Այդ օրը դեռ չէր անցեր, դեռ Շաբաթ էր։ Տիկին Նուարդ լուացքը փռեր էր, մաս մը հաւաքեր, հայկական ռատիոժամը բացած՝ արդուկը արագ արագ կը պտըտցնէր տղոց շապիկներուն վրայէն. եւ ահա ամուսինը հեռաձայնեց վարի խանութէն որ՝ Տիկին Շաքէն եկեր է, քովդ ելլել կ՚ուզէ կոր։
Նուարդ հասկցաւ եկողին նպատակը։ Շաբաթ օր աս ժամուն ամէն մարդ տուն կ՚ուղղուէր։ Տղաքը ակումբը պասքէթ կը խաղային, կամ ալ սինեմա գացած են, «աս տարիքին հարկաւ գաղտնի բաներ պիտի ընեն» մտածեց. Պզտիկ տղան քովն էր, անոր ալ վարի բակը ղրկեց որ դրացի տղոց հետ խաղայ, եւ ինք առանց փսփսալու խօսի հիւրին հետ։
Ոչ, առաջին պահուն ուրիշ բան մտածեր էր, որոշեր էր ըսել «ես բան մը չե՜մ գիտեր, անիկա ամուսինիս եւ իր քրոջ հարցն է, անոնք հարկաւ ինչ որ ճիշդ է՝ ան կ՚ընեն»։ Բայց երբ դուռը բացաւ, տեսաւ Տիկին Շաքէն դեղին քոսթիւմի մէջ, վարսայարդարէն նոր ելած, ուրախութիւն մը բարձրացաւ իր կայնած գետնէն վեր, գլուխը թեթեւցաւ։ Իր սեռէն մէկն էր, չարամիտ-բարեմիտ՝ իր ըսածները պիտի հասկնար. արդուկին ֆիշը քաշեց, «սուրճը շուտ մը ընեմ բերեմ, նստինք խօսինք» ըսաւ։
Բերաւ, սրճեփէն լեցուց սուրճը զոյգ գաւաթներուն մէջ, յետոյ հեռացաւ նստեցաւ բազկաթոռին վրայ, ճգնելով որ հանդարտ, շատ հանդարտ ցոյց տայ ինքզինք։ Այդ օր դեռ Պապ Իտրիսի ժամացոյցը ժամը վեց չէր զարկած՝ երբ արդէն Տիկին Շաքէն գովեր էր Նուարդի սուրճի գաւաթին զարդը, տղոց աշխատասիրութիւնը, ամուսինին ձեռներեցութիւնը, եւ յետոյ անտարբեր թոնով հարցուցած էր, սուրճի գաւաթը պնակին մէջ զետեղած պահուն.
– Քա՜ա, լսածս ճի՞շդ է։
Ահա այդ պահուն յորդեր էր Նուարդ, առանց դադրելու խօսեր բացատրեր էր ձեռքերով, յիշողութեամբ, մտահոգութեամբ. մեկնաբաներ, շուարեր, հարցերը իրենց յարմար անկիւնները թխմեր էր, բայց ո՛ր կողմ դառնար՝ ամէն կողմէ կը ցցուէր Անայիսին ամուսնութեան բարդ հարցը, ուր սխալ կարծուածը ճիշդ կրնար ըլլալ, ճիշդ կարծուածը՝ սխալ։ Ինքը տեսած անցուցած կին էր, եւ ուրեմն ճիշդ մտադրածին պէս սկսեր էր պատմութիւնը։
«Ադ սուսիկ- փուսիկ կարծած աղջի՜կդ ամբողջ ընտանիքը իրար անցուց։ Գործ տեսանք՝ Անայիսը գիւղը ձգեցինք. խնձորը տանձը սալորը չորցուր, տոպրակներով սոխը եւ փաթաթէսը կարգադրէ Մունիրին քովէն ըսինք. ձմերուան անուշները եփէ շարէ, երկու-երեք շաբաթէն կու գանք քեզի կ՚իջեցնենք Պէյրութ, ըսինք. խա՛լթ կերանք։ Պարոն բանաստեղծն ալ հոն մնացեր է, կարծես թէ դպրոց չունէր աստեղը։ Արդէն ես կը կասկածէի կոր որ գործ-մործ հոգը չէ, ամբողջ սիրածը գլուխը սա՜նկ ետեւ հրել խօսիլ է։ Չե՞ս մը գիտեր, լեփ-լեցուն մարդը որ բարակ ձայն մը կը հանէ հոգեւոր երգեր երգած ատեն։
Զաւալլըն կնիկ չունենալուն՝ գիւղին կնիկները կը հաւաքէ եւ Հինգշաբթի կէսօրէն ետքերը հոգեւոր քարոզչութիւն կու տայ, շաբթուն կիսուն Աստուծոյ մասին կը քարոզէ, կը վախնայ քի մինչեւ Կիրակին հասնի՝ կնիկները Աստուծոյ մասին մոռցած կ՚ըլլան, կամ մեղք գործած կ՚ըլլան։ Ինչ գիտնամ, իրեն ալ զբաղում է իշտէ, ամբողջ ամառը ինչ պիտի ընէ երեք ամիս։
Ամէն Հինգշաբթի հոգեւոր քարոզ կու տայ, բերանը ձմերուկի պէս բացած կը խօսի՜ հա կը խօսի, խեղճ յոգնած շուարած կնիկներուն՝ ա՛ս ըրէք, ան մի ընէք դժոխք պիտի երթաք կ՚ըսէ, գեհենին յատակը պիտի իջնէք կը քարոզէ։ Ալ օր մըն ալ Սառան, որուն ամուսինը վայրենի ամուսին մըն է, ինքն ալ ջղային եղած է վերջերս, Սառան ցատկեր է նստարանէն.
-Պարոն Ամբակում, դուք ամուսնութեան ինչ եղածը ի՛նչ գիտէք որ մեզի քարոզ կու տաք կոր, ըսեր է։
-Ես չէ՛, Աստուած աս խօսքերը կը դնէ բերնիս մէջ, ըսեր է Ամբակումը եւ լայն-լայն ժպտեր է։
Տիկին Սառան կասկածով վերէն վար զններ է մարդուն եւ հազիւ բերանը բացեր է՝ Պարոն Ամբակումը շարունակեր է, – հա, ամէն «քոյրիկները» հետը յոգնակի պիտի խօսին, ինքը անոնց հետ եզակի պիտի խօսի եղեր, Աստուած Սուրբ Գիրքին մէջ անանկ հրահանգած է եղեր , – «աս ինչ անթեթեւ»ի պէս բան մը ըսեր է, սորվեր էի կեցիր յիշեմ… «անհեթե՛թ» հարցում մըն է, ըսեր է , – օրինակով մը բացատրեմ՝ հաւ ալ չեմ բայց հաւէն լաւ գիտեմ հաւկիթին համը։
– Հա՞ա՞, աչքը կկոցեր է Տիկին Սառան, – Պարո՛ն Ամբակում աստեղ հարցը հաւի հաւկիթի հարց չէ։ Աստեղ ուրիշ է, աստեղ էրիկի եւ կինիկի խինդի՛ր կայ, – ըսեր է, երկու ցուցամատերը սապէս դէմ-դէմի փակցուցած. – աստեղը հաւկիթ-մաւկիթ չէ, ոչ ալ սանտալներով հանգիստ-հանգիստ Երուսաղէմին մէջը քալող Յիսուսին 3000 տարի առաջ խօսքերը չէ՜, աստեղ ուրիշ բաներ կան Պարոն, դուք ասոնք չէ՜ք հասկնար, ըսեր է։ Ցաւած վիզին վրայ գլուխը մէկ կողմ տարեր է, սեւ-սեւ աչքերով նայեր է Պարոն Ամբակումին .- Կը ներե՜ս եա Պարոն, չե՜ս հասկնար,- ըսեր կեցեր է։
Միւս կիները շը՛շ-փը՛շ ըրեր են, Պարոն Ամբակումը շատ զգացուեր է. – Քոյրիկ, հիմա աս ընթացքովդ Աստուծոյ տունր պղծեցիր, ըսեր է։
– Աստուծոյ տունը ո՛րն է, Գարեգինին տունին վարի յարկն է ասիկա, – ըսեր է։
– Ուր որ Աստուծոյ խօսքը կ՚ըլլայ՝ հոն Աստուծոյ տունն է, ըսեր է միւսը։
– Պըրէ՜ մարդ, – ըսեր է Սառան, եւ միշտ կը հագուէր ադ սեւ լայն փէշը, թօթուեր քովը եկեր է, – մեզի պէս զաւալլը կնիկները գլուխդ հաւաքելու տեղ՝ ասքան կուրթութուն ունիս նէ՝ գնա խելքը գլուխը հայ աղջիկ մը գտիր, զաւակներ ունեցիր, անոնց կրթէ տա՝ հայ ազգիտ օգուտ մը բեր։ Աս խօսքերը խիրատները, չէօրիւշմուշ չամիչի պէս բա՛ն մըն ալ չեն լեցներ։
Ես կը կարծեմ քի այն օրէն սատանան մտաւ ասոր փորը։ Ալ ծերերը ձգեց, երիտասարդներուն փակաւ։ Կիրակիները իր պաշտամունքէն ետքը՝ «ամուրի մարդ է, Կիրակիները տաք ճաշ մը թող ուտէ» կ՚ըսէինք, վեր՝ մեր տունը կը կանչէինք. կիներուն քովը կը նստէր եւ իր ըսելով՝ Աստուածահաճոյ խօսակցութիւն կ՚ունենար։
Օր մը ան, հէչ չեմ մոռնար, Գաբրիէլեանին աղջիկը եկաւ, ճերմակ աղուոր աղջիկ, հայրը բամպակի պէս մեծցուց երկու աղջիկներն ալ. միւսը թագուհիի պէս կ՚ապրի կոր Տհուր Շուէրի Սէմին փիծծերեաէն վեր կ՚ըլլես՝ ադ վիլլային մէջ, գլխարկով-գոգնոցով սպասուհին կ՚երթայ կուգայ կոր առջեւը. ա՛ս մէկը՝ ծոյլ անպիտան արսըզի մը ձեռքը ինկաւ, համալսարան գացեր է, էնժենեօ՜ր է եղեր, զըխը՛մ, ինը-տինը չի հարցուցած ինչպէ՞ս աղջիկ կուտան, ահա աղջիկն ալ այրեցին, իրենք ալ այրեցան, երեք չոճուխները իրենք կը հոգան կոր։
Մարդը Ֆրանսացի իշխան է կարծես քի, գործը-մործը հոգը չէ։ Ինչ որ է, Կիրակի օրը մեր գիւղէն կ՚անցնէին կոր, «ելլենք Գարեգինենց սուրճ մը առնենք» ըսեր են։ Պարոն Ամբակումը գնաց քովը, ձմերուկի պէս բերանը բացաւ եւ խօսեցաւ, ժպտեցաւ եւ խօսեցաւ, երկու վայրկեանը մէյ մը «Յիսուս քեզ շատ կը սիրէ» ըսաւ։ Կինը աթոռը անդին քաշեց, Ամբակումը բան չհասկցաւ։ Սուրճը խմելնուն պէս ելան գացին։
– Պարոն Ամբակում, – ըսի, – գիտես այս կինը…
Խօսքս չձգեց որ վերջացնեմ.
– Գիտե՜մ, իր ամուսինին կողմէ անարգուած կին է, իմ պարտականութիւնս է զինք բարձր ու վեհ զգացնել տալ, – ըսաւ։
– Ադ պարտաճանաչութեանդ երեսէն հիմա կնիկը ծեծ պիտի ուտէ, – ըսաւ ամուսինս, – մարդը նախանձոտին մէկն է։
– Վնաս չունի, – ըսաւ ուրախ-ուրախ կարճ ցուցամատը շարժելով, – վերը Աստուած կայ, օր մը դատաստանի պիտի կանչէ զայն։
-Մինչեւ կանչէ, խեղճ կնիկը շունչը փչած կ՚ըլլայ , – ա՛լ համբերութիւնս հատաւ։
– Մեր Տէրը պարապ տեղ պատուհաս չի տար, անոր մէջ ալ Աստուած հարկաւ նպատակ մը ունի, – ըսաւ։
Ասա՜նկ, աշխարհէն պեխապար է, հիմա ինկեր է մե՛ր գլխուն։ Յիսունհինգը անց է, ծերութեան ճամբան բռներ է. Քրիստոսին սիրահարած է կ՚ըսէինք, մարդուն աչքը չո՛րս կողմն է եղեր։
Օր մըն ալ Անայիսին հետը ներսը պաստեղ կը շինէինք կոր, Պարոն Ամբակումը շնչառութեան համար քալեր քալեր է կէսօրէն ետքը, յետոյ ալ մեզի ելաւ, ելանք պալքոնը նստեցանք։ Մէյ մըն ալ տեսանք անձրեւ սկսաւ գալ։ «Օրիորդ Անայիս, դուք անձրեւը կը սիրէ՞ք», հարցուց։ «Երբոր յարմար է» ըսաւ փոլիթիքոս տալս։ Պարոն Ամբակումը կեցաւ պալքոնին ադ մէջտեղի սիւնին քով. «Ես անձրեւը շա՜տ կը սիրեմ» ըսաւ, հափ-հաստ ակնոցները շտկեց, ետեւ դարձաւ նայեցաւ տալոջս՝ «ես շշշատ կը սիրեմ անձրեւը»։ Հինգ վայրկեան ետք – թութի օշարակ հրամցուցեր էի – մէյ մըն ալ ի՛նչ ըսէ մեր Անայիսը կը հաւնիս, ինքը որ անձրեւ գար նէ՝ լէկէնի պէս տխուր կ՚ըլլար. «Իրաւունք ունիք, ե՛ս ալ կը սիրեմ անձրեւը»։
Մենք գիւղէն իջանք, տղաքը դպրոց պիտի սկսէին։ Աս երկուքը – Աստուած մեղք չհամարէ – ի՛նչ ըրեր են չեմ գիտեր, Անայիսը խենթի պէս սիրահարեր է ասոր. «Վեց տարի է միտքէս հաներ էի, բայց Աստուած Ամբակումին միջոցով բացաւ առջեւս ամուսնութեան դռները» կ՚ըսէ կոր։ Հիմա տեսնաս նէ՝ մեր աղջիկն ալ աստուածավախ բանաստեղծ մը դարձած է։
Հիմա ասոր մայրութիւնը իմ ուսերուս է։ Թեթեւ հարց չէ, որբ է աղջիկը. ասանկ բաներ ալ եղբօրը հետ խօսիլ չ՚ըլլար։ Կը բացատրեմ կոր որ Ամբակումը աս աշխարհէն չէ՜, քեզի հոգ պիտի չտանի. «Ես խելահաս եմ, կեանքէն ուզածս իր միջոցով պիտի գտնեմ», կ՚ըսէ կոր։ « Կը վիրաւորուիմ, – ըսաւ, – բայց հոգս չէ եթէ չգաք մեր պսակին, ես յաւիտենական երջանկութիւնը գտեր եմ»։
Անանկ ըսաւ նէ՝ շիտակը ա՛լ բերանս չի բացի ,- երեսունվեց տարեկան ես՝ ալ քու գիտնալիքդ է, քու կեանքդ է, ըսի։ Անոր նայիս նէ, աղջիկը կեանքին մէջը օր չի տեսաւ. տունը գործ գո՛րծ գո՛րծ, գետես կեսուրս՝ ասիկա Զատկուայ մաքրութիւն է, ասիկա ձմեռուայ մաքրութիւն է, վերամուտի մաքրութիւն է, ընդունելութեան օր է, ասի հիւսէ, ասի կարէ, գլուխը կախ մնաց աղջկան։
Պիրիտեր չէ՝ ով ըլլայ նէ թող առնէ, ամմա անունիս պէս գիտեմ որ ուրախ պիտի չըլլայ. ադ մարդը հեչ չէ նէ՝ քառասուն տարի Աստուած քարոզեր է։ Քարոզիչ-տէրտէր ալ չէ եղած որ պոլ-պոլ դրամ շահի, դպրոցի մը մէջ քարտուղար մնացեր է. լուսաւորչականները չի հաւնիր, բողոքականները չի հաւնիր, «ամէնքը խոտորած են» կ՚ըսէ։
Մէկ կողմէն ալ կ՚ըսեմ որ – գիշերները քունս փախցուցի – երեսոունըվեց տարեկան է, ինչ օր պիտի տեսնէ նէ՝ աս մարդէն պիտի տեսնէ։ Ամմա ճիկերոտ աղջիկ է, «ես ե՛ս եմ» ըսել կենալ չի գիտեր, պիտի հալի մաշի, թող ասանկ հալի մաշի։ Օլուխ-չոճուխ ալ ըլլայ նէ մէջտեղը – ըլլա՜յ նէ, անոր ալ շատ կասկած ունիմ – խելքը միտքը անոնց կ՚երթայ։
Ամէնքնուս ալ ըլլալիքը նոյնն է. ի՛նչ էի ես, տասնըութ տարեկան թոսունի պէս աղջիկ էի երբոր հարս եղայ, Անայիսն ալ երկու տարի պզտիկ էր, տոնէր հագած էր. «Պզտիկ հարս է , հելէ կեանքը թող վայելէ» չմտածեցին, ետեւ-ետեւի տղաներս ծնայ։ Խօսք խորաթա չկա՞ր, կեսո՜ւր կար մէջտեղը, Անայիսը շատ օգնեց ինծի աղջիկը։ Ամմա էն կարեւորը մէկը ամուսինը բռնե՛լ պիտի գիտնայ։ Անայիսը անանկ չէ, պիտի հալի մաշի։ Աստուած տայ՝ չոճուխ ունենայ ադ մարդէն։ Կաթ կու տաս, շոր կը փոխես, կը տեսնես որ տարիները անցե՜ր են»։
(Շար. 1)
***
Վեհանոյշ Թեքեան
«ՏՈՀՄԱԾԱՌ»