Արցախի բարգաւաճման առաքելութեամբ գործունէութիւն ծաւալող կազմակերպութիւններու մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ ԱՌԻ ընկերութիւնը: Անոր հեռատես ղեկավարութիւնը, բծախնդիր անդամները, թափանցիկ գործունէութիւնը եւ ամենակարեւորը՝ արդիւնաւէտ աշխատանքը վարակիչ օրինակ կրնան ծառայել Հայաստանի եւ Արցախի բարգաւաճման համար ճամբայ ելած բոլոր կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն:
Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց ընկերութեան առաքելութիւնն է զարգացնել Արցախի հանրապետութեան Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններուն մէջ գիւղատնտեսութիւնը եւ բնակարանաշինութիւնը:
Ի՞նչ է Արցախ Ռուց Ինվեսթմընցի (ԱՌԻ) յաջողութեան գաղտնիքը՝ որ փոխշահաւէտ պայմաններ կը ստեղծէ միաժամանակ ներդրողին եւ վարկերէն օգտուող արցախցիներուն՝ անսակարկ նուիրում, ծրագրաւորում եւ հաւաքական աշխատանք:
Ակնարկ մը բաւարար է համոզուելու ԱՌԻ -ի հայրենաշէն աշխատանքին: Ինը տարիներ առաջ համեմատաբար համեստ պայմաններու տակ ստեղծուած բարեսիրական այս միաւորը այսօր արդարօրէն կը հպարտանայ իր բազմապատկուած բարերարներով, ներդրողներով եւ անդամներով: Միանգամայն յստակ են անոր ծրագիրները եւ թափանցիկ:
Երկուշաբթի, 12 Մարտ 2018, երեկոյեան ժամը 7-ին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի Ասպետներու սրահին մէջ, ի ներկայութիւն Արցախի հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեանի, Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի, ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամներուն եւ բարեկամներուն տեղի ունեցաւ ԱՌԻ-ի բաժնետէրերու 8-րդ տարեկան ընդհանուր ժողովը:
ԱՌԻ-ի հոգաբարձութեան անդամ Վաչէ Մելքոնեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան դիտել տուաւ, որ շնորհիւ բաժնետէրերու ներդրումներուն եւ ամրապնդուող վստահութեան, կ’արդիւնաւորուի ԱՌԻ -ի աշխատանքը եւ տնտեսական աճ կ’ապահովուի Արցախի մէջ:
ԱՌԻ-ի հոգաբարձութեան անդամ Գրիգոր Տաքեսեան ընդգծեց, սովետա-ազերիական ժամանակաշրջանին տնտեսապէս լքուած Արցախը այսօր արդէն իսկ կայուն եւ արագ զարգացող պետութիւն է: Արցախին մատուցուող օժանդակութիւններուն մէջ, 2009 թուականէն սկսեալ, Արցախ Ինվեսթմընց Ռուց զանազան ծրագիրներով կը սատարէ Արցախի տնտեսական զարգացման: Գրիգոր Տաքէսեան դիտել տուաւ, որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը որեւէ ձեւով չէր խանգարած Արցախի պետութեան ստանձնած պարտաւորութիւնները: Այս գնահատելի իրողութիւնը ԱՌԻ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները մղեց մեկնելու Արցախ եւ պետութեան հետ քննարկելու նոր ծրագիրներ.«Այդ հանդիպումներուն ընթացքին, Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բագօ Սահակեան բարձր գնահատեց ԱՌԻ-ի հայրենանուէր գործունէութիւնը, ակնկալելով ապագային շարունակել այդ գործակցութիւնը».ըսաւ Գրիգոր Տաքէսեան, աւելցնելով, որ ԱՌԻ-ի հոգաբարձութեան խորհուրդի անդամներ այցելած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, իսկ ներկայիս կարգ մը անդամներ գործուղուած են Աւստրալիա, որոնց նաեւ պիտի միանայ Արցախի հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանը:« Երեսուն տարի առաջ երբ սկսաւ Արցախեան Շարժումը, ան երազ էր եւ հաւատք: Այսօր՝ ազատ եւ անկախ Արցախը իրականութիւն է՝ ի գին բազում զոհողութիւններու: Յառաջիկայ տարի՝ 2019-ին, ԱՌԻ-ի տասնամեակն է: Մեր թափանցիկ եւ յստակ փորձը մեզի կը դարձնէ աւելի ինքնավստահ եւ իրարմով գօտեպնդուած: Մեր ձայնը միացնելով պարոն Արա Յարութիւնեանին կ’ըսենք՝ մեր հետագայ ծրագիրները նոյնպէս յաւակնոտ են: Մտադիր չենք բաւարարուելու ցարդ եղած ձեռքբերումներով : Շատ աւելի բարձր նշաձող դրած ենք մեր առջեւ».եզրակացուց Գրիգոր Տագէսեան:
ԱՌԻ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Վահան Գասարճեան ներկայացուց 2017 տարեշրջանի ընկերութեան աշխատանքը: Իր տուեալները աւելի հնչեղ դարձնելու նպատակով, Վահան Գասարճեան տեսաերիզի վրայ նախ ծանօթացուց Քաշաթաղը եւ Շահումեանը, անոնց աշխարհագրական դիրքը: Քաշաթաղի շրջանը իր մէջ կ’ընդգրկէ նախկին Լաչինի, Ղուբաթլուի, Զանգելանի շրջանները եւ Ջեբրայիլի շրջանի մէկ մասը: Սոյն տարածութիւնը արցախեան ինքնապաշտպանութեան ուժերու վերահսկողութեան տակ անցած է 1992-1993 թուականներուն: Քաշաթաղի շրջանը ունի աւելի քան 50 համայնք: Անոր վարչական կեդրոնը Բերձոր քաղաքն է, որուն մէջէն կ’անցնի 1990-ական թուականներուն կառուցուած Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին:
Վահան Գասարճեան յայտնեց, թէ 2009-էն մինչեւ օրս շուրջ եօթ միլիոն տոլար գնահատուող ԱՌԻ-ի ներդրումները լոկ տնտեսական ծրագիրներ չեն ծածկեր, այլեւ կը լուծեն ազգային հարցեր: Այս առիթով, ան նշեց, թէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին, Քաշաթաղի եւ Շահումեանի վերաբնակեցուած շրջաններէն հազար երիտասարդ մեկնած է ճակատ, յանուն՝ հայրենիքի պաշտպանութեան:
Արագ ակնարկ մը կատարելով, Վահան Գասարճեան յայտնեց, թէ 2009 թուականին, 16 անդամ հաշուող Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց ընկերութիւնը այսօր կը հաշուէ 198 անդամ: Այս միջոցին կարելի եղած է 36 առ հարիւրի աճ գոյացնել Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններուն մէջ:
Իր խօսքին մէջ, Վահան Գասարճեան ներկաները հրաւիրեց յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 21 Մարտին, Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բագօ Սահակեանի ներայութեան, Միացեալ Ազգային Վարժարանին մէջ նախատեսուած հանդիսութեան, ուր պիտի յայտարարուի ԱՌԻ-ի տնտեսական նոր նախաձեռնութիւնը:
ԱՌԻ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Սիւզի Սեմերճեան համապարփակ ներկայացուց ընկերութեան նիւթական տեղեկագիրը եւ ընդհանուր հաշուեկշիռը: Յատկանշական է, որ ԱՌԻ-ն իր գործունէութիւնը սկսած է 300 հազար տոլար գումարով, այսօր անոր դրամական շրջանառութիւնը կը հաշուէ 6, 7 միլիոն տոլար: Այս գումարին 4.900.000 տոլարը՝ գիւղատնտեսութեան հիմնադրամին(Ակրոֆոնտ) ծրագիրներուն մէջ, իսկ 1.800.000 տոլարը՝ ներդրումային հիմնադրամի գիւղաշինութեան ծրագիրի մէջ: Ան յայտնեց, թէ անցնող ութ տարիներուն ընթացքին ԱՌԻ ընկերութիւնը 1.151.300 տոլար արժողութեամբ տոկոս բաժնած է բաժնետէրերուն:
Իր սրտի խօսքը փոխանցեց Արցախի հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեանը: Ան գոհունակութիւն յայտնեց ԱՌԻ-ի կատարած աշխատանքներէն, որոնք կ’ընդգրկեն միլիոնաւոր տոլարի ներդրումներ: Վարչապետը ուրախութիւն յայտնեց, որ տարի առ տարի կ’աւելնայ շահառուներու եւ բաժնետէրերու թիւը: Այս երեւոյթը կը վկայէ ծրագիրի արդիւնաւէտութիւնը եւ վստահելիութեան մակարդակը: Ան համոզում յայտնեց, որ ժամանակի ընթացքին աւելի շօշափելի ձեռքբերումներ կ’արձանագրուին, թեւակոխելով զարգաման նոր հանգրուան: Ան մաղթեց,որ աւելնան բաժնէտերերուն քանակը, ինչպէս նաեւ հայ իրականութեան մէջ աւելի տարածել եւ բացատրել ԱՌԻ-ի նուաճումները:
Արցախի պետական նախարարը յայտնեց, թէ « Հողը Նրանն է, ով այնտեղ ապրում է» կարգախօսի տակ, Աղաւնոյ գետի ափին Առիաւանը կառուցած ԱՌԻ-ն ամբողջացուցած է 150 բնակարան հաշուող գիւղի առաջին մասը: 50 ընտանիք ստացած է նորակառոյց 50 բնակարան: Այժմ սկսած է բնակարաններու շինարարութեան երկրորդ մասը:
Արա Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՌԻ-ի բաժնետէրերուն, նուիրատուներուն եւ բարեկամներուն:
Արցախ Ռուց Ինվեսթմընցի հոգաբարձուներու խորհուրդը որոշած էր բնակարանաշինութեան երկրորդ մասը սկսիլ հինգ բնակարաններու պայմանագիրով: Ընդհանուր ժողովի ընթացքին այս թիւը բարձրացաւ քսանի, նկատի ունենալով շինարարական աշխատանքներուն մասնակցելու Արցախի կառավարութեան փափաքը:
Այս ուրախ առիթով, Արցախի պետական նախարար Արա Յարութիւնեան, ԱՌԻ-ի նախագահ Սուրէն Սարգիսեան եւ Արցախ Ֆոնտի ատենապետ Մելքոն Յակոբեան ստորագրեցին Առիաւանի մէջ քսան բնակարաններ կառուցելու համաձայնագիրը:
Երեկոն աւարտեցաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ:
Յիրաւի, թափանցիկ, օրինակելի եւ տիպար աշխատանք: