ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի տեսակապի միջոցով հայրենի «Թերթ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ սփիւռքի մէջ կ՛ողջունեն համահայկական օրակարգ ստեղծելու գաղափարը, սակայն ասիկա նոր բան չէ. նախապէս ալ թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ այս հարցը եղած է օրակարգային: Մեր նախորդ թիւերով հրատարակեցինք հարցազրոյցին ամփոփումը, ստորեւ` ամբողջութիւնը:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Բագրատունի, լիբանանահայ համայնքը հայկական սփիւռքի ողնաշարն է: Մօտաւոր հաշուարկներով, այսօր Լիբանանում բնակւում է շուրջ 140 հազար հայ, ի հարկէ թիւը զգալի կրճատուել է: Ի՞նչ վիճակում է այսօր գտնւում Լիբանանի հայկական համայնքը` հաշուի առնելով աշխարհաքաղաքական դրութիւնը Մերձաւոր Արեւելքում:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Բնականաբար լիբանանահայութիւնը կղզիացած վիճակի մէջ չէ, երբեմն դրական, երբեմն բացասական ազդեցութիւններ կ՛ըլլան լիբանանահայութեան վրայ: Սուրիոյ տագնապը իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցաւ սուրիահայութեան վրայ, որոնց մէկ մասը բռնեց արտագաղթի ճամբան. մենք մեծ ճիգ թափեցինք, որ այն սուրիահայերը, որոնք Լիբանան կը գտնուին կամ անպայմանօրէն վերադառնան Սուրիա եւ կա՛մ կեցութեան որոշ ժամանակէ ետք, եթէ պէտք է, որ երկիրը լքէին, անպայման մեկնէին դէպի Հայաստան, դէպի տուն:
Լիբանանահայութիւնը այսօր կ՛ապրի իր սովորական առօրեայով. կը գործեն ազգային, եկեղեցական, բարեսիրական, մարզական, մշակութային կառոյցները: Այսօր ունինք տնտեսական սուր տագնապ, որուն պատճառով ալ բազմաթիւ լիբանանահայեր կը բռնեն հայրենադարձութեան ուղին. ասոր համար մենք միայն ուրախ ենք:
Լիբանանի մէջ հայութեան քաղաքական ներկայութիւնը իր յարաբերական կշիռը ունի թէ՛ պետական շրջանակներուն մէջ եւ թէ՛ առհասարակ քաղաքական այլ կողմերու հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Լիբանանի սահմանադրութեամբ, համայնքները ունին սահմանադրական իրաւուքներ, եւ մենք հետամուտ ենք այդ իրաւունքներու տեւական պաշտպանութեան: Լիբանանահայութիւնը իր քաղաքական ուժերով յատուկ դիրքորոշումներ ունենալու պարտաւորութեան տակ չէ, սակայն իբրեւ Լիբանանի քաղաքացիներ` մենք ունինք պարտականութիւններ, որոնք պէտք է կատարենք այն խոր հաւատքով, որ Լիբանանը պէտք է մնայ միասնական` համայնքներու խաղաղ գոյակցութեամբ, հեռու արտաքին միջամտութիւններէ, պահելով գերիշխանութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը եւ լաւ ապրուած ազատութիւնը, որ մենք վայելած ենք տասնամեակներէ ի վեր:
Հ.- Ասացիք, որ տնտեսական դրութեամբ պայմանաւորուած` լիբանանահայ համայնքը նօսրանում է: Առհասարակ ի՞նչ վտանգներ էք տեսնում այսօր սրա հետ կապուած: Ինչի՞ կը յանգեցնի այն փաստը, որ Հայաստանը Մերձաւոր Արեւելքում քիչ-քիչ կորցնում է հարիւրամեայ իր համայնքը:
Պ.- Տասնամեակներ շարունակ ըսած ենք, որ սփիւռքը կը կառուցենք հայրենիքի համար, եւ օրը պիտի գայ, երբ սփիւռքը պէտք է քանդենք հայրենիքի համար: Այսօր մենք այն իրավիճակին մէջ չենք, որ արհեստականօրէն հայրենադարձութիւն սկսինք: Անհրաժեշտ է, որ սփիւռքի ներկայի վիճակը պահպանուի, զօրանայ հայրենիքի համար, անհերաժեշտ է, որ սփիւռքը հզօր մնայ Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման համար : Մենք այս մեկնակէտէն օգտակար կը տեսնենք, որ փոխանակ արհեստական գաղութներ ստեղծելու, նոր համայնքներ հաստատելու արտասահմանին մէջ, պէտք է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ քաղաքական թէ ազգային կառոյցներու պատասխանատուներու հետ խորհրդակցաբար հունաւորումը կատարենք, որ անպայմանօրէն մեր տարբեր գաղութներէն տնտեսական թէ քաղաքական, ապահովական պատճառներով տեղի ունեցող արտագաղթը ուղղորդենք դէպի Հայաստան: Հակառակ պարագան ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ Արցախի եւ ո՛չ ալ սփիւռքի համար օգտակար է: Կարելի չէ կոտորակել արդէն իսկ պատմական անցեալ ունեցող գաղութները, համայնքները եւ ստեղծել արհեստական համայնքներ, որոնք կ՛ունենան ինքնութեան, գոյութեան, հայապահպանման եւ բնականաբար տնտեսական տագնապներ:
Հ.- Նշեցիք` սփիւռքի ներուժը պէտք է օգտագործել ի շահ Հայաստանի: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ստեփանակերտեան իր ելոյթում խօսեց համահայկական օրակարգ ձեւաւորելու մասին: Իշխանութիւնների գործողութիւնների յաջորդականութիւնն արդեօ՞ք կը բերի նրան, որ իսկապէս ձեւաւորուի համահայկական օրակարգ: Դուք դրա միտումը տեսնո՞ւմ էք:
Պ.- Վարչապետ Փաշինեանի` համահայկական օրակարգ ստեղծելու առաջարկը, ձգտումը ողջունելի է, սակայն համահայկական օրակարգ ստեղծելու այս ձգտումը նոր չէ. անցեալին թէ՛ հայկական քաղաքական կուսակցութիւնները, թէ՛ Հայաստանի պետական այրերը համահայկական օրակարգ ստեղծելու խնդիրը տեւաբար սեղանի վրայ դրած են, ինչպէս, օրինակ, 2015-ի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով հրապարակուած Հռչակագիրն էր. հետեւաբար համահայկական օրակարգը յաւելեալ ուժգնութեամբ պէտք է ներկայանայ այսօր:
Մենք անվերապահօրէն կ՛աջակցինք այս գաղափարին: Սակայն, երբ կ՛ըսենք համահայկական օրակարգ, այդ բառը, ինքնըստինքեան, կը պարտաւորեցնէ, այսինքն անիկա իսկապէս պէտք է ըլլայ համահայկական, Հայաստանի, Արցախի, սփիւռքի բոլոր առնչակից կողմերու, բոլոր քաղաքական ու այլ ուժերու մասնակցութեամբ` նման օրակարգի մը մշակումը, որովհետեւ համահայկական օրակարգի քննարկումը կը պատկանի համայն հայութեան եւ օգտակար է բոլորին համար թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի հզօրացման համար: Այս ծիրին մէջ անպայմանօրէն պէտք է նկատի առնուի Ցեղասպանութեան խնդիրը, Արցախի հարցը, Հայաստանի հզօրացման, անվտանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք անքակտելի կապի հզօրացման խնդիրը:
Հ.- Վարչապետ Փաշինեանը նշեց նաեւ հայկական դրամագլուխը Հայաստան բերելու մասին: Առհասարակ ի՞նչ տրամադրութիւններ կան սփիւռքում նոր իշխանութիւնների նկատմամբ: Սփիւռքը պատրա՞ստ է դրամագլուխը Հայաստան բերելու:
Պ.- Ներդրումային առումով, սփիւռքի մէջ ապրող հայը միշտ պէտք է ազգային իր պարտականութիւնը կատարէ, սակայն Լիբանանի մէջ ասացուածք կայ` «Դրամագլուխը վախկոտ է»: Ներդրողի տեսանկիւնէն, ներդրումները հայրենասիրութեան հետ կապելը ճիշդ չէ: Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները առաւելագոյնը ընեն` Հայաստանը վերածելու ներդրումային միջավայրի, ուր թէ՛ հայը, թէ՛ օտարերկրացին հայու քաջալերանքով ներդրումներ կատարեն ու գիտնան, որ կան անվտանգութեան երաշխիքներ փտածութեան դէմ խորքային պայքար, միջավայրը ապահով է, կը գործեն բոլոր օրէնքները` արգիլելով տարբեր ոլորտներու մէջ դրամատէրերու եւ գործատէրերու համար ոչ օգտակար, երբեմն նաեւ վնասակար գործառոյթները:
Մենք յոյսով ենք, որ հայրենի իշխանութիւնները այդ ուղղութեամբ կրնան ուղղուիլ, եւ վստահ եմ, որ սփիւռքի մէջ քաղաքական ուժեր կան, որոնց կարգին եւ առաջնահերթութեամբ, ես ամենայն հպարտութեամբ կրնամ ըսել, որ Դաշնակցութիւնը թէ՛ սփիւռքի մէջ, թէ՛ Լիբանանի մէջ անհրաժեշտը կը կատարէ հայ եւ ոչ հայ ներդրողները ուղղորդելու դէպի Հայաստան, որովհետեւ, վերջին հաշուով, այդ բոլորէն կ՛օգտուին բոլորը` թէ՛ հայաստանցիները, թէ՛ սփիւռքի մէջ ապրող հայերը:
Հ.- 2018 թուականի յեղափոխութիւնից յետոյ վարչապետ Փաշինեանը հանդիպեց Լիբանանի նախագահի հետ. ի՞նչ արդիւնքներ են գրանցուել այդ հանդիպումից յետոյ, եւ առհասարակ այս իշխանութիւնները ինչպէ՞ս են ընդունւում Լիբանանի կառավարութեան կողմից:
Պ.- Բնականաբար իշխանութեան փոփոխութեան պարագային եւ այն դրական մթնոլորտը, որ ստեղծուեցաւ Հայաստանի մէջ, կ՛անդրադառնայ նաեւ Լիբանանի այրերուն քով, ուր նաեւ մենք հետամուտ ենք, որ այդ մթնոլորտը պահուի, պահպանուի եւ զարգանայ: Թէ՛ հանրապետութեան նախագահը, թէ՛ երկրի վարչապետը , թէ՛ երկրի խորհրդարանի նախագահը բացառիկ դրական տրամադրութեամբ հանդէս կու գան ընդհանրապէս Հայաստանի հետ կապուած որեւէ հարցի` թէ՛ միջպետական յարաբերութիւններու իմաստով, թէ՛ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ միջազգային համաժողովներու ընթացքին, ուր թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Լիբանան ընդհանրապէս փոխհասկացողութեամբ մը, զիրար հետաքրքրող երկուքին համար առաջնահերթ նկատող հարցերու կապակցութեամբ դրական քուէարկութիւն կը կատարեն:
Դժբախտաբար Լիբանանի համար անցնող ամիսներուն ներքին քաղաքական եւ տնտեսական պատճառներով կարելի չեղաւ յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման նոր փուլեր ստեղծել, բայց տեղեակ եմ, որ թէ՛ նախարարներու մակարդակի վրայ, թէ՛ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու պարագային կայ մօտիկ ապագային կամ միջին ապագայի փոխադարձ այցելութիւններու ծրագիր, ուր արդէն սկսուած խօսակցութիւնները պիտի շարունակուին, եւ ամէն պարագայի մեծ անհրաժեշտութիւն կը դրուի Հայաստան-Լիբանան գործակցութեան նախարարական պետական խորհուրդի ժողովներն ու աշխատանքները վերսկսին, որպէսզի կնքուած համաձայնութիւնները աւելի գործնական դրսեւորում ունենան:
Հ.- Վերջին շրջանում հայ-իսրայէլեան շփումներում մեծ թափ է նկատւում. արդեօ՞ք սա Լիբանանում միանշանակ չի ընդունւում եւ արդեօ՞ք հնարաւոր է որոշակի որակական փոփոխութիւն բերի սա հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններում:
Պ.- Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները կը վերաբերին Հայաստանի պետութեան, իսկ մենք իբրեւ Լիբանանի հայութիւն` Հայաստան-Իսրայէլ հարցի գծով կրնանք հետեւեալը ըսել, որ անհրաժեշտ է նկատի ունենալ գրաւեալ հողերու, Պաղեստինի, Երուսաղէմի հայութեան իրավիճակը, ինչպէս նաեւ հաւասարակշռուած ձեւով նման քաղաքականութիւն մը որդեգրուի թէ՛ Միջին Արեւելքի հայութեան, եւ թէ՛ Պաղեստինը գրաւող Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կապակցութեամբ:
Անկախ ասկէ` կ՛ենթադրեմ, որ նման յարաբերութիւնները, որոնք կը պատկանին Հայաստանի իշխանութիւններու որոշումին, յատուկ անդրադարձ չեն ունենար Լիբանանի պետութեան եւ Լիբանանի պետութեան մաս կազմող Լիբանանի հայութեան եւ քաղաքական ներկայացուցիչներու միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ: Լիբանանը ինքնիշխան երկիր է , Հայաստանը ինքնիշխան երկիր է, իւրաքանչիւր երկիր ինք իր որոշումները պիտի տայ: