Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
***«1701 բանաձեւը պարտադրէ Լիբանանի վրայ» :
—Պարտադրել բային խնդիրը վրայ յետադրութիւնը չի պահանջեր:
Ան կը գոհանայ տրական հոլովով. այսինքն՝
«1701 բանաձեւը պարտադրէ Լիբանանին»:
Մեր տնօրէններն ալ պարտին պարտադրել իրենց աշխատակիցներուն (առանց «վրայ»-ի), որ տարրական հայերէն սորվին:
Հարցում.– Պիտի գա՞յ այդ օրը…
***«Թուրքիան Ռուսիայէն մէկ միլիառ տոլարի զէնք պատուիրած է»:
—Պատուիրել բայը տրական հոլով խնդիր կը պահանջէ եւ ո՛չ բացառական:
Բացառական հոլով կը պահանջէ ապսպրե՛լ-ը:
Միւս կողմէ՝ լաւ կ’ըլլայ, որ Թուրքիան չգրենք:
Եթէ պատուիրողը խմբագրատան անմիջական կամ քովնտի թաղերէն մէկը ըլլար, կարելի էր յօդով կիրարկել. օրինակ՝ «Նոր Մարաշը պատուիրեց…»:
Ուրեմն՝
ա) Թուրքիա Ռուսիոյ մէկ միլիառ տոլարի զէնք պատուիրած է:
բ) Թուրքիա Ռուսիայէն մէկ միլիառ տոլարի զէնք ապսպրած է:
***«Շատ վտանգաւոր է վրացական բնակչութեան համար…»:
—Վրացական բնակչութիւն չ’ըսուիր, լեզուն չ’ընդունիր նման բան:
Չ’ըսուիր նաեւ՝ հայկական բնակչութիւն, ռուսական, ֆրանսական բնակչութիւն:
Ինչպէս կ’ըսուի՝ հայկական երշիկ, ռուսական վոտքա, ֆրանսական պանիր…
Իսկ բնակչութեան համր պէտք է ըսել՝ վրացի բնակչութիւն, նաեւ՝ հայ բնակչութիւն, ռուս բնակչութիւն, ֆրանսացի բնակչութիւն:
***Ան կրնայ թիրախ հարուածել թէ՛մօտ, թէ՛ հեռու հեռաւորութեան վրայ…»:
—Եթէ պսակաձեւ ժահրի մեկուսացումի մռայլ տաղտուկն ու ձանձրոյթը փարատելու համար հնարուած է այս բառախաղը՝ հեռու հեռաւորութիւն, կարելի է բաւական սրամիտ ու յաջող նկատել զայն:
Պայմանաւ որ, երբ այս ինքնամեկուսացումի օրերը անցնին, սրբագրուի ան եւ ըսուի. «Ան կրնայ հարուածել թէ՛ մօտիկ, թէ՛ հեռաւոր թիրախներ»:
***«Աբբահայրը թելադրեց, որ եկեղեցիները պէտք է պատրաստ ըլլան ընդունելու հաւատացեալները»:
—«Թելադրել» եւ «պէտք է» չեն կրնար գոյակցիլ, համատեղուիլ նոյն ծիրէն ներս, որքան ալ աբբահայրը ցանկայ այդպիսի բան մը:
Թելադրել-ը կ’ենթադրէ մտերմական յորդոր մը, իղձ մը, ցանկութիւն մը:
Պէտք է-ն կ’ենթադրէ պարտադրանք մը, հարկադրանք մը, ստիպողութիւն մը:
Ինչպէս կը նկատենք, ասոնք բոլորովին ներհակ, իրարամերժ, անհամատեղելի հասկացութիւններ են (ուշադութի՛ւն. տգիտաբար հասկացողութիւն չըսէ՛ք):
Հետեւաբար, ասոնցմէ մէկը պէտք է…չքանայ:
Եւ որովհետեւ աբբահայր մը ենթադրուած է հայրական ջերմիկ ու սիրալիր զգացումներով տոգորուած ըլլալ, եւ միւս կողմէ՝ բացառուած չէ, որ այդ աբբահայրը անուշադրութեամբ շարադրած ըլլայ այսպիսի անհեթեթ նախադասութիւն մը,– ուստի պատշաճ է, որ վերցուի «պէտք է»-ն:
Ուրեմն՝ «Աբբահայրը թելադրեց, որ եկեղեցիները պատրաստ ըլլան ընդունելու հաւատացեալները»:
Ահա՛ աբբահօր, – բայց նաեւ հայ լրագիրի,– վայել թելադրանք մը, որ պիտի հաճոյ թուի եռամեծար վարդապետին, իմա՝ Մեսրոպ Մաշտոցին եւս:
Եղիցի՛, եղիցի՛:
***Շնորհակալութիւն Իրան,– ըսաւ Թրամփ:
—Իրան կոչական է, ուրեմն՝ «Շնորհակալութի՛ւն, Իրա՛ն»:
Այս Թրամփ ըսուածը վաւերական ապուշ մըն է:
Իր տեղը մսագործի մը խանութն էր, բայց ահա բազմած է շքեղ գրասենեակի մը մէջ…Կը մնայ իւրաքանչիւր ըսածին ու գրածին ուշադիր ըլլալ:
***«Որոշ մտահոգութիւններ կ’առթեն երկրի վարիչներուն մօտ…»:
—Որոշ մտահոգութիւններ կը պատճառեն երկրի վարիչներուն…
Ծանօթ.– Խելք ունեցող ընթերցողներուն ՄՕՏ ալ մտահոգութիւններ սկսած են …ԱՌԹՈՒԻԼ, թէ արեւմտահայերէնը ո՛ւր պիտի հասնի…այս ոտքերով:
***«Մեզ մասերու կը բզքտեն»:
1.—Բզքտել բայը նման խնդիր չ’առներ:
Հայերէն չէ այս, չինարէն ալ չէ…
ա) Մեզ կը բզքտեն…
բ) Մեզ մասերու կը բաժնեն (կը վերածեն)…մեզ կը մասնատեն…
2.—Բզքտել ՝ ք-ով այլեւս ժամանակավրէպ է:
Բառս վաղուց կայունացած է կ-ով՝ բզկտել:
Մաղթանք.– Ջերմապէս մաղթելի է, որ վաղը, առաջին առիթով էջեր չողողուին…բզքտել-ով՝ «Մենք հայերէնը քեզմէ՞ մը պիտի սորվինք»-ի արժանապատիւ հոգեբանութեամբ:
***Մարք Վուտզ կը նշէ…
—Վուտզ բառը հայերէն կարդալու միայն մէ՛կ ձեւ կայ՝ Վու-տըզ:
Ուրիշ արտասանութիւն չի կրնար ունենալ հայուն բերանը:
Իսկ աւետարանական ծանօթ քարոզիչին անունը՝ Marc Woods, տարբեր արտասանութիւն ունի. ան Մարք Վուծ է, թող ըլլայ՝ Վուց, սակայն երբեբ ու երբեք՝ Վուտըզ: չէ:
***«Յիշեցնելով այդ իշխանութեան անունը, զոր նշուած է…Ամովսի մէջ»:
—«Յիշուած է» կրաւորական բայը ուղղական հոլով ենթակայ մը կ’ուզէ՝ ՈՐ, իսկ հոս կը գտնենք ԶՈՐ, որ գրաբարեան հայցական է՝ ուղիղ խնդիրի հոլովը:
Ծանօթ.– Լեզուական այս համատարած խաժամուժին մէջ, ուր աշխարհաբարն իսկ կարելի չ’ըլլար կարգին գրել, ճիշդ պիտի չըլլա՞ր հեռու կենալ գրաբարէն, փոխանակ այսպիսի այլանդակ կառոյցներով աղաւաղելու ընթերցողներուն՝ առանց ատոր ալ արդէն բազմաչարչար ուղեղը:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան