Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Բազմավաստակ Ուսուցիչ, Տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան Պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկէ Մետալով

September 25, 2018
in Newsletter, Գաղութահայ Կեանք
0
Բազմավաստակ Ուսուցիչ, Տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան Պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկէ Մետալով

21 Սեպտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ բազմավաստակ ուսուցիչ, տնօրէն, մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Տիգրան Ճինպաշեանի պարգեւատրումը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան ոսկէ մետալով:

Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ըսաւ. «Այսօր նշանակալից առիթով հաւաքուած ենք, որպէսզի մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք Տիգրան Ճինպաշեանին իր շատ երկարատեւ,  նուիրեալ ու ազգանուէր գործունէութեան համար եւ այդ երախտագիտութիւնը կը յայտնենք շնորհակալութեան տեսքով` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետալի տեսքով: Այն ուղին, որ անցած է Տիգրան Ճինպաշեան իրօք օրինակելի է եւ բոլոր առումներով գնահատելի, որովհետեւ հայ ժողովուրդին մատուցուած ծառայութիւնը յատկապէս կրթական օճախին մէջ, միանշանակ գնահատելի եւ ընդօրինակման արժանի է: Այդ նուիրումը մեր բոլորին համար ոգեւորիչ հանգամանք է եւ նաեւ ուղղորդող: Խորհրդանշական է, որ մետալի յանձնումը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 27-րդ տարեդարձին օրը: Կը կարծեմ, որ այս պատահականութիւնը շատ մեծ խորհուրդ կը պարունակէ, որով կ՛ընդգծուի Տիգրան Ճինպաշեանի առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ մեծութիւնը ո՛չ միայն սփիւռքի հայապահպանութեան գործին մէջ, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան ամրապնդման մեր բոլորի ջանքերուն տեսանկիւնէն»: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց Տիգրան Ճինպաշեանը եւ ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ այս փոքր գնահատանքի համար այն մեծ աշխատանքի վաստակին, որ իրականացուցած էք  ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ձեր օրինակը մեզի պիտի առաջնորդէ մեր գործունէութեան եւ ապագայ ձեռնարկումներուն մէջ»: Այնուհետեւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալը յանձնեց Տիգրան Ճինպաշեանին:

Իր կարգին, Տիգրան Ճինպաշեան շնորհաւորեց բոլոր ներկաները Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 27-ամեակին առիթով եւ ըսաւ. «Իրապէս խորհրդանշական է, որ երկար ձգձգումներէ ետք մետալը տրուի Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման օրը, որովհետեւ իմ անցած կեանքիս ընթացքին Հայաստանը այս կամ այն ձեւով միշտ ներկայութիւն եղած է: Այն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, որ այսօր կը պարգեւատրէ զիս, անիկա մեծ պատիւ եւ մեծ գնահատանք է»:

Previous Post

France refuses to allow last private migrant ship to dock

Next Post

‘No deal’ Brexit means bad news for ferrets, airlines and Scotch

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.