ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Մեր դպրոցներուն մէջ, մինչեւ բարձրագոյն կարգերը, աշակերտները յաճախ դժուարութիւն ունին զատորոշելու այբուբենի «ձ»-ն եւ «ց»-ն: Առաջինը «ձա» կը կոչուի, իսկ երկրորդը` «ցօ»: Մեր տղաքը այս անուանումներն իսկ երբեմն կ՛անգիտանան. իրենց համար կայ «օձի ձ»-ը եւ կայ «հացի ց»-ը …: Այսքա՛ն:
Իսկ թէ գրաւոր խօսքի մէջ ե՞րբ «ձա»-ն պիտի գործածենք ու ե՞րբ` «ցօ»-ն, ատիկա գրեթէ ո՛չ մէկ աշակերտ պիտի կարենայ իւրացնել դպրոցական իր երկա՜ր տարիներու ընթացքին, որովհետեւ կա՛մ հիմնաւոր բացատրութիւն մը չէ տրուած իրեն, կամ ալ ի՛նք անտեսած է իրեն մատուցուած լուսաբանութիւնները` կուլ երթալով մայրենի լեզուին նկատմամբ համատարած անտարբերութեան հոսանքին…
Իրականութեան մէջ բնաւ ալ անյաղթահարելի չէ «ձ»-ի ու «ց»-ի ուղղագրական շփոթը: Գոյութիւն ունին քերականական որոշ օրէնքներ, որոնցմով կրնանք առաւելագոյն չափով բառնալ այն դժուարութիւնները, որոնք շուարումի կը մատնեն մեզ «ձա»-ին կամ «ցօ»-ին դիմաց:
Իմ հետաքրքրութեան գոհացում տալու համար ստուգեցի, որ Մալխասեան բառարանին մէջ «ձ»-ով սկսող բառերը գրաւեր են 27 էջ, մինչդեռ «ց»-ով սկսողները` 22 էջ: Ճիզմէճեան վարդապետին բառարանին մէջ եւս (Հալէպ, 1957) «ձ»-ն գերակշիռ է. անիկա գրաւեր է 31 էջ, մինչ «ց»-ն ունի լոկ 11 էջ: Իսկ Ռուբէն Ղազարեանի «Գրաբարի հոմանիշների բառարան»-ին մէջ «ձ»-ն գրաւեր է 6 էջ` «ց»-ի 5 էջերուն դիմաց: Կրնանք ուրեմն անվարան ըսել, որ մեր լեզուին մէջ «ձա»-ով սկսող բառերը թիւով աւելի շատ են, քան` «ցօ»-ով սկսողները:
Բայց այս հաստատումը երբեք չի նշանակեր, որ բառերու կազմութեան մէջ «ցօ»-ն աւելի նուազ կ՛օգտագործուի, քան` «ձա»-ն: Ընդհակառակն: Ես կ՛ենթադրեմ, որ «ցօ»-ն անհամեմատօրէն աւելի տարածուն է բառերուն մէջը կամ վերջաւորութեան, մանաւանդ որ անիկա հայերէնի բազմահազար բայերու խոնարհման ձեւերուն մէջ ունի մնայուն ու տիրապետող դիրք: Կը գրենք` խնդաց, երգեցի, խօսեցան, նստեցնել, մեռցնել, լացող, հեռացած, խմցուցէ՛ք եւ այլն, մի՛շտ «ցօ»-ով: Դերանուններու (որոնց, անոնց, իրենց…) եւ գոյականներու վերջածանցներուն մէջ եւս (սուրիացի, իտալացի, գիւղացի, հիւանդանոց, ձեռնոց, փեսացու, սրտանց, զրոյց, սառոյց, նեղուց, դեղնուց…) միշտ «ցօ»-ն է բացարձակ տիրապետողը: «Ցօ» կը դրուի նաեւ ձայնաւորներէ ետք (բաց, ցեց, երէց, կից, գոց), բացի` «օձ» բառէն:
Ուրեմն, այս հաշուով, հայերէնի լայն աշխարհագրութեան մէջ «ձա»-ին ի՞նչ տեղ կը մնայ:
Կը մնա՜յ, անհո՛գ եղէք:
Հետեւեալ երեք օրինաչափական պարագաներուն, «ձ» գրեցէ՛ք.
ա) «Ն» գիրէն ետք. գանձ, հունձք, ընձուղտ, անձրեւ, ստանձնել եւ այլն:
բ) «Ր» գիրէն ետք. բարձր, դարձ, արձակ, փորձել, ուղերձ եւ այլն:
գ) «Ղ» գիրէն ետք. իղձ, դեղձ, ատաղձ, մղձաւանջ, փղձկիլ եւ այլն:
Այս երեք օրինաչափութիւններն ալ ունին, սակայն, փոքրաթիւ բացառութիւններ, զորս պէտք է ճանչնա՛լ, սորվի՛լ եւ իւրացնե՛լ (օրինակ` յանցանք, հարցում, քաղցր):
Այս «լպրծուն» անցարգելները եթէ շրջանցեցիք անվտանգ, յաղթանակը ձե՛րն է…
* * *
Առիթով մը, դասարանը, աշակերտ մը գրատախտակին վրայ «ձուկ» բառը պիտի գրէր: Յայտնապէս կը վարանէր` «ձ»-ո՞վ գրէ, թէ՞ «ց»-ով: Ու իմ օժանդակութիւնը խնդրեց կմկմալով.
– Պարո՛ն, «օձի՞ ձ»-ով կը գրուի, թէ՞…
– Անշո՛ւշտ որ «օձի ձ»-ով. ձուկն ու օձը երկուքն ալ կենդանիներ են, չէ՞,- պատասխանեցի կատակով:
Ուրիշ առիթով մըն ալ աշակերտ մը «աներձագ» բառը գրած էր «ց»-ով: «Աներցագ»: Ու այս առթիւ ալ հարկ եղաւ բացատրել այս բարդ բառին երկու բաղկացուցիչները` «աներ»-ն ու «ձագ»-ը: Աներձագը նոյն աներորդին է, այսինքն` այր մարդու մը կնոջ եղբայրը:
Հոս, սակայն, պահ մը պիտի ուզէի կանգ առնել «ձագ» բառին երկրորդ (եւ գրեթէ անծանօթ) իմաստին վրայ:
Ձագը, ինչպէս գիտենք, հաւկիթէն նոր դուրս եկած թռչունն է` աղաւնիի ձագ, արծիւի ձագ եւ այլն: Բայց նաեւ` որեւէ անասունի նորածինին տրուած անուն մըն է` կատուի ձագ, շան ձագ (այս մէկը` փաղաքշական հայհոյանք է նաեւ), իշու ձագ…
Գործածական է «ձագուկ» բառն ալ, որմով ընդհանրապէս կ՛ակնարկենք երեխաներուն. «Ձագուկներդ մեծցեր են: Սկսա՞ն դպրոց երթալ»:
«Ձագ»-ին երկրորդ իմաստն ալ «մեղուներու խումբ»-ն է. թէեւ ասոր աւելի գործածական բառը «պարս»-ն է: Մեղուներու պարս: Ըստ Մալխասեան բառարանին, «ձագ»-ը մեղուներու այն խումբն է, որ մայր թագուհիին հետ դուրս կու գայ փեթակէն` նոր ընտանիք կազմելու համար: Բառարանը օրինակներ ալ տուած է. «Ձագը բռնեցինք ու նոր փեթակին մէջ տեղաւորեցինք»: Կամ` «Ձագը փախաւ»: Դեռ կայ աւելի հետաքրքրականն ալ: Եթէ ձագը նոր փեթակին մէջ տեղաւորուելէ ետք մեղր շինեց, ապա այդ մեղրը շատ յարգի կ՛ըլլայ եղեր ու կը կոչուի «ձագուց մեղր»… Մեղուաբուծութեամբ զբաղողները հաւանաբար գիտեն այս բառերը:
«Ձագ» բառը, սակայն, մեղրէն ու ձագուկներէն անդին, զիս կը տանի պատմական Հայաստանի խորերը` Այրարատ նահանգի Կոտայք գաւառը (այժմու Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս), ուր կար, եւ դեռ կայ, ՁԱԳ կոչուած գիւղ մը: Եւ հո՛ս է, որ ծնած է Թ. դարու մեր ամէնէն համբաւաւոր կաթողիկոսը` Զաքարիա Ձագեցին:
Ձագեցի հայրապետը Լուսաւորչի գահին բազմած այն բացառիկ եկեղեցականն էր, որուն ընտրութիւնը կատարուեցաւ արտասովոր ու գրեթէ աննախընթաց պարագաներու մէջ: Արաբական ծանր տիրապետութեան շրջանն էր: Հայկական բանակի սպարապետ Սմբատ Բագրատունին (հետագային` «Խոստովանող» մականուանեալ) կաթողիկոսական թափուր աթոռին համար թեկնածու ներկայացուց Զաքարիա Ձագեցին, որ սակայն աշխարհական անձ մըն էր, չունէր եպիսկոպոսական աստիճան, չունէր նոյնիսկ պարզ վարդապետական կամ քահանայական կարգ: Զարմանալիօրէն այդ ժամանակաշրջանի մեր եկեղեցական բարձրաստիճան դէմքերը, բոլորը, զանց առնուեցան կաթողիկոսական թեկնածու ներկայանալու իրենց իրաւունքին մէջ ու անոնց փոխարէն` յառաջ մղուեցաւ Զաքարիա Ձագեցին (855 թ.): Կ՛երեւի, թէ արտակարգ արժանիքներ նկատուած էին անոր մէջ: Ուստի, ան մէկ օրուան մէջ միանուագ ստացաւ եկեղեցական բոլո՜ր աստիճանները (սարկաւագութիւն, քահանայութիւն, վարդապետութիւն, եպիսկոպոսութիւն, կաթողիկոսութիւն) եւ անարգել բազմեցաւ հայրապետական գահին վրայ: Այլ խօսքով, Ձագեցին առաւօտուն արթնցաւ իբրեւ աշխարհական մարդ, իսկ գիշերը անկողին մտաւ իբրեւ կաթողիկոս…
Բայց հետագայ դէպքերը ցոյց տուին, որ ճի՛շդ ընտրութիւն մը կատարուած էր: Որովհետեւ Զաքարիա կաթողիկոս լիովին արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը, եղաւ բազմարդիւն հովուապետ մը, գրական գործեր ալ արտադրեց (աստուածաբանական «ճառ»-եր, որոնք առանձին հատորով հրատարակուեցան Վենետիկ, 1995-ին), իմաստուն ու շրջահայեաց գործելակերպերով թեւ-թիկունք եղաւ Հայաստանի քաղաքական իշխանաւորներուն, ու ինչ որ ամենակարեւորն է, դիւանագիտական դժուարին ու համբերատար աշխատանքներով ենթահող պատրաստեց Բագրատունեաց թագաւորութեան ստեղծումին: Իր վախճանումէն (876 թ.) ինը տարի ետք ծնունդ առաւ Բագրատունեաց հարստութիւնը, որուն անդրանիկ գահակալը` Աշոտ Ա. արքան, երկար տարիներ համերաշխ գործակից ու լծակից մը եղած էր իրեն:
Եթէ Երեւան այցելէք, ուղղուեցէ՛ք մերձակայ Առինջ ու Գետարգել գիւղերը (Աբովեանի շրջան), որոնց շատ մօտիկը, վերոնշեալ պատմական Ձագ գիւղին հարեւանութեամբ, պիտի գտնէք միջնադարեան վերանորոգեալ սիրուն վանք մը` Ձագավանքը, ծանօթ նաեւ` Ս. Նշան անունով: Կը պատմուի, որ գրչութեան վաղեմի կեդրոն մը եղած է անիկա ու մինչեւ ԺԷ. դար եպիսկոպոսանիստ էր:
Իսկ ի՞նչ է «ձագար»-ը:
Ասիկա խոհանոցի իրեղէններէն մէկն է, կոնաձեւ, վերի բաժինը լայնաբերան, վարի բաժինը` նեղ ու խողովակաձեւ, որով հեղուկներ կը լեցնենք շիշերու մէջ (ձէթ, օշարակ եւ այլն): Ձագարը անհրաժեշտ անօթ մըն է խոհանոցին մէջ:
Այս բոլոր բառերը գրեցէ՛ք… «օձի ձ»-ով:
Հալէպ