ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 16 Հոկտեմբերին Արցախ այցելեցին ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ‘ Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք եւ տեսակցութիւն ունեցան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ Անոնք քննարկեցին ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման, Արցախի ու Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ տիրող իրավիճակին առնչուող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան վերահաստատեց պաշտօնական Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրին մէջ՝ վերստին շեշտելով բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման եւ հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր փուլերուն Արցախի մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Այս հանդիպումէն ետք «Արցախփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Իկոր Փոփով յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հաւանաբար հանդիպում ունենան Դեկտեմբերին, Պրաթիսլաւիոյ մէջ:
Ան նշեց, որ Ստեփանակերտի մէջ շարունակուած են այն զրոյցները, որոնք ընթացք առած են Երեւանի մէջ։ Ըստ անոր՝ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման արդիւնքներուն։
Համանախագահները ներկայացուցած են իրենց մօտեցումները եւ տեսլականը՝ մարդասիրական օգնութեան այն հարցերուն շուրջ, որոնք քննարկուած են Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահին միջեւ՝ Վիեննայի մէջ կայացած վերջին հանդիպման ժամանակ: Անդրադարձած են մասնաւորաբար՝ լրագրողներու փոխանակման, ինչպէս նաեւ երկկողմանի ազատազրկուածներու խնդիրներուն վերաբերող հարցերու: Փոփովի համաձայն՝ այդ առումով ունին քանի մը մտայղացումներ, որոնց շուրջ աշխատանքները կը շարունակուին: Վերջերս խմբակի եռեակը այցելած է Ժընեւ, ուր հանդիպում ունեցած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) նախագահ Փիթըր Մաուըրին հետ, որուն հետ այս նիւթով զրոյց ծաւալած է։