ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը լուսաբանեց Արցախի Հանրապետութիւն մուտք գործելու նոր կարգը:
Ըստ նախարարութեան՝ անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնած, օտար քաղաքացիները պէտք է նախապէս դիմում ներկայացնեն` Արցախ օտար քաղաքացիներու մուտքի թոյլտուութիւն ստանալու համար: Այս ընթացակարգը կը կիրարկուի թէ՛ այն երկիրներու քաղաքացիներուն, որոնց հետ կը գործէ անցագիրի դրութիւնը եւ թէ առանց անցագիրի դրութեամբ երկիրներու քաղաքացիներուն:
Դիմումներուն վերաբերող տեղեկատուութիւնը կը փոխանցուի նաեւ ռուս խաղաղապահ ուժերուն` նկատի ունենալով անվտանգութեան նկատառումները:
Դիմումներու հաստատումէն ետք, դիմող օտար քաղաքացիները անցագիրերը պիտի ստանան Երեւանի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութենէն։
Մուտքի թոյլտուութիւնը պիտի տրուի 3-4 աշխատանքային օրերու ընթացքին: Բնականաբար, երբեմն գործընթացը կրնայ աւելի երկար տեւել, այդ մասին տեղեակ պիտի պահուի օտար պետութեան քաղաքացին:
«Մեխանիզմը ներդրման փուլում է գտնւում: Անցած մի քանի օրերի ընթացքում այս կարգի համաձայն մի շարք օտարերկրեայ լրատուամիջոցների եւ միջազգային կազմակերպութիւնների ներկայացուցիչներ մուտք են գործել Արցախի Հանրապետութիւն», կ՛ըսուի մեկնաբանութեան մէջ: