Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու խորհրդական Ճէյն Քուլի այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի:
Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին, քննարկումի նիւթ դարձաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը եւ անոր հետ առնչուող շրջանային եւ միջազգային փոփոխութիւնները:
Ամերիկացի դիւանագէտին փոխանցուեցան նաեւ Լիբանանի հայութեան եւ յատկապէս ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական կեցուածքները անկիւնադարձային տարբեր փուլերու` շեշտելով, որ Լիբանանի հայութեան քաղաքական ուղղուածութիւնը միշտ հիմնուած է երկրի միասնականութեան, պետութեան գերիշխանութեան, սահմանադրական կարգերու եւ ազատութիւններու պահպանման ու բացառաբար միայն երկխօսութեան ճամբով տագնապները լուծելու անհրաժեշտութեան վրայ:
Բագրատունի նաեւ ներկայացուց հայ համայնքին դիմաց ցցուող մարտահրաւէրները ներկայ փուլին` շեշտելով, որ Լիբանանի հայութիւնը կը մնայ համայն հայութեան ամրացման կարեւոր կեդրոններէն մէկը: