ԵՐԵՒԱՆ.- 11 Նոյեմբերին Ազատութեան հրապարակին վրայ, 17 կուսակցութիւններու խորհուրդին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ բազմամարդ հանրահաւաք մը, որուն ընթացքին արտասանուեցան խօսքեր՝ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող։
Հաւաքէն ժամեր առաջ Հայաստանի ոստիկանութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ նշելով, որ երկրին մէջ տիրող ռազմական դրութեան պատճառով հաւաքները արգիլուած են։ Սակայն, մեծաթիւ անձեր հաւաքուեցան Ազատութեան հրապարակին վրայ, ուր առաջին ժամուան ընթացքին ոստիկանութիւնը փորձեց կասեցնել հաւաքը, ձերբակալեց 129 քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ հասարակական, քաղաքական, կուսակցական գործիչներ, որոնց կարգին՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան պատասխանատուներ։ Ձերբակալուեցն նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան, իսկ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն (ԱԱԾ) հրաւիրուեցան ԱԱԾի նախկին տնօրէն, «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան: Հայաստանի ոստիկանութիւնւ ձերբակալեց նաեւ «Երկիր Մեդիա» պատկերափիւռի կայանի լրատուական ծառայութան ղեկավար Գեղամ Մանուկեանը։
Սակայն հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ, արտասանուեցան խօսքեր կազմակերպող կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ, որոնք դատապարտեցին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն յայտարարութիւնը, զոր ստորագրեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որուն հրաժարականը պահանջեցին ցուցարարները՝ զայն յանցաւոր նկատելով Արցախի հողերը յանձնելուն համար:
Ազատութեան հրապարակէն քայլերթով ցուցարարները ուղղուեցան դէպի կառավարութեան շէնքը, ապա Ազգային ժողով, ուր դարձեալվանկարկեցին՝ «Նիկոլ, դաւաճան»: Անոնք պահանջեցին յառաջիկայ ժամերուն գումարել Ազգայի ժողովի հրատապ նիստ, քննարկել Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնանկութեան հարցը՝ կոչ ուղղելով «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան, որ միանայ իրենց։
Շուրջ 7.5 ժամ տեւած հաւաքէն ետք, 11 Նոյեմբերի երեկոյեան, ՀՅԴի անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց, որ ապահովական նկատառումներով եւ սադրանքները բացառելու հանգամանքէն մեկնած, պէտք է դուրս գալ խորհրդարանի տարածքէն ու մեկնիլ տուն։
Երեկոյեան Յատուկ քննչական ծառայութիւնը յայտարարեց, որ հարուցուած է քրէական գործ՝ օրէնքով սահմանուած կարգի խախտումով հաւաքներ իրականացնելու փաստին առթիւ։