Քորոնա ժահրին աճող թիւերը պատճառ կրնան դառնալ անորոշ ժամկէտով յետաձգելու Ափրիկեան երկիրներու բաժակի մրցումները: Բրիտանական մամուլին համաձայն, Ափրիկէի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը լրջօրէն մտահոգուած է ցամաքամասին մէջ քորոնա ժահրին ցուցանիշերէն: Բացի այդ, այս մտահոգիչ կացութեան մէջ մեծ թիւով ակումբներ կը խուսափին Ափրիկէ ղրկել իրենց ֆութպոլիստները:
Ափրիկեան Երկիրներու բաժակը սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ 9 յունուարէն 22 փետրուար 2022-ին, Գամերունի մէջ: