ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 14 Դեկտեմբերին այցելեց Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւն: Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ նախագահը Պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմին ներկայացուց պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար նշանակուած զօրավար Կարէն Աբրահամեանը եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի N 19916 զօրամասի հրամանատարի առաջին տեղակալ, շտապի պետ նշանակուած գնդապետ Ջալալ Յարութիւնեանը:
Նախագահը բարձր գնահատեց Կարէն Աբրահամեանի եւ գնդապետ Ջալալ Յարութիւնեանի մասնագիտական ու մարդկային որակները, անոնց անցեալը, յայտնելով, որ անոնք պատշաճ մակարդակով պիտի իրականացնեն իրենց պարտականութիւնները, եւ մաղթեց յաջողութիւն անոնց:
Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց նախկին պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեանին՝ զինուած ուժերուն մէջ անոր երկարամեայ ծառայութեան համար, ընդգծելով անոր մեծ աւանդը բանակաշինութեան, Պաշտպանութեան բանակի կայացման ու զարգացման գործին մէջ, եւ վստահութիւն յայտնեց, որ նոր պաշտօնին մէջ Լեւոն Մնացականեան պիտի շարունակէ նոյն նուիրուածութեամբ ծառայել հայրենիքին:
Հանդիպումին ներկայ էին հայկական երկու հանրապետութիւններու զինուած ուժերու համագործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման ծրագիրի ծիրին մէջ Արցախ գտնուող Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: