Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպին, որուն հետ քննարկեց նոր կառավարութեան աշխատանքները, յատկապէս արտաքին յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ:
Խօսակցութեան նիւթ դարձաւ արտաշխարհին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման խնդիրը, թէ՛ իբրեւ կազմակերպական աշխատանք եւ թէ՛ իբրեւ առաւելագոյն թիւով արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան մասնակցելու խնդիր:
Արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց նաեւ ներկայ փուլին նախարարութեան դիմագրաւած հարցերը, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական նշանակումներու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ Բագրատունի արծարծեց նախարարութեան աշխատակազմին մաս կազմող հայ համայնքին պատկանող դիւանագէտներուն դիրքին եւ փորձառութեան համապատասխան պաշտօնակոչումի պահանջը: