Վեհանոյշ Թեքեան -«ՏՈՀՄԱԾԱՌ»
(Շար. 2)
Ֆլորիտայի ծովամերձ, ժամանակակից ոճով կառուցուած տան պատշգամին, ճերմակ խսիրէ բազկաթոռին նստած, իսկ օթոմանին վրայ իր ձախ սրունքը երկարած, սպիտակ դեղին դիմագիծով, ժպտուն աչքերով կինը Տիկին Նուարդն է։ Տոլարը տասնըեօթ լիբանանեան արժած շրջանին՝ Գարեգինը ծախու հանած շէնքերուն, հողաշերտերուն – գիւղ կամ արուարձան – պայմանագիրները վերջացուցեր հասեր է հոս, Միացեալ Նահանգներ։ «Տարիքնիս առինք«, – ըսեր է կնոջ, – ամերիկացիներուն պէս մենք ալ հիմա զիրար պիտի վայելենք»։
Տղաները՝ բացի ամենամեծէն, ամուսնացեր են։ Հիմա այլեւս մեծհայր մեծմայր են, վկայ՝ Նուարդին մածունի պէս ճերմակ սահուն մազերը։ Գարեգինը աներդիք ինքնաշարժ մը գներ է, կաթնագոյն կամ ճերմակ անթերի գիծով տափատներ հագած, երբեմն առանձին, երբեմն Նուարդը քովը նստեցուցած՝ կը քշէ։ Արդէն եղած մէկ օրէն ընկերութիւնը սիրող մարդ չէր։ Դիզած դրամը հիմա վերածեր է անհոգ օրերու։ Կինը շատոնց սորված է չհետաքրքրուիլ ամուսինին կատարած ներդրումներով. հին եւ ծանօթ պահարաններ կուգան ամէն ամիս Մերիլ Լինչէն, Շիրսընէն. ամուսինը կը բանայ կը հեռաձայնէ, իրենց ապագայի մնացեալ օրերը «կ՚ապահովէ»։ Կտակը գրեր վերջացեր է, Նուարդ լուր չունի ի՛նչ է իր բաժինը։ «Տիկի՜ն, – ըսեր է ամուսինը երկար հասակը սլաքի պէս ճօճելով, – ձեր այս կեանքին չափ դեռ երե՜ք անգամ ալ կրնաք ապրիլ»։
Երկու տարիէ Ֆլորիտա Նուարդին քոյրն ալ կ՚ապրի, ան ալ իր երկրորդ ամուսինին հետ Թեքսասի անապատները ձգեր հասեր է այստեղ, ճիշտ այն ատեն երբ Թեքսաս ինքզինքին հոգ տարաւ, քարիւղ եւ սուղ անուշահոտ բուրեց. բացուեցաւ վաթսունէն ետք յանկարծ գեղեցկացող մարդու պէս։ Աս նահանգը իր միլիոնաւոր տարեց քաղաքացիներով, ծերանոցներով, ճաշարաններով եւ գունագեղ ծաղիկներով դիմաւորեր է իրենց թառամող յիսունը։ Երկու քենեկալ հող կը գնեն, հող կը ծախեն։ Ժամանակը ոչ ինքզինքին խնայեր է, ոչ Գարեգինին. յիսունը եղեր է յիսունեօթը։
Քենեկալը, կինը դուրսը լողացեր արեւու լոգանք առեր մեկներ են։ Գարեգին մտեր է ներս, գլուխը կախեր է սա նկարին դիմաց։ Պէյրութէն հետը բերեր է այս նկարը ուր մարդու մը հարիւր տարիները գծուած են, ամէն տասնամեակ մէկ աստիճանի վրայ, յիսունը գագաթն է։ «Աստեղ թագաւոր է մարդը, կը տեսնէ՞ք», կը բացատրէր տղոց երբ փոքր էին։ Բերեր կախեր է նստասենեակին կաշիէ նորոյթ բազկաթոռին վրայ. «Էյ տիկի՜ն, աս աստիճաններէն մէկ մէկ մեր գերեզմանը կ՚իջնենք կոր. անկէց անդին փոս չէ, անյայտութիւն է. ուր սկսանք՝ ո՜ւր պիտի վերջացնենք»։
Տղեկ մը կը ցատկռտէ առաջին աստիճանին վրայ, երկրորդ աստիճանին՝ քովը նուրբ եւ անուշիկ ժպիտով կինը կայ. երրորդին զաւակ մը կայ, (մնացեալ զաւակներուն տեղ չկայ սա մէկ մատնաչափ աստիճանին վրայ). քառասունին՝ մարդը մտահոգ է, յիսունին՝ հարցերը լուծեր է բայց գծուած կնճիռներ կան ճակատին. վաթսունին մէկ աստիճան իջեր է. եօթանասունին ծռեր է, ճակտին ակօսներուն մէջ տարիներ պահպանուած են. ութսունին գաւազանին յենած է. իննիսունին՝ ա՛լ նայուելիք չէ։ Բոլորակը աւարտեր է, խաղցեր է տրամը – կամաց-կամաց մագլցեր, կամաց-կամաց սահեր է։
«Կարծես թէ ուր բարձրացանք, վազվզեցինք հա վազվզեցինք։ Յակոբը հոգը չըրաւ, ժուժկալ մարդ չէր։ Ծօ գնա Ամերիկա, մէյ մը քննուէ։ «Չէ, պապաս մամաս Էրզրումցի են Գարեգին, սիրտս բան մըն ալ չունի»։ Պատերազմ է եղբայր, Ամերիկա կ՚երթաս կոր կրին քարտիդ համար, սա մէյ մը քննուէ՜։ Այդ ծեր Տոքթոր Էզքիշեանին դարմանատունէն զատ ուրիշ բժիշկի չայցելեց, ընտանեկան բժիշկ է՝ անոր հաւատարիմ ըլլալու անգիր օրէնք մը կայ։ Իշտէ հաւատարիմ եղար՝ փլար գետին ինկար։ Երկրորդ գիշերը չանցած՝ հոգին աւանդեց. Սա էն վերի աստիճանին վրան էր, թա՛գա՛ւո՛ր։ Դեռ դանդաղօրէն վար իջնելու իրաւունք ունէր. ինքզինքին զլացաւ, ժուժկալ մարդ չէր խայտառակը. մէկ կին չունէր, վտանգը կը սիրէր, անոր համար ալ սիրտը անխնամ պահեց»։
Սուրբ Յակոբին, կինը՝ Շաքէն, ձեռքը-ոտքը սոթթած՝ քէօֆթէները սարմաները լէհմէճիւնները, քոք-օ- վէնները եւ Հոթէլ Սէն Ժորժի խոհարարին սորվեցուցած ճաշերը ճարտարութեամբ կ՚եփէր, ճաշակով կը շարէր։ 365 օրուան մէջ քանի մը անգամ ազգականներ բարեկամներ հաւաքած՝ շատ սիրազեղ էին. «երանելի տիկինս իմ», «իմ մէկ հատիկ ամուսինս». հէյ երջանիկներ, որո՞ւն կը խաբէք կոր։ Աստուած ամուսինդ գլխուդ վրայ պահէ. ամէն տարի այս օրերուն. զաւակներնուդ խերը տեսնաք, մէկ բարձի վրայ ծերանաք։
«Էրիկմարդ ըսածդ իշտէ ասանկ շուն կ՚ըլլայ, – մտածեր էր Շաքէն քսան տարի առաջ, օր մը խոհանոցին մէջ ապուրը խառնած պահուն, – ամմա ամէն օր հոտուըտալով ետ իր տունը կու գայ»։
Այն օրերուն, գիշերները, բաց եւ գոց սրճագոյն մաղուած նկարէն ծնողքը կը դիտէր, արդուզարդի սեղանին անկիւնը, արծաթերիզ վարդէ զարդերով նկարը։ Ինք մօրը փէշին քովը, մայրը իր նորածին տղան գրկեր է, հայրը կայներ է, ձեռքերը ազատ։ Յետոյ կը զննէր հայրը, ուղղակի անոր աչքերուն մէջ կը նայէր, ապա՝ մօրը դիմագիծը, անոր աչքերուն մէջ պաղ անտարբերութիւն մը կը նշմարէր, չէր հաւատար, նորէն կը նայէր. անգգուանք, առանց բառի, առանց երգի աչքեր կը տեսնէր։ Կը նայէր հօրը կասկածով. «ամէն տարի ի՛նչ կ՚ընէր վեց ամիս մամայէս հեռու»։
Հինէն ի վեր կնոջ մը օժիտին, բախտի մանեակներուն հետ եկած, այլեւս բացուած կարկտնուած գաղտնիք մըն է. «էրիկ մարդը ընէ նէ՝ վնաս չունի, կինը ընէ նէ՝ տունը կը քանդէ»։ Խաչ չէր որ շալկուէր, կեանքի ձեւ մըն էր. անհամ ձեւ մը որ եթէ չկլլես՝ կրնաս թունաւորուիլ։
Հիւանդանոցին մէջ՝ արիւնը թունաւորուած է ըսին։ Ուրկէ՞ թունաւորուեր է Յակոբին արիւնը, Էրզրումի արիւն ունէր, հայրն ալ մայրն ալ Էրզրումցի. Թուրքը հալածեց՝ չթունաւորուեցան, Միջին Արեւելք հասան ընտանիք կազմեցին. Յակոբը ծնաւ քարի պէս ամուր, ծառի պէս մեծցաւ. լաւ ընտրութիւն ըրաւ՝ Շաքէին ընտրեց մայրը։ Տղան ճիւղաւորուեցաւ, գործը ընդարձակեց, Արժանթինէն եկող պարուհիներու հետ թաքաի վարձեց գլխարկը լաւ մը ճակտին իջեցուցած։ Այսօր գործով ա՛ս ճամբորդութիւնը, վաղը գործով ա՛ն ճամբորդութւնը, մինչեւ որ տղաքը սորվեցան որ իրենց վաճառական հօր գլխաւոր զբաղումը ճամբորդել է, իրենց «ապագան ապահովել»։ Շուքի պէս գնաց-եկաւ, Շաքէն արեւի պէս թեւերը բացած՝ մեծցուց տղաքը։ Տեսածը չտեսնելու զարկաւ, ինչեր լսեց բայց ուրախ կին ձեւացուց ինքզինքը. «Էրիկմարդ ըսածդ իշտէ ասանկ շուն կ՚ըլլայ, – մրթմրթաց ինքնիրեն, – լա՛ւ մայր եղիր, պոչը կը հաւաքէ ետ իր տունը կու գայ»։
Արիւնը թունաւորուեր է եղեր. Ծօ՛, աս պատերազմին մէջ մաքուր բա՞ն կը մնայ, իշտէ սիրտ է օր մըն ալ թը՛ք պիտի ընէ կենայ, ժամացոյց չէ որ լարես։ Աս Ամերիկայի մէջ սիրտը ժամացոյցի պէս կը լարեն, գործիք կը դնեն, խոզի սիրտ կը դնեն, միայն թէ աշխատի, ուզէ-չուզէ աշխատի։
Հապա՞ եթէ մարդ ուզէ ղեկը կեցնել։ Հազար տեսակ պարան դրեր են վիզին – աս կինդ է, ասոնք զաւակներդ են դուն լոյս աշխարհ բերիր, պարտաւորութիւններ ունիս։ Հայ եկեղեցին դրամդ կ՚ուզէ, հայ դպրոցը տղադ կ՚ուզէ, հայրենիքը երազդ կ՚ուզէ։ Գիշեր-ցերեկ վազվռտէ, ունեցածդ բաժնէ եւ անդադար պարտական զգա՛։ Փոքրիկ ազգ ենք բայց մեծ ժողովուրդ ենք, թէ՞ ոչ մեծ ազգ ենք բայց փոքր ժողովուրդ ենք, ղարման-ճորման բաներ, ազգ ժողովուրդ հայրենիք, մեծ ենք պզտիկ ենք առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք անմահ ենք ջարդուեր ենք փիւնիկուեր ենք մեծ ենք մե-հե-հե-հե-հեծ ենք։
Օտարին հետ պառկեցար Յակոբ, որովհետեւ հոգիէդ սրտէդ արիւնէդ բան մըն ալ չէր ուզեր։ Դուն ալ արդէն մսխող էիր, Շաքէին խնայասիրութիւնը չըլլար՝ հիմա քուրջի՛ վրայ նստեր էիք։ Զէյթունիէին պառերը քեզի պէս յաճախորդներով կը յագենային. ի՜նչ ախորժակ ունէիր կեանքի, քեզի բան մըն ալ չէր կշտացներ, վայ խայտառակ, լոյսերուն մէջը հանգչիս։
Անիկա կեանքէն իր ուզածը գիտէ՛ր, – անձայն մենախօսութենէ ետք յանկարծ բարձրաձայն խօսեցաւ Գարեգին, – անկումի աստիճանները չսկսած գնաց։
Հիմա կը յիշէ բոլորը, կը յիշէ միւսները որ հոն մնացին, միւսները որոնց յուղարկաւորութեան ներկայ չկրցաւ ըլլալ, ցաւակցական հեռագիրներ ղրկեց. միւսները որոնք կիրքով ճառախօսեցին, միւսները որոնք զէնք ու ակումբ պահպանեցին, միւսները որոնք իրենց աղջիկները արաբներու եւ տաճիկներու հետ ամուսնացուցին, միւսները որ միլիոններ դիզեցին, եւ միւսները որ մոխիրի վրայ նստան։ Մէջերնէն ամենէն եռանդունը Յակոբն էր. իրեն մինակ ձգեց գնաց. իր կամքը չհարցուց, թագաւոր եմ չըսաւ, միայն «ես ո՞ւր եմ» հարցուց հիւանդանոցին մէջ, եւ աս աստիճանէն վերջ այլեւս ինքը չկա՜յ։ Ծանօթները մէկ-մէկ կը կորսուին կոր ոչ թէ փոսին, անյայտութեա՛ն մէջ։ Պէտք է առիթը չփախցնէ յիշեցնէ կնոջը.
– Տիկի՜ն, թագաւորութեան աստիճաններէն ելանք, հիմա անկումի աստիճանները պիտի սկսինք։
– Ադ նկարը ջարդուփշուր ընեմ պիտի, անգին քարի պէս հետդ շալկեցիր եկար, Գիշեր-ցերեկ դիմացը կը կքիս կոր։
– Կը յիշե՞ս Պետիկը քսան եղաւ նէ ինչպէս ուրախացաւ, «պապա, մէկ աստիճան ելայ»։ Ութ տարեկանին հարցուց թէ ո՛ւր է իր տեղը այդ նկարին վրայ, եւ երբոր դեռ առաջին աստիճանը ցոյց տուի, ըսաւ «Ուֆ պապա, ես հէ՜չ անտեղ պիտի չհասնիմ», տես ուր հասեր է հիմա։ Կը յիշե՞ս քանի ընտանիքի նուէր տուած ենք սա նկարը. ասիկա կեանքի խորո՜ւնկ փիլիսոփայութիւն է։
– Աստեղացիներուն փիլիսոփայութիւնը աւելի խորունկ է, եօթանասուն տարեկանին նորէ նոր կ՚ամուսնանան, ութսունին կըրլֆրէնտ կ՚ունենան։
– Կտակիս մէջ հաստատ գրած եմ, եթէ իմ մահանալէս ետքը դուն ուրիշի հետ ամուսնանաս՝ քեզի այլեւս մէկ սենթ չկայ, ատոր վստահ եղիր։
– Բերանդ ալ չի ծռիր կոր ասանկ խօսած ատենդ, ծօ դուն խպնիլ չե՞ս գիտեր։
– Աշխարհ է, ամէն բան կը պատահի, Սուրբ Պետրոսին քովը ե՜ս առաջ կ՚երթամ, դուն առաջ կ՚երթա՜ս…
– Իմ ոտքս սիաթիք է, ես շատ ուշ պիտի երթամ։
Կ՚ելլէ տեղէն Տիկին Նուարդը, ձեռքը կը դնէ ամուսինին ծոծրակին.
– Սուրբ Պետրոսը ինծի ասանկ տուն կու տա՞յ, մէկ հատիկ ես ամմա ասանկ մութ մութ բաներ խօսիլ կը սիրես. Գնա հելէ թոռնիկիդ տարեդարձին քարթ մը գրէ, նուէրին հետը ղրկենք։
Ո՞վ կ՚ըսէ որ տարիները ակնթարթի պէս կ՚անցնին։ Շատ լաւ կը յիշէ Նուարդ որ իրենց մեղրալուսինէն ի վեր քանի հազար գիշեր լուսցուց, քանի մաքրութիւն ընող կին փոխեց, ամուսինը քանի անգամ վաճառատան յարդարանքը փոխեց, քանի նոր դրացի ունեցաւ, քանի հարիւր նամակ գրեց, քանի հազար անգամ մտածածը ըսելիքը զսպեց, ամէն տարի Կաղանդը ինչպէս տօնեցին, քրոջ հարսանիքը, մօր յանկարծակի հիւանդութիւնը, տղոց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, դպրոցը քանի տնօրէն փոխեց, քանի անգամ հոգաբարձական ժողովներ կատարուեցան որ տնօրէնը պաշտօնազրկուի – որովհետեւ իր քարտուղարուհիին սիրահարուած էր ամուսնացած հալով։ Ի՛նչ թատրոն գնաց եւ խնդաց, ո՛ր հանդէսէն յուսախաբ վերադարձաւ, քանի օր պարահանդէսի տոմս գնեց եւ չգացին, ամուսինը պըխմըշ եղած էր պարահանդէսներէն, աղջիկտեսի ուր գացին, տղոց խօսքկապին ինչ գոյն շաքար հրամցուցին, ամուսինին գործի ընկերները (անոնք որ ձմեռը Քոթ տ՚Ազիւր կ՚երթային, իսկ իրենց կիները՝ ամառը, պզտիկները եւ սիրահար մը հաւաքած), իրենց թաղին մէջ միայն քանի սքանտալ փրթաւ, քանի անգամ իր եւ ամուսինին նկարը տպուեցաւ Մանտէյ Մորնինկի մէջ, խաժը իր սիրած գոյնն էր, քանի՛ հատ խաժ հագուստ ունէր, իր հարազատներուն եւ բարեկամուհիներուն հեռաձայնի թիւերըռ անոնց իւրաքանչիւրին պատշգամը, իրենց ննջասենեակի պատշգամէն ծովը եզերող արմաւենիները, գիւղերուն շունչը, քաղաքին քմայքը, ընտանեկան սրբութիւն եւ խռովութիւն կոչուած դէպքերը, քահանաներուն տնօրհնէքը, վկայականաց բաշխման հանդէսները, թաղին ծայրը աքլորի պէս թառած Տիկին Մելինէին բամբասանքները, իր տղոց համար հիւսած քազակները, անոնց սկաուտական բաժակները, քանի անգամ սառնարան փոխեց, քանի անգամ ամուսինին հետ Ճաբոն գնաց, քանի շարք մանեակ գոհարեղէն ունէր, ամուսնութեան իւրաքանչիւր տարեդարձին ինչ նուէր տուին իրարու։
Այդ նուէրներէն զատ ամէն բան բաժներ էին ծախեր էին երկիրը թողուցեր էին, բացի սա նկարէ՛ն։ Հետերնին գացեր էր Փարիզ, Լոս Անճըլըս, հիմա այլեւս իր հանգիստը (հանգի՞ստը) գտեր, լռին խռովքով զիրենք կը դիտէր. ինչպէ՛ս համարձակեր էին անհանգստացնել այս փիլիսոփայութիւնը, խախտել խարիսխը։ Նոր անդրադարձաւ Նուարդ որ ասիկա միայն յիշատակ չէր Գարեգինին համար, գաղթական ցեղի կը պատկանէին, ժառանգական իրեղէններ չկային որոնցմով սերունդները զիրար յիշէին. անոնք զիրար կը յիշէին անշօշափելի, անբացատրելի պատմութիւններով միայն, երբեմն փորձելով մոռնալ այդ պատմութիւններն ալ։ Այդ նկարը իրենց հարսանիքը տեսեր էր, իր զաւակներուն ծնունդը, ընտանիքի մը առօրեային, տօներուն, սուգերուն լուռ ականատեսը։ Վկան՝ որ ի՜նչ կ՚ըսէք, խզում չկայ, շարունակութիւնը հոս է, հոգ չէ թէ շարունակութիւնը անյարիր է սկիզբին։
Միջերկրականը ամփոփուեր փոքրացեր, ճզմուեր՝ այլեւս անխռով պառկեր է առջեւնին դիակի պէս. քսանով տասնըվեց, չորսէն մինչեւ տասը ոտնաչափ աւազան։ Իջիր լողա կազդուրուէ։ Շաքէն մետաղափայլ լողազգեստով ձուկի պէս գացեր եկեր է, ամառ ըլլալուն՝ մազը անանասի գոյն ներկեր է, երէկ Ֆիլատելֆիայէն թռեր հասեր է Նուարդին քով։ Նուարդ նստեր է դեռ՝ ճերմակ խսիրին վրայ ձախ ոտքը երկարած. Շաքէն ճերմակ լողանձեռոցին փաթթւոեր նստեր է, օշարակի գաւաթները պարապ են, Շաքէն իր բարակ զիստին վրայ դրեր է ալպոմը, ուշի ուշով Նուարդին եւ Գարեգինին վերջին ճամբորդութեան նկարները կը դիտէ.
– Քա՛, ասոնք անո՞նք են։