Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու խորհրդական Ճինէյ Քուլի այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Քուլիի կ՛ընկերակցէին դեսպանատան բարձրաստիճան երկու պաշտօնատարներ:
Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձաւ ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայնի այցելութիւնը ծովային սահմաններու ճշդման, Եգիպտոսէն եւ Յորդանանէն բնական կազի եւ ելեկտրականութեան Լիբանան հասցնելու հարցերը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները 15 մայիսին կայացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ Լիբանանի ներկայ քաղաքական, ապահովական, ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակը եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ լիբանանեան զինեալ ուժերուն նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը: