ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու` Ստեփանակերտ այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի հանդիպում Արցախի նախագահին հետ: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան, այսպիսի այցելութիւններու ժամանակ սովորաբար անոնք առիթ կ՛ունենան հանդիպելու նաեւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու` արտաքին գործոց նախարարին, խորհրդարանի ղեկավարին եւ պաշտպանութեան նախարարին հետ: «Պիտի քննարկուին շարք մը հարցեր:
Անդրադարձ պիտի կատարուի ընթացիկ եւ տագնապի լուծման վերաբերող հարցերուն: Քանի որ հիմնական շեշտը կը դրուի սահմանին զինադադարի խախտումներու հետաքննական մեքանիզմներու ներդրման վրայ, որ զինադադարի դրութեան խախտումները ձեւով մը չէզոքանան, բնական է, որ յատուկ ուշադրութիւն պիտի տրուի այդ հարցերուն», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան: Ան նշեց, որ որեւէ նման այցելութիւն Արցախը կարեւոր կը նկատէ: Կ՛ակնկալուի, որ այդ հարցերու քննարկումը նպաստէ տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ շրջանային կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) 8-9 փետրուարին Հայաստան պիտի այցելեն: Եռանախագահները պիտի այցելեն նաեւ Արցախ` հանդիպելու տեղւոյն իշխանութիւններուն հետ: Նախատեսուած է համանախագահներու այցելութիւնը նաեւ Ազրպէյճան: