ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 24 Փետրուարին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններ հաստատելու գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ դեսպան Սերտար Քըլըչի հանդիպումը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ յատուկ ներկայացուցիչները վերահաստատեցին, որ բանակցութիւններու վերջնական նպատակը Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ լիարժէք կարգաւորումն է, ինչպէս պայմանաւորուած էին Մոսկուայի մէջ իրենց առաջին հանդիպման ընթացքին:
Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին այս գծով միացեալ ու յստակ քայլերու ձեռնարկելու վերաբերեալ եւ վերահաստատեցին իրենց համաձայնութիւնը՝ գործընթացը շարունակելու, առանց նախապայմաններու:
Հանդիպումէն ետք նոյնպիսի հաղորդագրութիւն տարածեց նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: