Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ողջունեց Ռուսիոյ նախագահին կողմէ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններու անկախութիւնը ճանչնալու որոշումը:
Ռուսիոյ նախագահին որոշումը ողջունեց նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան։ Ան շնորհաւորեց Տոնպաս շրջանի նշեալ երկու հանրապետութիւններուն ժողովուրդները։