ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի շաբաթ առաւօտ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Երեսփոխան Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան արագ կազմութիւնը` խնայելու համար երկիրն ու ժողովուրդը յաւելեալ տագնապներու ընթացքէն` շեշտելով, որ սահմանադրութեան եւ ազգային համերաշխութեան սկզբունքներուն հիմունքով փրկութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը ժողովրդային պահանջ է եւ անյետաձգելի հրամայական:
Միաժամանակ, երեսփոխան Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատասխանատուները հետապնդել եւ համապատասխան պատիժները սահմանել, հեռու` համայնքային թէ կուսակցական նեղ հաշիւներէ, ի խնդիր արդարութեան հաստատման:
Նախագահ Աուն լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ կառավարութեան կազմութեան խնդիրին շուրջ եւ շեշտեց, որ օրէնքը գերադաս է բոլոր հեղինակութիւններէն եւ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ սահմանադրութեամբ իրեն շնորհուած իրաւասութեանց ծիրին մէջ նաւահանգիստի թէ փտածութեամբ ամբաստանուած օրինազանցները պատասխանատուութեան հրաւիրելու: