Հինգշաբթի, 1 Մարտին մահացաւ հանրածանօթ բանաստեղծ եւ Նիւ Ինկլընտի բանաստեղծներու ակումբի նախագահ Տայանա Տէր Յովհաննէսեան: Ան ծնած է 21 Մայիս 1934ին, Պոսթըն, խարբերդցի ծնողնէրէ։ Աւարտած է Պոսթընի համալսարանի Ամերիկեան գրականութեան ճիւղը: Հարվըրտ համալսարանի քերթողական արուեստի նշանաւոր բանաստեղծ Ռապըրթ Լօուէլի առաջնոդութեամբ՝ մասնագիտացած է բանաստեղծութեան բնագաւառին մէջ:
Ան 1991ին, Հայաստանի գրողներու միութեան կողմէ արժանացած էր «Յովհաննէս Թումանեան» մրցանակին, հայ բանաստեղծներու գործերուն անգլերէնի թարգմանութեան համար: Ան կազմակերպած է հայ բանաստեղծներու նուիրուած երեկոներ, դասընթացքներ եւ ձայնասփիւռի ու հեռատեսիլի հաղորդումներ: 1978ին, Մարզպետ Մարկոսեանի հետ կազմեց, թարգմանեց եւ անգլերէնով հրատարակեց հայ բազմադարեան քերթողութենէն ընտիր նմոյշներ՝ սկսեալ հեթանոսական շրջանի երգերէն մինչեւ ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան գիրքեր:
Դպրոցական օրերէն սկսեալ, ան բանաստեղծութիւններ գրած է օրաթերթերու եւ հանդէսներու մէջ, ապա աշխատած է իբրեւ խմբագիր եւ երկար տարիներ վարած է բանաստեղծութեան դասընթացքներ Պոսթընի ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:
Տէր Յովհաննէսեան 1994ի գարնան Հայաստան այցելեց՝ նախաձեռնութեամբ ամերիկեան «Ֆուլ-պրայթ» կազմակերպութեան: Ան շարք մը դասախօսութիւններ տուաւ Երեւանի պետական եւ ամերիկեան համալսարաններուն մէջ, ամերիկեան գրականութեան մասին: Տայանայի բանաստեղծութիւններուն հիմնական տարրը կը կազմէ ազգային արմատներու որոնումը: