IDeA հիմնադրամէն կը տեղեկացնեն, թէ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը պիտի աջակցի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կեանքի կոչել իր նոր նախագիծը եւ առաջին անգամ Աւրորա Մարտիկանեանի «Յօշոտուած Հայաստան» (“Ravished Armenia”) գիրքը վերահրատարակել ծանօթագրութիւններով: Հայերէն եւ անգլերէն այս եզակի հրատարակութիւնը պիտի ըլլայ Թանգարան-հիմնարկի կարեւորագոյն ծրագրերէն մէկուն՝ «Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու յուշագրութիւններու մատենաշար»-ի խորհրդանշական սկիզբը:
“«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը տարիներէ ի վեր սերտօրէն կը համագործակցի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ եւ ուրախ է աջակցելու յատկապէս այս ծրագրին, քանի որ մեր նախաձեռնութիւնը ներշնչուած է Աւրորա Մարտիկանեանի պատմութեամբ եւ կը կրէ անոր անունը։ Դեռ երախայ ժամանակ ան անցած է Հայոց ցեղասպանութեան սարսափներու ընդմէջէն եւ ոչ միայն ողջ մնացած է, այլեւ բազմիցս վերապրած է այդ ողբերգութիւնը՝ իր պատմութիւնը աշխարհին ներկայացնելով բեմէն եւ ֆիլմով, այդպէսով հանրութիւնը աւելի տեղեկացնելով Ցեղասպանութեան մասին։ Այս տարի «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը նշէ իր հնգամեակը, եւ այս վերահրատարակութիւնը ճիշդ պահուն պիտի հասնի ընդգծելու համար, թէ որքան կարեւոր է լոյս սփռել մարդկային ոգիի տոկունութեան վրայ”,– ըսած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան նախագահ Թոմ Քաթինա:
«Յօշոտուած Հայաստան» գիրքը պիտի վերահրատարակուի անգլերէն եւ հայերէն՝ 20 էջ ծանօթագրութիւններով: Անգլերէնը լոյս պիտի տեսնէ 2.000 օրինակով, իսկ հայերէնը՝ 1.000: