Մելիք Յովսէփի Փախուստը Գանձակէն
Եւ Հրամանատար` Վրացական Բանակին
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Վրաստանէն Էմին նամակագրական կապ հաստատեց Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսին, Երեւանի մեծամեծներուն ու Արցախի մելիքներուն հետ, եւ փորձեց շօշափել անոնց տրամադրութիւնները եւ ազատագրական շարժման աջակցելու պատրաստակամութիւնը:
Մուշի Սուրբ Կարապետի վանքի վանահայր Յովնան եպիսկոպոս, լսելով Յովսէփ Էմինի մասին, յատուկ բանագնաց ուղարկեց Թիֆլիս, հաւաստիացնելով, որ թրքահայերը կրնան ապստամբութիւն բարձրացնել յատկապէս Տարօնի եւ Սասունի մէջ:
Յովսէփ Էմին Մուշ ուղարկեց երեսուն հոգինոց իր կամաւորական թիկնապահ ջոկատը եւ զայն Յովնան եպիսկոպոսի տրամադրութեան տակ դրաւ:
Յովնան եպիսկոպոս 1764-ի սկիզբը մանրամասն նամակ-զեկուցաբեր ուղարկեց Էմինի, հաւաստիացնելով, որ արդէն քառասուն հազար մարտիկներ հաւաքագրուած են ապստամբութեան համար եւ առանձին վայրերու մէջ գաղտնարաններ ստեղծուած են, ուր պահեստաւորուած են զէնք, զինամթերք եւ հանդերձանք:
Յովսէփ Էմին փորձեց համոզել Հերակլ Բ.ը, որ զբաղի Հայաստանի ազատագրութեան հարցով, եւ խորհուրդ տուաւ վրացական բանակը Երեւանի վրայով ուղարկել Պայազիտ, այնուհետեւ` Բասեն, Վան, Կարին, Պիթլիս եւ Սասուն, եւ միանալու ապստամբական ջոկատներուն: Էմին շեշտեց, որ հայերը Հերակլը կ՛ընդունին իբրեւ իրենց թագաւորը:
Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոս անշուշտ կ՛երազէր Հայաստանի ազատագրութեան մասին, բայց կը գտնէր, որ ատիկա հնարաւոր է միայն Ռուսաստանի օգնութեամբ, իսկ անպատասխանատու, արկածախնդրական քայլերը կրնան կործանել ժողովուրդը: Հայոց հայրապետը Հերակլի առաջարկեց ամէն կապ խզել Յովնան եպիսկոպոսին հետ, իսկ Էմինը վտարել Վրաստանէն:
Հերակլ Բ. չէր կրնար հաշուի չառնել ամենայն հայոց կաթողիկոսին կարծիքը եւ 1764-ի յուլիսին Էմինը վտարեց Վրաստանէն:
***
Սիմէոն Ա. Երեւանցի ամենայն հայոց կաթողիկոսին բոլոր ջանքերը` համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ լուծելու Գանձասարի կաթողիկոսական տագնապը, ապարդիւն անցած էին:
Հայոց կաթողիկոսը կ՛առաջադրէր, Գանձակի մէջ օծուած Իսրայէլը եւ Գանձասարի մէջ օծուած Յովհաննէսը Էջմիածին կանչելով անոնցմէ մէկը ընտրել իբրեւ Աղուանից կաթողիկոս:
Յովհաննէս ընդառաջած էր, եւ ներկայանալով իր հնազանդութիւնը յայտնեց Մայր աթոռին: Բայց Իսրայէլ, բոլոր միջնորդութիւնները անտեսելով, յամառեցաւ մնալ Գանձակ եւ չներկայանալ Էջմիածին:
Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոս տակաւին յոյս ունէր, որ Իսրայէլ կը համոզուի եւ կը ներկայանայ Էջմիածին:
Հայոց հայրապետը փորձեց համոզել Էջմիածին գտնուող Յովհաննէսը, որ եթէ Իսրայէլ կաթողիկոս դառնայ, չըմբոստանայ անոր դէմ: Կաթողիկոսը Յովհաննէսին առաջարկեց իր մօտ ծառայութեան անցնիլ:
Իսրայէլի յամառութիւնը եւ անզիջող կեցուածքը շարժեց Սիմէոն Երեւանցիի զայրոյթը եւ իր դէմ տրամադրեց նոյնիսկ իր կողմնակիցներէն շատեր:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ արցախցիք եւ Իպրահիմ Խալիլ խան Սիմէոն կաթողիկոսին առաջարկեցին, որ ինք որոշէ, թէ ով պիտի ըլլայ կաթողիկոս, բայց այն պայմանով, որ երկուքէն ով որ ընդունուի, անպատճառ Գանձասար նստի:
Սիմէոն Երեւանցի վերջին փորձ մըն ալ ըրաւ համոզելու Իսրայէլը: Հայոց ընդհանրական հայրապետի կամքին ընդառաջելով Յովհաննէս համաձայնեցաւ հրաժարելու եւ ծառայելու Իսրայէլի, եթէ ան համաձայնէր Գանձասար տեղափոխուելու:
Հայոց կաթողիկոսը վրաց Հերակլ Բ. թագաւորէն խնդրած էր ճնշում գործադրել Շահվերտի խանին վրայ, իսկ Թիֆլիսի հայոց առաջնորդ Զաքարիա եպիսկոպոսէն խնդրած էր որ իր կարգին բարեխօսէ: Իբրեւ վերջին փորձ Սիմէոն Ա. Զաքարիա եպիսկոպոսը Գանձակ ուղարկեց, որպէսզի համոզէ Իսրայէլը Էջմիածին ներկայանալու:
Այս անգամ Գանձակի իշխանութիւնները թուղթ ուղարկեցին Էջմիածին, յայտարարելով որ Աղուանից աթոռը նախամեծար է Էջմիածնի աթոռէն եւ ինչ ալ ըլլայ Սիմէոն Ա.ի վճիռը, կաթողիկոս կը ճանչցուի միայն Իսրայէլը:
Համախոհութեան հասնելու բոլոր ճամբաները փակուած էին այլեւս: Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոս եպիսկոպոսական ժողով գումարելով աթոռէն զրկեց Իսրայէլը, կամ ինչպէս ինք կ՛ըսէ` լուծաք ի կարգէն:
***
Սիմէոն Ա. Երեւանցի հայրապետի տնօրինութեամբ, 25 դեկտեմբեր 1765-ին, Դաւիթ մարգարէի եւ Յակոբ առաքեալի տօնին օրը, Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ պատարագեց Յովհաննէս: Յընթացս սուրբ պատարագի Սիմէոն Ա. շուրջառ առնելով Յովհաննէսի վրայ կարդաց Աւետարանի այն գլուխը, ուր ըսուած է` մարդ մը երկու որդի ունէր, որոնց վերջինը կատարեց հօր կամքը: Ապա հայոց հայրապետը Յովհաննէսը սուրբ միւռոնով օծեց իբրեւ Աղուանից կաթողիկոս:
Յովհաննէս կաթողիկոս դեկտեմբեր 28-ին Էջմիածինէն ճամբայ ելաւ, շտապելով Սուրբ Ծննդեան տօնը Գանձասարի մէջ անցընելու:
***
Ամենայն հայոց կաթողիկոսին բարձր տնօրինութիւնը եւ կամքը արհամարհելով, Իսրայէլ Գանձակի մէջ շարունակեց գործել իբրեւ Աղուանից կաթողիկոս: Ան Շահվերտի խանը համոզեց, որպէսզի Հերակլ Բ. արքայէն խնդրէ բարեխօսելու Էջմիածնի կաթողիկոսին մօտ:
Իսրայէլ միաժամանակ նամակ գրեց Հերակլի, ուր կը նշէր որ իբրեւ թէ Արցախի ժողովուրդը հաւանութիւն տուած է ոչ թէ Յովհաննէսի, այլ իրեն:
Երբ վրաց թագաւորը այս մասին հաղորդեց Սիմէոն Երեւանցիի, հայոց կաթողիկոսը հանգամանալից պատասխանեց Հերակլի, ծանօթացնելով խնդրին իսկութիւնը:
Սիմէոն Երեւանցի Հերակլ Բ.էն խնդրեց միջամուխ չըլլալ հայոց եկեղեցական հարցերուն: Նոյն բովանդակութեամբ նամակ մըն ալ վեհափառը գրեց վրաց Անտոն Ա. կաթողիկոս-պատրիարքին:
Ի վերջոյ Սիմէոն Երեւանցի բանադրեց Իսրայէլը եւ ամէն կողմ շրջաբերականներ ուղարկեց, որ չընդունին զայն իբրեւ հոգեւորական:
Սակայն Իսրայէլ, այս անգամ անձնապէս Թիֆլիս մեկնելով կրկին փորձեց համոզել Հերակլը, որ միջնորդէ զինք կաթողիկոս օծելու: Բայց Հերակլ, յարգելով ամենայն հայոց կաթողիկոսին կամքը, չընդառաջեց եւ ճանչցաւ Յովհաննէսը իբրեւ Աղուանից կաթողիկոս:
Իսրայէլ ձեռնունայն Թիֆլիսէն Գանձակ վերադարձաւ:
***
Երեւանի Հիւսէյն Ալի խան յարձակած էր Ղազախ գաւառին վրայ եւ ծանր վնասներ հասցուցած Ուտիքի արեւմտեան շրջաններու բնակիչներուն:
Հերակլ Բ. հակադարձեց եւ վրացական բանակը յաղթական արշաւով հասաւ Էջմիածնի մօտակայ Սամաղար (ներկայիս` Գեղակերտ) գիւղը:
Հիւսէյն Ալի խան, նեղ կացութեան մատնուած, Սիմէոն կաթողիկոսի միջնորդութիւնը հայցեց: Հերակլ Բ., ի պատիւ հայոց հայրապետին յայտարարեց` երեւանցիք թող Էջմիածնի նուէր ըլլան:
Սիմէոն Երեւանցի այնուհետեւ Հիւսէյն Ալի խանի աները` Սիւլէյման Քիւրտ բէկը եւ Հերակլ Բ.ը իրարու հետ հաշտեցուց:
Ժամանակ մը ետք, օսմանցիներու Իմերեթիա ներխուժումի պայմաններուն տակ, հայոց կաթողիկոսը Բարգեւանդի Զաքարիա վարդապետին միջոցով միջնորդ եղաւ կողմերուն միջեւ եւ իր բարձր հեղինակութիւնը ի գործ դնելով հաշտեցուց կողմերը:
***
Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան, հեռատես քաղաքականութեամբ մը, յաջողած էր արցախցիներուն վստահութիւնը շահիլ եւ ներկայանալ իբրեւ Գանձասարի աթոռի նախանձախնդիր եւ հայ եկեղեցւոյ իրաւունքներու ու սրբութիւններու պաշտպան:
Իպրահիմ Խալիլ խան մնայուն կերպով կապի մէջ էր Գանձակ գտնուող Գիւլիստանի մելիք Յովսէփի եւ Ջրաբերդի մելիք Հաթամի հետ եւ կրկին ու կրկին անցեալը մոռնալու, հաշտ ապրելու ու հայրենիք վերադառնալու պատգամներ կը փոխանցէր անոնց:
Մելիք Յովսէփ իր կարգին պայման դրաւ, որ Շուշիի խանը յարգէ հայոց մելիքական հին ժառանգական իրաւունքները եւ ինքնիշխանութիւնը: Իպրահիմ Խալիլ խան ընդառաջեց եւ համամտութիւն յայտնեց:
Գանձակի Շահվերտի խան անցեալին բարեմիտ ու հայասէր մարդու վարկ կը վայելէր: Բայց կաթողիկոսական ընտրութեան հարցով Իսրայէլը պաշտպանելով ու Էջմիածնի հեղինակութիւնը արհամարհելով, ինչպէս նաեւ մելիքները իր ձեռքին մէջ պահելով, իր վարկը կորսնցուցած էր:
Շահվերտի խան երբ տեղեկացաւ որ մելիք Յովսէփ կը պատրաստուի Գիւլիստան վերադառնալու, հսկողութիւն հաստատելով անոր վրայ, արգելք հանդիսացաւ:
Շահվերտի խան ամէն խորամանկութեան դիմելով փորձեց մելիք Հաթամի հետ հին բարեկամութիւնը պահել եւ զայն հակադրել մելիք Յովսէփի:
Գանձակի խանը մտադրած էր երկու մելիքները իրարու հակադրելով նախ մելիք Յովսէփը մէջտեղէն վերցնել:
Մելիք Յովսէփ զգաց իրեն սպառնացող վտանգը եւ իր տունն ու ընտանիքը եւ ժողովուրդը ձգելով փախուստ տուաւ Գանձակէն:
Գանձակէն ճամբայ ելլելով մելիք Յովսէփ մտադրած էր Թիֆլիս երթալ եւ Հերակլ Բ. թագաւորին մօտ ասպնջականութիւն գտնել: Բայց, Ղազախի կողմերէն անցած ժամանակ ան Շամշադին ցեղախումբին հանդիպեցաւ եւ անոնց մօտ պատսպարուեցաւ:
Շամշադինները (կամ Շամսէտտին. արաբերէն շամս` արեւ, տին` կրօն) Սեֆեաններու ժամանակ թրքական այլ ցեղերու հետ Մարաշի կողմերէն Շիրազ եւ հոնկէ ալ Տաւուշի կողմերը տեղափոխուած էին: Շամշադիններու ցեղապետները Տաւուշի կառավարիչները եղած են եւ շրջանը իրենց անունով կոչուած է Շամշադին:
Շամշադինները, Վրաստանի թագաւորութեան եւ Գանձակի խանութեան սահմաններուն վրայ կեդրոնացած, Շահվերտի խանին դէմ ապստամբական վիճակի մէջ կը գտնուէին: Անոնք մելիք Յովսէփը իրենց հովանաւորութեան տակ առին:
Շամշադիններ 1766-ին յարձակման անցան Գանձակի ուղղութեամբ: Նոյն ժամանակ Շամախիի Հիւսէյն խանը քալեց Գանձակի խանութեան վրայ:
Շահվերտի խանին ուժերը, երկու սուրի միջեւ մնալով, ծանր պարտութիւն կրեցին:
Շահվերտի խան, նեղ կացութեան մատնուած, հաշտութիւն խնդրեց:
Հերակլ Բ. թագաւոր, Գանձակի խանութիւնը տկարացնելու դիտաւորութեամբ, իր բանակը մելիք Յովսէփի հրամանատարութեան տակ ճակատ ուղարկեց: Նոյն օրերուն Շամշադին ցեղախումբը հպատակութիւն յայտնեց Հերակլի:
Իպրահիմ Խալիլ խան, առիթը յարմար նկատելով, իր զօրքերով միացաւ մելիք Յովսէփի գլխաւորած վրացական բանակին: Գանձակի խանութիւնը բոլոր կողմերէն պաշարուեցաւ: