Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Հայերէնը ունի խումբ մը բայեր՝ թիւով երեք՝ գալ, լալ, տալ, որոնք քիչ մը ինքնուրոյն կարգավիճակ ունին մեր բայական համակարգին մէջ, որ կը հաշուէ մօտաւոդրապէս 7.000-7.500 միաւոր:
Մէկ կողմէ միավանկ են ասոնք, միւս կողմէ ընդհանրական կը եղանակիչին փոխարէն՝ կ’առնեն կու եղանակիչը. կու գամ, կու լամ, կու տամ:
Ասոնք կարելի է համարել արտաքին յատկանիշեր:
Կայ աւելի հետաքրքրականը, որ կը բնորոշէ այս բայերը:
Տրամաբանօրէն ասոնց արմատները մէկական բաղաձայն են՝ գ-ալ, լ-ալ, տ-ալ: Այլ կերպ չենք կրնար մեկնաբանել կացութիւնը, քանի ալ բայական վերջաւորութիւն է, տեսակ մը ածանց, որ կը բնորոշէ բայերը: Արդարեւ, բաղդատենք աւելի մատչելի բայերու հետ. դող-ալ, խաղ-ալ, որս-ալ եւ այլն, ուր շատ յստակ կը զանազանուին արմատները, որոնք կը բովանդակեն բային իմաստը եւ անոնց կցուած վերջաւորութիւնը՝ ալ:
Որպէսզի յօդուածս չխճողեմ անտեղի կրկնութիւններով, պիտի կեդրոնանամ այս երեքէն միայն մէկին՝ տալ-ին վրայ, լռելեայն իմանալով, որ միւս երկուքը կը ներկայացնեն մօտաւորապէս նոյն երեւոյթները:
* * *
Հրառեայ Աճառեան տալ բային հնդեւրոպական արմատը կը նկատէ da, dō, d-
Գէորգ Ջահուկեան կը թուէ նոյն երեքը՝ իբրեւ հաւանական արմատներ:
Տալ-ին յունրէն հոմանիշն է δίνο “dίno”, լատիներէնը՝ dare:
Այս երեքին խոնարհական տախտակներուն մէջ միակ կայուն, անփոփոխ մնացող մասը բառասկիզբի տ, δ, d հնչիւններն են:
Օրինակ՝ հայերէնի տամ-տաս-տայ ձեւերուն դիմաց լատիներէնը կը դնէ dō[1]-dās-dat:
Ուրեմն եթէ հայերէնի բայական՝ ոչ-արմատական մասն են՝ ամ, աս, այ, լատիներէնի համապատախան մասն են՝ ō, ās, at. շատ դիւրին է հաստատել այս վերջինը: Սիրել բային լատիներէն արմատն է am. բայը՝ amāre: Սա իր կարգին կու տայ՝ am-ō, am-ās, am-at. ուրեմն՝ նոյն վերջաւորութիւներն են՝ ō, ās, at:
Այսպէս ալ կը հաստատուի որ լատիներէնի տալ բային արմատը նոյն միակի հնչիւնն է՝ d, պարագան նոյնն է յունարէնին, որ իր կարգին միայն բառասկիզբի δ հնչիւնը կայուն կը պահէ:
Ծանօթ.—Պէտք չէ մտահոգուիլ, թէ հայերէնի տ հնչիւնը, որ խուլ է, չի համապատախաներ լատիներէնի d եւ յունարէնի δ հնչիւնին, որ ձայնեղ է. նոյն հեռաւոր մայրէն սերած են ասոնք, հետագային է, որ նման անցումներ տեղի ունեցած են. տեղ մը ձայնեղը խլացած է, ուրիշ տեղ մը խուլը ձայնեղացած է: Նման անցում կը գտնենք դու դերանունին պարագային ալ, որ լատիներէնի մէջ tu է. այլ խօսքով՝ այստեղ պատահած է հակառակը՝ հայերէնի ձայնեղին դիմաց կը գտնենք լատիներէն խուլ մը:
* * *
Մեր բառային համակարգին մէջ տալ բայը կը ներկայանայ տարբեր արմատներով՝ տու եւ տուր. օրինակ՝ պտղատու եւ բնատուր: Սակայն ասոնք կեղծ արմատներ են: Հայերէնը խրտչած է,– եթէ կ’ուզէք,– միահնչիւն արմատէ, եւ առ այդ տ արմատը օժտած է այլ տարրերով՝ տեղ մը ու ձայնաւորով, տեղ մը ուր հնչիւնախումբով՝ երկուքն ալ առնուած են բայիս անցեալ կատարեալի եզակի ձեւերէն՝ (ե)տու եւ (ե)տուր: Անշուշտ բացառուած չէ, որ տո՛ւր հրամայականն ալ դեր մը ունեցած ըլլայ ասոր մէջ:
Տու կը համապատասխանէ գրաբարեան կատարեալի եզակի ա. դէմքին, ուր ան (ե)տու է: Սկիզբի ե ձայնաւորը աւելադրութիւն մըն է, աճական մըն է, որ գրաբարը կ’աւելցնէր միավանկ բայերու սկիզբը, այսպէս՝ բերի-բերեր-(ե)բեր, տեսի-տեսեր-(ե)տես: Ձայնաւորով սկսող բայերու պարագային կը դրուէր է. օրինակ՝ արկի-արկեր-(է)արկ, առի-առեր-(է)առ: Իսկ ու ձանաւորն ալ պարզապէս դիմային վերջաւորութիւն մըն է: Այլ խօսքով՝ անդին կը մնայ մաքուր միաբաղաձայն տ արմատը:
Այս տ մեկուսի բաղաձայնական արմատին գոյութիւնը շատ աւելի կը շեշտուի եզակի երրորդ դէմքին մէջ, ուր ան (ե)տ է՝ (ե)տու-(ե)տուր-(ե)տ: Այսինքն՝ տու, տուր, տ[2]:
Լեզուներու ազգային ինքնուրոյնութիւնը շատ յաճախ կը յենի աննշմարելի, սակայն կայուն, երեւոյթներու վրայ. եւ առ այս շատ խօսուն օրինակ մըն է տալ-ին կատարեալը: Արդարեւ, ինչպէս վերը ըսի, մեր միավանկ բայերու սկիզքը գրաբարը կ’օժտէր աճականով մը՝ ե կամ է: Սակայն այս երեւոյթը համատարած ու պարտադիր չէր. ընտիր գրողները այդ աճականը չէին աւելցներ. օրինակ՝ չէին ըսեր էառ կամ էարկ, այլ կ’ըսէին առ “առաւ” եւ արկ “նետեց” : Ուրեմն, եթէ կ’ուզէք, կար քաշքշուող երկւութիւն մը: Այսուհանդերձ, տալ բայի պարագային չէ պատահած, որ որեւէ գրող ջնջէ անոր ե աճականը կատարեալի միավանկ ձեւերուն վրայէն. միշտ ու միայն ունեցած ենք՝ ետու, ետուր, ետ: Գեղագիտական ուրոյն զգացում մը արգիլած է՝ տու, տուր, տ ձեւերը:
Նոյնին յոգնակիները զերծ են այդ աճականէն, երբ բազմավանկ են՝ տուաք-տուայք, սակայն՝ ետուն:
Ծանօթ.—Ուրեմն միավանկութիւնը խորթ եղած է միայն անցեալ կատարեալի ընկալումին մէջ. մինչդեռ այլուր թոյլատրուած է ան. օրինակ՝ հրամայականի, ուր ան կու տայ տո՛ւր եւ տո՛ւք եւ ապառնիի մէջ, ուր ունինք տաց:
* * *
Աճառեան կը թուէ բազմաթիւ ուրիշ հնդեւրոպական ծագումի լեզուներ, որոնց տալ բայերը նմանապէս սերած են հնդեւրոպական սկզբնաձեւէ: Բոլորին մէջ ալ ներկայ է d բառասկիզբի բաղաձայնը, որ օժտուած է այլազան ուրիշ հնչիւններով: Ասոնք ինծի անծանօթ լեզուներ են, ուստի ոչինչ պիտի ըսեմ անոնց մասին: Հետաքրքիր ընթերցողը կրնայ հաճելի պատմութեան մը պէս կարդալ այդ բոլորը:
Ի՞նչ է կացութիւնը ոչ-հնդեւրոպական լեզուներուն:
Այս եւս առեղծուած մըն է ինծի համար, որեւէ ատեն չեմ հետաքրքրուած նման գիտելիքով մը: Պիտի անդրադառնամ անոնցմէ միայն մէկ հատին՝ եգիպտերէնին:
Ուր բայս...di է, այո՜, կը զարմանաք հաւանաբար:
Ուրեմն հեռաւոր Ռամսէսներուն ու Թութմէսներուն համար di կը նշանակէր տալ:
Եւ այս չէ բոլորը. եգիպտական ձայնաւորները անծանօթ են արդի գիտութեան: Եւ եգիպտերէնի բոլոր բառերը կը ներկայանան իբրեւ մաքուր բաղաձայնական կառոյցներ,– ճիշդ ինչպէս փիւնիկերէնն էր օրին եւ սեմական հետագայ միւս բոլոր լեզուները՝ եբրայերէնը, արամէրէնը, ասորերէնն ու արաբերէնն էին սկզբնական շրջանին,– այս ալ կը նշանակէ, որ di-ի i ձայնաւորը արուեստական յենարան մըն է, որ եգիպտագիտութիւնը աւելցուցած է եգիպտերէն d “տալ” բային վրայ՝ արտասանելի դարձնելու համար զայն: Իսկ թէ ճիշդ ինչպէ՞ս կ’արտասանուէր բառս օրին բուն եգիպտացիին կողմէ,– չենք գիտեր:
Ծանօթ,– Այնպէս ալ r կը նշանակէ արեւ, իսկ եգիպտագէտները երբեմն զայն կ’արտասանեն ու կ’արձանագրեն ré, երբեմն՝ ra:
Ահա երեք լեզուներ՝ հայերէնը, լատիներէնն ու եգիպտերէնը, որոնք ունեցած են տ կամ d հոմանիշ արմատներ, որոնց իսկական արտասանութիւնը առ այժմ կը մնայ առեղծուած մը:
[1] Պէտք չէ զարմանալ, որ հայերէնի տամ-ին դիմաց քոյր լատիներէնը ունի dō. վասնզի ա ձայնաւորը կրնայ դիւրաւ դառնալ օ “ո” եւ հակառակը. oրինակ՝ Համշէնի բարբառին մէջ մեր տանիմ բայը դարձած է դօնիմ “տոնիմ”: Տաս եւ dās արդէն նոյնն են: Իսկ լատինական dat բոլորովին համարժէք է հայերէնի տայ ձեւին, քանի at հայերէն կու տայ այ. օրինակ՝ pater-հայր (at=այ), mater=մայր (at=այ):
[2] Նոյն պատկերը կը պարզէ ածանցաւոր դնել բայը, որուն կատարեալն է՝ (ե)դի, (ե)դեր, (ե)դ: