Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԲԱԶՄԱՃԻՒՂ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՆԻՒԹԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՄԻՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐ

October 5, 2012
in Գաղութահայ Կեանք
0
ԲԱԶՄԱՃԻՒՂ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՆԻՒԹԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՄԻՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐ

 Այսօր, Չորեքշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2012-ին, տեղի ունեցաւ  Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչներու միօրեայ սեմինարը, որուն նիւթն էր «Հայերէնի եւ Հայոց պատմութեան դասաւանդման մէջ բազմաճիւղ աշխատանքին կարեւորութիւնն ու միջոցները»:

Հաւաքին բացումը կատարեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ շեշտեց, թէ յառաջիկայ տարեշրջանը պիտի կրէ «Պահպանենք մեր հայկականութիւնը» կարգախօսը, նկատի առնելով, որ հայութիւնը սփիւռքի մէջ կը կրէ հայոց լեզուի եւ պամութեան, մշակոյթին եւ արժէքներու պահպանման մարտահրաւէրը: Պրն. Տնօրէնը շեշտեց, որ հայ դպրոցի առաքելութեան հիմքը հայագիտական դասանիւթերն են եւ այս շրջագիծին մէջ այս օրակարգով սեմինարը վստահաբար էապէս կը ծառայէ իր նպատակին:

Սեմինարի առաջին դասախօս տիկին Շաղիկ Խիւտավէրտեան ներկայացուց «Բազմաճիւղ աշխատանքին կարեւորութիւնը` հիմնուելով աշակերտներու իւրայատկութիւններուն վրայ» նիւթը: Տիկին Խիւտավէրտեան ըսաւ, որ բոլոր աշակերտները սորվելու ունականութիւն ունին եւ ուսուցիչը պէտք է իւրաքանչիւրին համապատասխան միջոց գործէ իրականացնելու ճշդուած նպատակը:

Ապա պրն. Արամ Գարատաղլեան ամփոփ կերպով զեկուցեց «Ժամանակի դասաւորումը` աշխատանքի յաջողութեան գրաւական» նիւթին շուրջ: Ան յայտնեց, որ ժամանակի կազմակերպուածութիւնը կը բազմապատէ արդիւնքը, կը դասաւորէ գործերը եւ կ՛ապահովէ գործին յաջողութիւնը:

Օրուան երկրորդ դասախօսն էր օրդ. Թալին Օրտօղլեան, որ ներկայացուց «Հայոց լեզուի դասաւանդման բազմաճիւղ աշխատանքի միջոցները» նիւթը: Ան գործնական օրինակներով խօսեցաւ լեզուի ուսուցման եղանականերուն մասին եւ շեշտեց, որ ուսուցիչները պէտք է իւրաքանչիւր դասապահի ընթացքին գործածեն բազմաթիւ միջոցներ, որպէսզի դասանիւթը հասանելի դառնայ բոլորին:

Միօրեայ սեմինարի աւարտին, խօսք առաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հայագիտական դասանիւթերու համակարգող պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսներուն, որոնց ջանքերուն շնորհիւ իրականացաւ այս նախաձեռնութիւնը: Պրն. Տէմիրճեան ըսաւ, որ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասապահերը լոկ լեզու մը կամ պատմութիւն մը ուսուցանելու առիթներ չեն, այլ` հայեցի դաստիարակութեան ու ազգային գիտակցութեան կերտման եւ հայու նկարագիրի կազմաւորման ամուր կռուաններ:

 

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Previous Post

«ԸՆԴՀԱՏՈՒԱԾ ԵՐԳԸ» ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ 10 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ

Next Post

ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ «ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆ» ԹԵՄԱՅՈՎ ՇԱՀԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.