Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Բագին»-ը` վաթսունամեայ յանձնառութեամբ ու նոր նախաձեռնութեամբ

February 28, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Մշակութային
0
«Բագին»-ը` վաթսունամեայ յանձնառութեամբ ու նոր նախաձեռնութեամբ

Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պաշտօնաթերթ` «Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսը, 2022-ին բոլորեց իր հիմնադրութեան 60-ամեակը:

Սփիւռքի ու Հայաստանի միջեւ գրական կամուրջ հանդիսացած ու աւելի քան վեց տասնամեակ արեւմտահայ դասական ու ժամանակակից գրողները համախմբած «Բագին»-ը, գրական, գրաքննադատական, իմացական ու գեղարուեստական  իր բովանդակութեամբ կը հանդիսանայ նաեւ երիտասարդ մտաւորականութեան եւ նորարար միտքի հարթակ մը:

Անցնող տասնամեակներուն բազում դժուարութիւններ յաղթահարելով «Բագին»-ը հրապարակած է աւելի քան 40.000 էջ գրականութիւն, եւ շարունակելով թիավարել հոսանքն ի վեր` կը շրջանցէ մերօրեայ դժուարութիւնները, տնտեսականէն մինչեւ սերնդափոխութիւն ու աւելի՛ն:

«Բագին» ժամանակին հետ քայլ պահելով կարելի բոլոր միջոցներով հասանելի կը դառնայ իր ընթերցողներուն: Արդ, ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ «Բագին»-ի 60-ամեակին առիթով խմբագրութիւնը յառաջացուցած է «Բագին մատենաշար»-ը, որ կը միտի հարստացնել հայ գրականութեան շտեմարանը,  լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս սփիւռքեան գրական-քննադատական  աշխատութիւնները, որոնցմէ պիտի կարենան օգտուիլ ուսումնասիրող մտաւորականութիւնն ու գրասէր հանրութիւնը:

«Բագին»-ի 60-ամեակին առիթով հիմնադրուած այս մատենաշարը կը սկսինք յիսնամեակի մը վրայ ցրուած`  սփիւռքահայ մտաւորական Յարութիւն Քիւրքճեանի  վաստակէն ընտրուած յօդուածներու համախմբումով մը` «Սփիւռք եւ ինքնացում – (Սփիւռքահայ կացութիւն եւ գրականութիւն – վերլուծումներ)»: Հատորը կը մէկտեղէ հեղինակին բազմաթիւ յօդուածներէն փունջ մը, որոնք կը յղուին որոշ ժամանակահատուածի մը, եւ անոր իւրայատուկ` սփիւռքեան գոյութենական հարցադրումներու խորքի մը, այլին հետ միջ-յարաբերութիւններու ընդելուզումի մը ընդմէջէն սփիւռքը վերածելու մտածումի վայրի մը:

Հատորը հասանելի է Համազգայինի գրախանութներուն եւ «Բագին»-ի գրասենեակին միջոցով:

«ԲԱԳԻՆ»-Ի ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Previous Post

Record Profit Season Is Over For U.S. Shale

Next Post

Տարեդարձ եւ տարիք

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.