Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպանը:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի քաղաքական կացութիւնը եւ կառավարութեան կազմութեան հետ առնչուող խնդիրներ: Այս ուղղութեամբ, լսելէ ետք Դանիոյ դեսպանին դիտումները, Բագրատունի ներկայացուց Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքները` շեշտելով կառավարութեան արագ կազմութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ընկերային ու տնտեսական բարեկարգումներու առաջնահերթութիւնը:
Դանիոյ դեսպանը, բաժնելով երեսփոխան Բագրատունիի կեցուածքները, յստակացուց, որ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է մնայ զուտ լիբանանեան օրակարգ, իսկ հաւանական պատժամիջոցներու խնդիրը Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր համաձայնութեան կը կարօտի:
Խօսակցութեան նիւթ դարձան տնտեսական ներկայ վայրէջքին դիմաց դանիական պետութեան օժանդակութեանց խնդիրն ու կարելիութիւնները` առաւելագոյն թիւով ընտանիքներու հասանելի դառնալու համար: