Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Յիւրսն եկն, եւ իւրքն
զնա ոչ ընկալան:
Երկու տարի առաջ Երեւան էի, եւ պատահեցաւ որ ուշ ատեն դուրս ելլեմ:
Եւ ահա նկատեցի շքեղ հաստատութիւն մը, շքեղ՝ ծաւալով, յարկերու թիւով, ճարտարապետական որակով եւ…լուսաւորութեաամբ, վասնզի լոյսերու մէջ կը պսպղար ան: Միայն Նիւ Եորքը ֆիլմերու մէջ այդքան լուսաւոր տեսած եմ:
Ըստ ամենայնի շլացած էի:
–Այս ի՞նչ է,– հարցուցի երիտասարդ վարորդին:
–Բանկ է է՛լի,– յարեց:
–Այսինքն՝ դրամատուն,– աւելցուցի՝ սրբագրելու պէս:
–Չէ, չէ, տուն չէ, բա՛նկ է,– շեշտեց խօսակիցս:
–Սակայն չէ՞ որ բանկ դրամատուն ըսել է:
–Բա ո՞նց կը լինի,– անսպասելիօրէն գայթակղեցաւ խօսակիցս,– սա ֆինանսական հաստատութիւն է, տուն չի՜՜՜…
Ահա այսպէս սկսաւ բառային այն գողգոթան, ուրկէ ես պէտք է անցնէի՝ բացատրելու համար, որ նախ եւ առաջ հայերէնը «բանկ» անունով բառ մը չունի:
–Սա միջազգային տերմին ա էլի, քո ասածը գաւառական ինչ որ մի անիմանալի պէտք է լինի, որ հասկանալի չի նորմալ հայի համար…
–Իսկ ճիշդ ի՞նչ կը նշանակէ այդ բանկ-ը… գաղափար մը ունի՞ս…
Ա՛լ ժամավաճառութիւն սեպեց պատասխանել, քանի որ երես չունէի այդքան պարզ բան մը հասկնալու, մինչդեռ ես պատրաս էի իրեն բացատրելու…
* * *
Պատմութիւնը կը հասնի այն օրերուն, ուր հռոմէացիները կ’իշխէին Արեւելքի մէջ, ի մասնաւորի Երուսաղէմի, որ սկսած էր միջազգային քաղաք դառնալ:
Եւ այստեղ ալ հրապարակին վրայ, յատկապէս տաճարին մուտքին սկսան երեւիլ մարդիկ, որոնք իրենց ձեռքերուն մէջ կը կրէին զանազան քսակներ, որոնց մէջ կային մետաղեայ այլազան դրամանիշեր, եւ որոնք ուխտաւորներուն հետ դրամ փոխելով կը զբաղէին. ասոնք մեր առաջին լումայափոխներն էին:
Անոնք իրենց հետ ունէին աթոռակ մը, որուն վրայ կը նստէին իրենց ազատ ժամերուն եւ ատով կը զանազանուէին ուրիշ քաղաքացիներէ. այդ աթոռակը լատիներէն կը կոչուէր bancae, որուն իտալերէն համարժէքն է banco, ֆրանսականը՝ banc, որ հետագային դարձաւ banque, անգլերէնը՝ bank, գերմաներէնը՝ bank եւ այսպէս շարունակ. ան ինքզինք պարտադրեց,– ինչպէս կ’ըսէր հայրենաբնակ վարորդս,– աշխարհի գրեթէ բոլոր լեզուներուն, նաեւ… արեւելահայերէնին:
Աթոռը կրողները կը կոչուէին «աթոռաւոր»-ներ:
Իրենց վիճակը քիչ մը աւելի բարելաւելով՝ այդ աթոռաւորները սկսան իրենց հետ բերել փոքրիկ սեղան մըն ալ, որուն վրայ կը ցուցադրէին դրամանիշերը: Եւ այնուհետեւ անոնք սկան կոչուիլ «սեղանաւոր»:
Ասպարէզի զարգացումին զուգահեռ ու համեմատ՝ մեծցան այդ սեղաններն ալ, եւ այլեւս դժուարացաւ զանոնք կրելը՝ ամէն օր տուն տանիլ-բերելը: Հետեւաբար գտնուեցան սեղանաւորներ, որոնք վարձեցին կամ կառուցեցին սենեակ մը կամ խանութ մը, ուր կը պահ կը դնէին իրենց առարկաները աշխատանքէ ետք:
Ժամանակին հետ փոխուեցաւ ու զարգացաւ սեղանաւորներու տարողութիւնն ալ՝ ընդգրկելով նիւթական զանազան գործառնութիւններ. դրամ փոխանակելու կոքին անոնք սկսան դրամ փոխ տալ, գրաւներ իւրացնել, վարկեր յատկացնել վաճառականներու, կալուածներու առեւտուրով զբաղիլ եւ այլն, այլ խօսքով՝ ճամբայ հարթեցին ապագայ դրամատուներուն:
Եզրաբանութիւն
Լատիներէնի կենդանութեան դարերուն աթոռ եւ աթոռաւոր հասկացութիւնները եւ համապատասխան եզրերը փոփոխութիւն չարձանագրեցին՝ լատիներէնի շիջումին հետեւանքով: Այդ փոփոխութիւնները յառաջացան լատիներէնի անմիջական ժառանգորդը հանդիսացող իտալերէն բարբառին մէջ, ուր banco «աթոռ» եւ bancare «աթոռաւոր» դարձան, առաջինը՝ banca «դրամատուն» եւ երկրորդը՝ bancare banchiere «դրամատան տէր, սեղանաւոր»: Իսկ դրամական փոխանակումի ծիրէն ներս յառաջացան cambio «լումայափոխութիւն» եւ cambista «լումայափոխ»:
Ասոնց համապատասխանող ֆրանսերէն եզրերն են՝ banque «դրամատուն», banquier «սեղանաւոր», change «լումայաթոխութիւն» եւ changeur «լումայափոխ»:
* * *
Ինչպէս որ մեր նախորդ յօդուածով ցոյց տրուած էր, թէ իր իմաստային ընդգրկումով որքան խեղճ էր Pandémie-ն՝ բաղդատած հայերէն համավարակ-ին,– այլ հարց թէ ան համաշխարհային որդեգրում վայելէ մինչեւ իսկ կարգ մը հայ լրագրողներու կողմէ,– այնպէս ալ այստեղ կը տեսնենք նոյնը. համայն արեւմտեան աշխարհը,– եւ ո՛չ միայն,– իւրացուցած է եզրեր, որոնց իմաստային ամբողջ դրամագլուխը պարզապէս աթոռ եւ փոխ(ել) արմատները կամ բառերն են, եւ ուրիշ ոչի՛նչ: Այս արմատներու ածանցական աճպարարային շպարումներով հնարած են հասկացութիւններ, որոնք երկդիմի ըլլալէ ալ չեն դադրիր. banco մինչեւ հիմա ալ թէ՛ աթոռ կը նշանակէ, թէ՛ դրամատուն, cambio, փոխող իմաստի կողքին, սահմանական ներկայի առաջին դէմքի եզակին է cambiare «փոխել» բային:
Եզրաբանական ճիշդ նոյն խեղճութիւնը կը ներկայացնէ ֆրանսերէնը:
Մինչդեռ ձեւի ու իմաստի ամբողջական պայծառութիւն կը տիրէ հայերէնի կերտած եզրերուն մէջ՝ լումայափոխ, դրամատուն, սեղանաւոր, ուր իւրաքանչիւր եզր ճշգրտօրէն կը բացատրէ, կը թելադրէ ինքզինք, իր ներկայացուցած հասկացութիւնը եւ ենթակայ չէ ոչ մէկ երկւութեան ու ոչ մէկ շփոթի:
Եւ ահա այս է որ … կը մերժուի արեւելահայութեան կողմէ:
Որուն համար կայ բանկ-ը եւ բանկիր-ը՝ դրամատունին եւ սեղանաւոր-ին փոխա- րէն: Իսկ լումայափոխ-ն ալ պարզապէս Change ըսուածն է. կեցութեանս տասը օրերուն այս վերջինին տրուած ուրիշ անուն ինքս չտեսայ: