մասնակցութեամբ եւրոպական մեծ պետութիւններու։ Վեհաժողովը կարգ մը յօդուածներ փոփոխութեան ենթարկելէ ետք, վաւերացուց պայմանագիրը և զայն վերանուանեց «Պերլինի Դաշնագիր»։
Ըստ Սան Սթեֆանոյի դաշնագրի 16-րդ յօդուածին, Օսմանեան պետութիւնը յանձն կ’առնէր բարենորոգումներ կատարել հայկական նահանգներուն մէջ։ Մեծն Բրիտանիա առաջարկեց 16-րդ յօդուածը փոխարինել 61-րդ յօդուածով, պատճառաբանելով որ աւելի կարևոր խնդիրներ կային քննարկելու, քան հայկական նահանգներու մէջ «բարենորոգումներ կատարելու հարցը…։»
Աւելորդ է նշել որ Վեհաժողովը փակուեցաւ նախքան 61-րդ յօդուածի քննարկումը…։
Վստահ եմ, բոլորս ալ կը յիշենք Խրիմեան Հայրիկի «Թուղթէ Շերեփի» հանրածանօթ պատմութիւնը…։
Սան Սթեֆանոյի պայմանագրին մէջ կային կարգ մը ուրիշ կարևոր յօդուածներ, ինչպէս Պուլկարիոյ անկախութեան հարցը, որ դաշնագրէն հանուեցաւ այն պատճառաբանութեամբ որ Պուլկարիան կրնար դառնալ Ռուսիոյ արբանեակ երկիրներէն մէկը և վտանգ սպառնալ Թուրքիոյ, ինչպես նաև Անգլիոյ շահերուն Արևելեան Միջերկրականի մէջ։
Մեծն Բրիտանիան ի՞նչպէս վարձատրուեցաւ իր հակահայ արարքին համար։
Ընթերցողը վստահ եմ վերոյիշեալ հարցումին պատասխանը կը գտնէ ստորև մէջբերուած գրութեան մէջ։
«Ըստ 4 Յունիս 1878ին Մեծն Բրիտանիոյ և Օսմանեան Կայսրութեան միջև ստորագրուած Կիպրոսի գաղտնի համաձայնագրին, Կիպրոսը կառավարելու լիազօրութիւնը կը փոխանցուէր Մեծն Բրիտանիոյ, որուն դիմաց Անգլիան յանձն կ’առնէր Օսմանեան Կայսրութեան շահերը պաշտպանել Պերլինի Վեհաժողովին մէջ։ Այս համաձայնագիրը արդիւնքն է այն գաղտնի բանակցութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան 1878-ի սկիզբը։»
Ա. Աշխարհամարտը և Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Դեռ Սուլթան Ապտուլ Համիտի գահակալութեան տարիներուն (876-1909), Թուրքիան պատրաստած էր գաղտնի ծրագիր մը, որուն նպատակն էր առաջին իսկ պատեհութեամբ ոչնչացնել Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող հայերն ու միւս քրիստոնիայ ազգերը։ Ա. Աշխարհամարտը ստեղծեց այդ պատեհութիւնը և Թուրքիան իգործադրեց իր կանխամտածուած ցեղասպանութեան ծրագիրը։ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող շուրջ երկու միլիոն հայերէն 1.500.000 մարդիկ, կիներ և երեխաներ, հարիւր հազարաւոր յոյներու և ասորիներու հետ՝ թրքական կառավարութեան հրամանով սպաննուեցան կամ սովամահ եղան Սուրիական անապատներուն մէջ։
Ուինսթոն Չըրչիլի Համաձայն,
«1915-ին, թրքական կառավարութիւնը սկսաւ անգթօրէն իրագործել հայերու տխրահռչակ ընդհանուր տեղահանութիւնն ու կոտորածները Փոքր Ասիոյ մէջ։ 300.000-400.000 տղամարդիկ, կանայք և երեխաներ ապաստանեցան ռուսական հողամասեր, ուրիշներ՝ Պարսկաստան և Միջագետք, բայց ցեղին մաքրագործումը Փոքր Ասիոյ մէջ այնքան ամբողջական էր, որքան նման տարողութեամբ լայնածաւալ արարք մը կրնար ըլլալ։ Ամենաջնջին կասկածն անգամ չկայ, որ այս ոճիրը ծրագրուած և գործադրուած էր քաղաքական նպատակներով։ Պատեհութիւնը ստեղծուած էր թրքական հողը մաքրելու քրիստոնեայ ցեղէ մը։»
The World Crisis, vol. 5, “The Aftermath”(New York: Charles Scribner’s Sons, 1929).
Բրիտանիան, Ֆրանսան և Ռուսիան կատարուածը որակեցին «մարդկութեան դէմ ոճիր» և խոստացան պատժել ոճրագործը։
Մեծն Բրիտանիան ո’չ միայն չպատճեց Թուրքիան, այլ ի տարբերութիւն Ֆրանսայի և Ռուսիոյ մինչև այսօր կը մերժէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը…։
ի՞նչ էր Հայոց Ցեղասպանութեան դրդապատճառը ։
Թուրքիան համոզուած էր որ Հայստանը, կարգ մը ուրիշ երկիրներու կարգին, անխուսափելիօրէն ուշ կամ կանուխ պիտի տիրանար անկախութեան, որուն հետևանքով 300,000 ք.մ. տարածութիւն ունեցող զօրաւոր քրիստոնիայ երկիր մը պատճառ պիտի դառնար, որպէսզի անդամալուծուէր Թուրքիան և գերեզմանուէր անոր Իթանուլէն մինչև Չինաստան երկարող տարածաշրջանի թրքական ցեղերու միացումով՝ համաթրքական կայսրութիւն մը ստեղծելու ծրագիրը։ Վերոյիշեալ վտանգին միանգամընդմիշտ վերջ տալու համար, անհրաժեշտ էր ամբողջութեամբ բնաջնջել Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող հայերն ու այլ քրիստոնիայ ազգերը։ Ինչպէս արդէն նշեցինք, Ա. Աշխարհամարտը ստեղծեց սպասուած առիթը։
16.9.1915-ին Թալաաթ Փաշան, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը հետևեալ գաղտնի հրամանը հեռագրեց Հալէպի կառավարութեան.
«Արդէն հաղորդուած էր ձեզի որ կառավարութիւնը, խորհրդարանի հրամանով որոշած է ամբողջովին ոչնչացնել Թուրքիա ապրող հայերը։ Վերջ պէտք է տրուի անոնց գոյութեան առանց խղճահարութեան և առանց ուշադրութիւն դարձնելու անոնց տարիքին կամ սեռին , որքան ալ ձեռք առնուած իջոցառումները ունենան ոճրային բնոյթ, ։» (“Նայիմ Պէյի Յուշերը», Լոնտոն 1920) ”***
***
***Նայիմ Պէյ Օսմանեան կառավարութեան Հալէպի Գաղթականներու Գրասենեակին մէջ պատասխանատու պաշտօն ունէր։ Պատերազմի աւարտին ան հայ մտաւորական Արամ Անտոնեանին յանձնեց իր տրամադրութեան տակ գտնուող Թալաաթի գաղտնի հրամանագիրերը։ «Նայիմ Պէյի Յուշերուն»- անգլերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսաւ Լոնտոն մէջ 1920-ին, Hodder & Stoughton հրատարակչութեան կողմէ, Viscount Gladstoneի նախաբանով։
***
Ցաւալի է որ Դաշնակիցները Ա. Աշխարհամարտի աւարտին Թուրքիան չդատեցին մարդկութեան դէմ գործած իր ոճիրներուն համար, ինչպէս կատարուեցաւ ոճրագործ նացիներու պարագային, Նիւրեմպերկի միջազգային դատարանին մէջ։
Եթէ անոնք նման քայլ մը առած ըլլային՝ շատ հաւանական է Հիթլեր 22.8.1939ին, իր հրամանատարներուն և «Մահուան Ջոկատ»ի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած գաղտնի ժողովին մէջ հետևեալ հրամանը (որ շատ նման է 24 տարի առաջ Թալաաթի յղած հեռագրին) չտար.
«Հրաման տուած եմ իմ «Մահուան Ջոկատներուն», որպէսզի առանց խղճահարութեան և գթասիրութեան ոչնչացնեն լեհերէն խօսող ցեղին պատկանող տղամարդիկը, կանայք և երեխաները։ Միայն այս ձևով կրնանք ձեռք բերել կենսական տարածքը, որուն պէտք ունինք։»
Ժողովին մասնակցող հրամանատարներէն մէկը կը հարցնէ Հիթլերին,
«Իսկ ի՞նչ պատասխան պիտի տաք հետագայ սերունդներուն»։
Հիթլեր անամօթաբար կը պատասխանէ,
«Ո՞վ այսօր կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։
Երբ նախամտածուած ոճիր մը, ինչպիսին է Հայոց Ցեղասպանութիւը, կը մնայ անպատիժ, Հիթլերի նման ոճրագործի մը առիթ կու տայ անամօթաբար յայտարարու՝
«Այսօր ո՞վ կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։
Անգլիան, Միացեալ Նահանգները և իրենց նման պետութիւններ «կը ձևացնեն» որ «ալսայմըրզ» հիւանդութենէ տառապելու պատճառով ՝ չեն «յիշեր» Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ հայերը սակայն ոչ միայն կը յիշեն մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրը, Հայոց Գեղասպանութիւնը, այլ նաև կը պահանջեն հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող իրենց հայրենիքը, որ սրբացած իրենց նախահայրերուն և 1.500.000 նահատակներուն արիւնով։
Ցաւալի է որ կարգ մը «քաղաքակիրթ» երկիրներ և կազմակերպութիւններ, զանազան տնտեսական և քաղաքական շահերէ դրդուած՝ կը նախընտրեն դաշնակցիլ «մարդկութեան դէմ ոճիր գործած» Թուրքիոյ, հետ, քան ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կամ պաշտպանել ճշմարտութիւնը, արդարութիւնն ու մարդու իրաւունքները…։
Այդպիսի պետութիւններուն համար արդարութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ թևերը կոտրած կոյր արծիւ մը, որ վանդակուած է ու դրուած՝ շքեղ դղեակի մը մութ սենեակներէն մէկուն մէջ… ։
Ղարաբաղ և Մեծն Բրիտանիա
Հոկեմբերեան Յեղափոխութիւնը տապալեց Ցարական Կայսրութիւնը։
1917-ին, ռուսական բանակը լքեց կովկասեան ճակատը։ 1918 թուականի մայիսին Հայաստանը , Վրաստանն ու Ազերպէյճանը անկախութիւն հռչակեցին։
Անշուտ Ղարաբաղը որպէս Հայաստանի հողամաս՝ նաև դարձաւ անկախ։
1918-ի ամռան Թրքական արշաւանքները դէպի Կովկաս պատճառ դարձան
միջ-ցեղային կռիւներու, ստեղծելով անկայուն վիճակ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ։ Թուրքերու կարևոր առաջադրանքներէն մէկն էր նաև Ղարաբաղը գրաւելով՝ ոչնչացնել անոր հայ բնակչութիւնը։ Ստեղծուած կացութիւնը արցախահայութեան համար «լինել չլինելու» խնդիր էր. Անհրաժեշտ էր ամէն գնով պաշտպանելր հայրենիքը թուրք, ազերի և թաթար ուժերու դէմ։
Հպարտութեամբ պէտք է հաստատել, որ արցախահայութիւնը հերոսական դիմադրութեամբ պաշտպանեց Արցախը մինչև Ա. Աշխարհամարտի աւարտը, երբ պարտուած Օսմանեան բանակը ստիպուած հեռացաւ տարածաշրջէն։
Յաւարտ պատերազմի՝ Դաշնակիցները կովկասեան տարածաշրջանը կառավարելու լիազօրութիւնը յանձնեցին Մեծն Բրիտանիոյ։ 17 Նոյեմբեր 1918-ին Բրիտանական բանակի հնդկական զօրաբաժինը մտաւ Պաքու։ Բանակին հրամանատարը, Ուիլիամ Մոնթկոմըրի Թոմսըն, որ կը պաշտպանէր Ազերպէյճանի կառավարութեան տեղական մարմինները, հաւանութիւն տուաւ որպէսզի 7 Դեկտեմբեր 1918-ին կայանայ Ազերպէյճանի խորհրդարանի անդրանիկ նիստը…։
Հայաստանի և Ազերպէյճանի սահմանները ճշդելու հարցին մէջ, Մեծն Բրիտանիան բացայտ կերպով կողմնորոշուեցաւ ի նպաստ մուսավաթական Ազրպէյճանին։ Հակառակ 1918-1919 տարիներուն կազմակերպուած բազմաթիւ հանրաքուէներու մէջ, քուէներու աւելի քան 90% առաւելութեամբ Արցախի բնակչութիւնը որոշեում կայացուց Հայաստանի մաս կազմել՝ Հրամանատար Թոմսըն, հետևելով Լոնտոնէն ստացուած հրահանգին՝ Ղարաբաղը «նուիրեց» Ազերպէյճանին։
Տարածաշրջանի պատմութեան մասնագէտ, անգլիացի պատմաբան Քրիստըֆըր Ուոքըր կը գրէ.
« Բրիտանիան երկու նպատակ կը հետապնդէր (երբեմն իրար հակասող), երկուքն ալ` հակա-պոլշեվիկ. Տանիքինի Սպիտակ Բանակին*** օգնել հիւսիսի մէջ, իսկ հարաւը` նախապատուութիւնը տալ զօրաւոր և Անգլիոյ բարեկամ Ազերպէյճանին։ Շատ մը Բրիտանացի սպաներ ծառայած ըլլալով Հնդկաստանի մէջ, իսլամամէտ էին և չէին սիրեր տեղացի քրիստոնիաները։ Չմոռնանք որ Բրիտանական Կայսրութիւնը, շնորհիւ Ափրիկէի և Ասիոյ իր գաղութներուն, իսլամական աշխարհին մէջ կը ներկայացնէր մեծ ոյժ ։ Հրամանատար Թոմսըն երբ Պաքու մտաւ 17 Նոյեմբերին, շուտով յուսահատութիւն պատճառեց հայերուն, որոնք մեծ յոյսեր դրած էին զինադարին վրայ։ Բրիտանական հրամանատարութիւնը, որ 30,000 զինուորներէ բաղկացած բանակ մը ունէր Անդրկովկասի մէջ, Օսմանեան զօրքերու մեկնումէն յետոյ հրահանգեց Ղարաբաղի հայութեան, որպէսզի ենթարկուի Ազերպէյճանին։ Առաջարկը մերժուեցաւ։ (“Armenia and Karabagh” C.J. Walker
***1918թ.ի Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն, «Կամաւորական Բանակ»-ին միացան Քուպանի հակակոմունիստ ղազախները, որոնք փորձեցին Քուպանի մայրաքաղաք, Եկատերինոտարը ազատագրել Կարմիր Բանակէն, բայց ձախողեցան։ Սպիտակ բանակի հրամանատարն էր Անթոն Տենիքինը։
***
26 Մարտ 1919-ին, գնդապետ Տ. Ի. Շաթըլուըրթ (Colonel D I Shuttleworth), որ հետագային փոխարինեց Թոմսընը, հետևեալ սպառնալից յայտարարեութիւնը ըրաւ Ղարաբաղի հայ պատգամաւորներուն.
«Մենք բաւական ուժ ունինք պարտադրելու ձեզ ենթարկուելու մեր հրահանգին»։ (“Armenia and Karabagh” C.J. Walker)
Ըստ նոյն հեղինակին, «Ղարաբաղի այժմու խնդրին (1991) պատճառը մեծաւ մասամբ 1919 տարուան առաջին կէսին Անգլիոյ որդեգրած քաղաքականութիւնն է, որուն նպատակն էր արգիլել՝ որպէսզի Ղարաբաղը մնայուն կերպով Հայաստանին մաս կազմէ։»
Մեծն Բրիտանիոյ Հայաստանի զինուորական կցորդ, գնդապետ Ֆլաուտըն (Colonel J C Flowden) Օգոստոս 1919-ին, հետևեալ յայտարարութիւնը ըրաւ.
«Ղարաբաղը Ազերպէյճանին յանձնելը, իմ կարծիքով, ամենէն դառն հարուածն էր…Ան եղած է իրենց ցեղին բնօրրանը, իրենց աւանդական վերջին ապաստանարանը և իրենց վերջին թաքստոցը, երբ երկիրը ենթարկուած է յարձակումներու։ Ան Հայաստանն է բոլոր անկիւններէ դիտուած . Ղարաբաղը Հայաստանի ուժեղագոյն մասն է թէ ‘ ֆիզիկապէս և թէ ‘ զինուորական և ընկերային իմաստով։»
***
1920-ին Հայաստան, Վրաստան և Ազերպէյճան որդեգրելով խորհրդային կարգերը, դարձան սովետական հանրապետութիւններ։
12-06-1921-ին, Սովետական Ազերպէյճանն ու Սովետական Հայաստանը հրապարակեցին հռչակագիր մը, որով հաստատեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հայստանի մաս կազմելուն իրողութիւնը։
1923-ին, Ազգութիւններու նոր Կոմիսար Ստալինին պարտականութիւն
Տրուեցաւ, որպէսզի ճշդէ կովկասեան հանրապետութիւններու սահմանները։ Հայաստանի և Ազերպէյճանի միջև գոյութիւն ունեցող նախասովետական տարիներու անհամձայնութիւնները ուսումասիրելէ յետոյ, Ստալին՝ անտեսելով 12-06-1921-ի հռչակագիրը, որոշեց Մեծն Բրիտանիոյ օրինակին հետևելով Ղարաբաղը ներառնել Ազերպէյճանի քարտէզին մէջ որպէս «ինքնավար մարզ» ։ Ստալինի որոշումը հիմնուած էր այն իրողութեան վրայ, որ ինչպէս Մեծն Բրիտանիան, այնպէս ալ Սովետ Միութիւնն ունէր մահմետական հոծ բնակչութեամբ երկիրներ…։
Անշուշտ Ինչպէս Անգլիոյ՝ այնպէս ալ Ստալինի որոշումին մէջ անտարակոյս Պաքուի քարիւղը կարևոր դեր խաղցաւ …։
***Անդրադառնալով Ղարաբաղի հայութեան դիմադրութեան, Քրիստըֆեր Ուոքըր կը գրէ.
«Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը Ղարաբաղի մէջ բացայատ կերպով մուսավաթական Ազրպէյճանին հետ դաշնակցիլն էր, որ կը համապատասխանէր Կիլիկիոյ մէջ Ֆրանսայի Քեմալական Թուրքիոյ հանդէպ որդեգրած ժամնակակից քաղաքականութեան։ Երկու պարագային ալ՝ «դաշնակիցները» կ’օժանդակէին, որպէսզի հայերը արտաքսուին տարածշրջանէն։ Այս ծրագիրը յաջողեցաւ Կիլիկիոյ մէջ, բայց ոչ Ղարաբաղի, ուր հակառակ որևէ արտագին օգնութեան չգոյութեան, բնակչութիւնը դիմադրեց և ձախողութեան մատնեց զինք արտաքսելու բոլոր փորձերը»։(“Armenia and Karabagh” C.J. Walker).
*********
Ղարաբաղի Հարցը և Թուրքիան
Էրտողանի Թուրքիան կարևոր դեր խաղաց սեպտեմբեր 2020-ին Ղարաբաղի դէմ Ազերպէյճանի սկսած պատերազմին մէջ։ Գաղնիք մը չէ որ Թուքիոյ ծրագիրը միշտ ալ եղած է և կը մնայ՝ Կովկասի մէջ յառաջացնել քաղաքական անկայուն վիճակ մը, որ կարևոր է Համաթուրքական Կայսրութիւն մը հիմնելու իր երազը իրագործելու համար։ Ղարաբաղի դէմ Ազերպէյճանի և Թուրքիոյ տարած յաղթանակին հետևանքով, ստեղծուած է նպաստաւոր պայման, թրքական ազդեցութեան ծիրը ընդլայնելու համար նաև Կեդրոնական Ասիա և կարգ մը պալքանեան և ռուսական իշխանութեան ենթակայ երկիրներ ։
Նշենք նաև որ Ազերպէյճանի հետ ղարաբաղեան պատերազմին Թուրքիոյ մասնակցութեան գլխաւոր նպատակն էր Կովկասի մէջ մնայուն զճրաւոր կորզ մը հիմնելն էր։ Էրտողանի համար կարևոր էր նաև որ Ազերպէյճան պարտաւորուած ըլլայ միշտ ապաւինիլ Թուրքիոյ զինւորական ուժին։
Ինչպէս դիտել տուինք արդէն, Անգարայի յաջորդ թիրախներէն մէկը կրնայ Ռուսիոոյ իշխանութեան ենթակայ երկիր մը ըլլալ։ Բոլորին ծանօթ է թէ ինչպէս անցեալին, Էրտողանի «Արդարութիւն և Զարգացում» կուսակցութեան անդամները յայտարարութիններ ըրած են, ըստ որում Խրիմը կը պատկանի Թուրքիոյ։ Հիմա նոյնը կը կրկնէ նաև Էրտողան։
Ռուսիոյ խորհրդարանի անդամ, Ալեքսանդր Շերինի համաձայն, երբ Թուրքիոյ ապօրինի և կամայական արարքները կը մնան անպատիժ, Էրտողան կը կարծէ որ ինք նախագահն է աշխարհի ամենէն հզօր և ամնէն անպարտելի պետութեան, որ կրնայ գրաւել անցեալին կորսնցուցած բոլոր երկիրները և վերականգնել անգամ մը ևս Օսմանեան հզօր կայսրութիւնը։ Այդ նպատակով Թուրքիա կ’ուզէ զինուորական զօրաւոր կայան մը հաստատել Ազերպէյճանի մէջ , նպատակ ունենալով՝
- Չէզոքացնել Հայաստանի մէջ հաստատուած Ռուսական զինւորական կայանը,
- Ռազմական իր ազդեցութիւնը տարածել Կեդրոնական Ասիոյ մէջ։
Եթէ Էրտողանի կայսերապաշտական վտանգաւոր ձգտումները հակակշռի տակ չառնուին, մարդկութիւնը ականատես կրնայ ըլլալ նոր հակամարտութիւններու և պատերազմներու, որոնք կրնան նոյնիսկ պատճառ դառնալ Գ. Աշխարհամատի, աննախընթաց ողբերգական հետևանքներ ունենալով մարդկութեան համար։
ՆԱԹՕ քաջ գիտնալով հանդերձ որ իր անդամներէն Թուրքիան՝ կ’օգտագործէր կազմակերպութեան մասնագիտական և ռազմավարական դիւրութիւնները Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին, ան «համր, խուլ ու կոյր» ձևացուց ինքզինք։
Ինչո՞ւ։
Հարցումին պատասխան գտնելը կը ձգեմ ընթերցողին։
Ինչ կը վրաբերի Թուրքիոյ անբարտաւան նախագահին, կրնանք առանց վարանումի ըսել. եթէ Հիթլեր «20 -րդ դարու ամենէն վտանգաւոր մարդը» տիտղոսին արժանացած է, Էրտողան անտարակուս առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ 21-րդ դարուն նոյն տիտղոսին համար մրցող թեկնածուներուն մէջ։
Կ’ուզեմ յօդուածս աւարտել մէջբերելով Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմէտ Տաւուտօղլուի վերջերս հաւաքոյթի մը մէջ արտասանած հետևեալ խօսքերը.
«Մարդկութեան համար մեծագոյն վտանգը «Քորոնա» ժահրը չէ, այլ՝ ԷՐՏՈՂԱՆԸ։»
Ասատուր Կիւզելեան
Լոնտոն, Նոյեմբեր 2020