Յակոբ Չոլաքեան
Ինչ խելքին փչեր էր, Աստուած գիտէ, մեր կարմրակատար աքաղաղը անժամանակ կանչելու սկսաւ:
-Կուկուլիկուկո՜ւ:
Պատասխան չկար, որովհետեւ աքլորականչի ո՛չ առաջին, ո՛չ երկրորդ, ոչ ալ երրորդ պահն էր: Գիւղի աքլորները չէին պատասխաներ:
Իսկ մեր աքաղաղը յամառօրէն մը կանչէր ու կը կանչէր:
Անտառին մէջ թառ գտած երամները զարմացան ու զայրացան: Գիւղի աքլորները անհանգստացան, թփռտացին թառերուն վրայ, գռուըռացին՝ թէ «Հերիք է կանչես, ատենը չէ, անտեղի անժամանակ՝ աշխարհը ոտքի կը հանես…»:
Իզուր, մեր աքաղաքը կը կանչէր ու կ՛ուզէր, որ բոլոր թեւաւորները ձայնակցին իրեն, արթննան, կոկորդ պատռեն…
Երկրորդ գիշերն ալ նոյնը ըրաւ, կանչեց հա կանչեց. անտառի մէջ թառ գտած բոլոր թեւաւորները ձգեր հեռացեր էին այդ կողմերէն՝ անտեղի անժամանակ կանչերէն ազատելու համար:
Երրորդ գիշերն ալ մեր աքաղաքը նոյնը ըրաւ: Ա՛լ կանչը տեղ շիներ էր, կը կանչէր ու կը կանչէր. գիւղի աքլորները այլեւս վարժուեր էին այս մուղամին, «Որքան կ՛ուզէ՝ թող կանչէ» կ՛ըսէին՝ աչքերնին կիսախուփ ըրած…
Բայց աքլորատէրը արդէն բարկացած էր, «լաւ» ըսեր էր առջի գիշեր, «բաւ» ըսեր էր երէկ գիշեր, հիմա «ցաւ» ըսելու ատենն էր: Մեր աքաղաղէն զատ աղուոր մատաղցու ուրկէ՛ ճառեր:
Մինչ կարմրակատարը կը կանչէր:
Առակս ցուցանէ…Չեմ գիտեր: