Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Բառագիտական (9.)

December 28, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Տառադարձութիւն

Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան

Բայական սեռի  այլազանութեան եւ բայիմաստի  ժամանակին հետ փոփոխութեան տեսակէտէ բաւական ուշագրաւ  ու հետաքրքրական  միաւոր մըն է գաղթել բայը, որ  Ե. դարուն արդէն   գործածութիւն ունէր: Յատկանշական  է, որ ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ ընդամէնը մէկ գործածութիւն ունեցած  է: Այլուր՝ այնուհետեւ  եւ մինչեւ մեր օրերը,  շատ աւելի  կենսունակ է  ան:

Ստորեւ միասնաբար վայելենք անոր երկհազարամեայ հոլովոյթին երեսակները:

  1. Գրաբար աղբիւրները բայիս կուտան հետեւեալ կիրարկութիւնները:

ա. Գաղթել ներգորածական կիրարկութեամբ,  որ աշխարհաբարը չունի.

***Ելանէ հրաման ի կայսերէն՝ գաղթել զբնակիչս աշխարհիս (Ղեւոնդ):

(Հրամայեց կայսրը՝ գաղթեցնել տեղւոյն  բնակիչները)

***«Զաշխարհն Վասպուրական գաղթէ յԱսորեստան»

(Վասպուրականի բնակչութիւնը գաղթեցուց դէպի Ասորեստան)

Ծանօթ.—Օրինակներս կը պատկանին Ղեւոնդի,որ 8-րդ դարու,  եւ  Ասողիկի, որ 10-րդ դարու  պատմիչներ են: Անոնց գաղթել ներգործական պարզ կանոնաւոր բայը թարգմանեցի գաղթեցնել անցողական-պատճառական բայով՝  գաղթեցուց, քանի աշխարհաբարը չունի ասոր  ներգործականը: Հարց է, թէ այս կիրարկութիւնը  հնուց՝ Ե. դարուն ունէ՞ր ան, քանի աւելի կանուխ  գործածուած չեմ գտներ նմանը:

Ըստ իմաստի՝ այս երկու կիրարկութեանց մէջ գաղթել կը նշանակէ տեղահանել, վտարել իր բնիկ հողէն, հայրենազրկել, տարագրել:

բ. Նոյն գաղթել ձեւը կիրարկուած է չէզոք սեռի  իմաստով եւս եւ առ այս ունի  աւելի լայն տարածում. օրինակ՝

***Ի փութալն իւրում  ի գաղթել՝ անկաւ եւ կաղացաւ (Բ. Թագ. Դ/4):

(Գաղթելու ատեն աճապարելով՝ ինկաւ եւ կաղացաւ)

Ծանօթ.—Ամբողջ Աստուածաշունչի միակ օրինակն է այս:

***Որդի պարթեւին  ի կողմանս յունաց գաղթեաց (Ագաթանգեղոս):

(Պարթեւի այդ որդին յոյներու կողմերը գաղթեց)

Ծանօթ.– Կ’ակնարկուի Գրիգորի՝ ապագայ Լուսաւորիչին, որ Անակ պարթեւի  որդին է

Ուրեմն երկու օրինակներս ալ քաղուած են  դասական շրջանէն:

Ըստ իմաստի՝ ասոնք կը նշանակեն չուել,  վտարանդի երթալ, հեռանալ հայրենի հողէն, այլուր մեկնիլ, խոյս տալ, պանդխտանալ, տարագրուիլ, նժդեհիլ:

գ. Ունինք, վերջապէս,  գաղթիլ՝ կրաւորակերպը, որ սակայն սեռով  չէզոք է:

***Ոգւոյս մերոց հանդերձեալ գաղթիլ  առ արդարութիւն (Փիլոն, Ելից. ա/12):

(Մեր հոգիները պատրաստ՝ մատչելու  արդարութեան)

***Գաղթեցաւ ի խորշս լերինն (Վարդան պատմիչ):

(Լեռներու խորշերուն մէջ ապաստանեցաւ)

Ըստ իմաստի՝ ասոնք կը նշանակեն ապաստանիլ, պատսպարուիլ, օթեւան գտնել, հաստատուիլ, մատչիլ:

դ. Խառն օրինակներ՝

***Ի գաղթելն հայոց յԱրտաշրէ՝ գաղթին եւ նոքա (Խորենացի, բ. 75):

(Հայոց՝ Արտաշիրէն խոյս տալուն առթիւ անոնք  եւս կը հեռանան)

***Յերեսաց նոցա գաղթէին մարդիկ  յամրոցս (Վարդան պատմիչ):

(Անոնց պատճառով՝ մարդիկ ամրոցները կ’ապաստանէին)

Ծանօթ.–Այստեղ  գաղթէին հաւասարապէս կրնայ ըլլալ գաղթել կամ  գաղթիլ, քանի ասոնց խոնարհումը նոյնն է անցեալ անկատարի մէջ: Սակայն, հիմնուելով նախադասութեան իմաստին վրայ, կարելի է ենթադրել,  թէ ան  գաղթիլ է, այսինքն՝ ապաստանիլ:

  1. Գրաբարի վերոնշեալ երկու տարբեր լծորդութեանց ու սեռերու, ինչպէս նաեւ երեք այլազան նշանակութեանց փոխարէն՝ աշխարհաբարի մէջ գաղթել-ը միանշանակ չէզոք սեռի է՝ կիրառական  ուրոյն  տարբերութեամբ:

ա. Արեւելահայ  աղբիւրներու մէջ:

***Թողնել իւր բնիկ երկիրը եւ գնալ այլ երկիր՝ բնակութիւն հաստատելու (Մալխասեանց):

***Թողնել իր հայրենիքը եւ այլ երկիր տեղափոխուել (Ակադ. քառահատոր):

***Հայրենի երկրից հեռանալ եւ բնակութիւն հաստատել այլ երկում (Աղայեան):

բ) Արեւմտահայ աղբիւրներու մէջ:

***Գաղթել, չուել (Գայայեան):

***Հայրենիքէն դուրս տեղ երթալ բնակիլ (Ճիզմեճեան):

***Հայրենիքէն դուրս տեղ երթալ, բնակիլ, չուել (Տէր Խաչատուրեան, 1968):

***Ծննդավայրը լքելով՝ օտար երկիր փոխադրուիլ, չուել (Կռանեան):

***Ձգել երկիրը եւ օտարութիւն երթալ, արտագաղթել, չուել, պանդխտանալ, օտարանալ, նժդեհիլ (Ճերեճեան, 1992):

Ասոնք   բոլոդը կը համապատասխանեն գրաբարի բ. խումբի  կիրարկութեան, որ եւ հանրօրէն ընդունուած ու նուիրականացած  նշանակութիւնն է բայիս:

Կը գտնենք աննշան շեղումներ կամ անորոշութիւններ, որոնք առհասարակ ընդունուած չեն: Ստորեւ՝

***Մշտապէս կամ ժամանակաւորապէս իր  բնակավայրը փոխել (Ակադեմիայի քառահատոր):

***Բնակավայրը մշտապէս կամ ժամանակաւորապէս փոխել (Աղայեան):

***Մէկդի երթալ, փախչիլ ուրիշ տեղ (Ճիզմեճեան):

*      *

*

1946-ին  սփիւռքի մէջ սկսան տարածուիլ ներգաղթ եւ ներգաղթել եզրերը՝ իբրեւ օտար երկրէ դէպի հայրենիք վերադարձ եւ վերադառնալ: Ասոնք տեղ գտած են Ճիզմեճեանի, Տէր Խաչատուրեանի, Կռանեանի ու    Ճերեճեանի   աշխատութեանց մէջ:  Նոյները կը գտնենք արեւելահայ բոլոր բառարաններուն մէջ, ուր անոնք աւելի հինէն գալ կը թուին:

Անշուշտ տեղ մը տգիտութեան, այլ տեղ ժողովրդախօսակցական բառերը  յարգելու սկզբունքին հետեւանք է այսպիսիներու մուտքը բառարաններու մէջ: Եւ շատ ցաւալի է: Քանի պատմականօրէն  գաղթ հասկացութիւնը ոչ մէկ ձեւով կը նոյնանայ «դէպի հայրենիք դարձի» գաղափարով:  Ասոր լաւագոյն փաստը վերը բերուած գրաբար վկայութիւններն են:

Գաթութ-ը ասորական փոխառութիւն է՝ γαλυθ (gālūth), որ կը նշանակէ «բնակիչներին դուրս հանել, երկիրը դատարկել» (Արմատական): Հետեւաբար անհեթեթ, ներքին հակասութեամբ օժտուած  յղացքներ են ներգաղթ եւ ներգաղթել  եզրերը, որոնց համար ունինք շատ գեղեցիկ ու արտայայտիչ հայրենադարձ եւ հայրենադարձուիլ բառերը:

Ծանօթ.—ա) հայրենադարձ կը նշանակէ՝ դարձ առ հայրենիք եւ հայրենիք վերադարձող: բ) Յատկանշական է, որ այս երկուքը Գայայեանի (1938) եւ Ճիզմեճեանի (1954)  բառարաններուն մէջ  չկան եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանով  1968-ին մուտք գործած են մեր բառարանագրական բարքերուն մէջ:

Հայ բառարանագիրին   առաքելութեան մաս կը կազմէ ըստ կարելւոյն  ազնուացնել ճաշակները, ինչպէս նաեւ գուրգուրալ մեր բառային կազմի ազգային նկարագրի վրայ. առ այս   ան պարտի տեղ չտալ  խորթ ու  անհեթեթ տարրերու, նոյնիսկ եթէ ռամիկը իւրացուցած է զանոնք: Այս իմաստով ալ՝ ընդունելի չէ այն տեսակէտը, թէ «ամէն բառ որ առնուազն մէկ անգամ գործածուած է հայուն կողմէ, մաս կը կազմէ հայերէնին»: Անցած օր երբեմնի կրթութեան տխրահռչակ նախարարի՝ Արմէն Աշոտեան կոչեցեալի բերնէն սարսուռով լսեցի թրքերէն շափալախ “ապտակ” բառը, որ եւ նոյնութեամբ  արձանագրեց արեւելահայ  մամուլը, որ հիմա վերածուած է իսկական աղբանոցի,– պէ՞տք է, ուրեմն, Ակադեմիայի յառաջիկայ հրատարակութեան մէջ տեղ գտնէ ան  եւ…մնացեալները:

 

Previous Post

India Not Ready For RCEP – Analysis

Next Post

Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.