Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Լիբանանը հարուածած աղէտը ոսկի առիթ մը եղաւ, որպէսզի մեր գրողները իրենց կարգին հարուածեն հայերէնը՝ շփոթելով այս օրերս շատ արտասանուող երկու բառեր, իմա՝ դեղորայք-դեղօրայք, պայթում-պայթիւն…
***Դեղ բառը գրաբարեան կանոններով ունի յոգնակի մը, որ է դեղորայք, եւ ոչ դեղօրայք: Այս վերջինը անփոյթ գրիչներու մէկ սխալագրութիւնն է:
Գրաբարը կ’ըսէր նաեւ արտորայք, որ կը նշանապէ արտեր, գեղորայք, որ կը նշանակէ գիւղեր, վանորայք, որ կը նշանակէ վանքեր եւ այլն, ուրեմն դեղորայք կը նշանակէ դեղեր, դեղերու տեսականի:
Այս ալ ըսեմ, որ շատ քիչ կիրարկութիւն ունեցած է այս –որայ(ք) յոգնակերտը գրաբարի մէջ, այդ պատճառով ալ շատ չէ տպաւորուած հետագային:
Ծանօթ.– Պէտք չէ տարուիլ գեղօր նորակերտ կեղծ բառէն, որ անպատասխանատու ձեռքերով եւ բոլորովին կամայաբար գրուած է օ-ով, մինչ հայերէնը օր ածանց չունի[1]. Եղիա Տեմիրճիպաշեան (1886), Մեսրոպ Նուպարեան (1892), Գուիտոն Լուսինեան (1900) օրին զայն ճիշդ գրած են ո-ով՝ գեղոր: Սակայն ո՞վ փոխեց, ինչո՞ւ, ի՞նչ հիմնաւորումով,– յայտնի չէ. Գաբամաճեանի (1910) եւ Գայայեանի մէջ (1938) արդէն գեղօր է, ու այնուհետեւ այդպէս ալ կը շարունակեն Ճիզմեճեան, Տէր Խաչատուրեան, Կռանեան, Ճերեճեան եւ ուրիշներ:
***Պայթում-պայթիւն
Ասոնք օրին ալ կը շփոթուէին, հիմա սակայն կիրարկութեան բազմացումին հետ՝ բազմացած է շփոթն ալ. ամէն գրող չի յաջողիր զանազանել զանոնք:
—Պայթում-ը պայթելու գործողութիւնն է. երբ տակառ մը վառօդը կրակ առնէ, ան կը պայթի, պայթում տեղի կ’ունենայ՝ համապատասխան աւերներով, որոնք կը հետեւին այդ պայթումին: Պայթումին հետեւանքները կը տեսնենք աչքով, ինչպէս օրերս կը տեսնենք նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները: Հայերէնի մեծաթիւ բայեր նոյն ձեւով կրնան բայանուններ տալ. օրինակ՝ բախիլ-բախում, դղրդալ-դղրդում, զրնգալ-զրնգում, հանդիպիլ-հանդիպում, մեկնիլ-մեկնում, որոտալ-որոտում, ներել-ներում, յագենալ-յագեցում, վճարել-վճառում եւ այլն: Ասոնք կը բնորոշուին իրենց –ում ածանցով: Շատ սովորական է որեւէ բառարանի մէջ այս զոյգերը տեսնել իբրեւ հոմանիշ. օրինակ՝ «մեկնում, այսինքն՝ մեկնիլը» եւ այլն:
—Պայթիւն-ը պայթումին յառաջացուցած աղմուկն է, որ կը լսենք ականջով[2]. բառս կը բնորոշուի իր –իւն ածանցով: Շատ բայեր այս նոյն ածանցով կու տան տուեալ գործողութիւնը բնորոշող աղմուկը. օրինակ՝ բախել-բախիւն, գոչել-գոչիւն, դղրդալ-դղրդիւն, զրնգալ-զրնգիւն, հաջել-հաջիւն, մայել-մայիւն, մռնչել-մռնչիւն, հնչել-հնչիւն, վրնջել-վրնջիւն, լալ-լալիւն եւ այլն:
Ասսոնցմէ ոմանք ունին իրենց հետեւեալ տարբերակները՝ դղրդոց, զրնգոց, հաջոց եւ այլն:
* * *
Կարգ մը բայեր ի վիճակի են երկու իմաստներն ալ արտայայտելու. օրինակ՝ բախում-բախիւն, դղրդում-դղրդիւն, գոչում-գոչիւն, զրնգում-զրնգիւն, հնչում-հնչիւն եւ այլն:
—Ունինք –ուն ածանցը եւս, որ կը նշանակէ տուեալ աղմուկը արտադրելու յատկութեամբ օժտուած. օրինակ՝ հնչուն, որ կը նշանակէ հնչող, հնչելու յատկութեամբ օժտուած: Ունինք «հնչուն ոսկի» կայուն բառակապակցութիւնը,– որ կ’ակնարկէ ոսկեդրամին, որ տեղ մը կամ բանի մը զարնուելով կրնայ աղմուկ արտադրել եւ կը հակադրուի թղթոսկիին, որ աղմուկ չի կրնար հանել:
Ուն-ը կը նշանակէ նաեւ որեւէ յատկութեամբ օժտուած. օրինակ՝ գործել-գործուն, խորհիլ-խոհուն, հասնիլ-հասուն, հոսիլ-հոսուն, սահիլ-սահուն, փայլիլ-փայլուն, փքիլ-փքուն եւ այլն:
*** Անձն-անձիք-անձինք
—Արեւելահայերէնի մէջ բաւական տարածուած է անձիք «յոգնակին»,– եւ ամէն սխալէ, որ հոն կը տարածուի, անպայման լայն բաժին կ’ելլէ սփիւռքին, ուր զայն գրկաբաց սպասողներ եւ ջերմագին հիւրընկալողներ կը գտնուին միշտ:
Գրաբարի մէջ բառիս սկզբնաձեւն էր անձն, որ կու տար անձինք՝ ն-ով:
Աշխարհաբարի մէջ նախաձեւն է անձ, որ կու տայ անձեր:
Ուրեմն՝ կա՛մ անձինք, կա՛մ նախընտրաբար անձեր: Ուրիշ չկա՜՜՜յ:
***Օրական-օրեկան, ամսական-ամսեկան
Ուրիշ աղէտ մըն ալ այս երկձեւութիւնն է, որ նմանապէս ժառանգեցինք արեւելահայերէն. անկախութենէն առաջ օրեկան ու ամսեկան գրող արեւմտահայ չկա՜՜՜ր, բոլորը անկախութեան…արգասիքն են:
Ով՝ ով,– Ազգային առաջնորդարանի մէկ հաղորդագրութեան մէջ ալ մտած էր ամսեկան-ը: Ալ ի՛նչ ըսենք գաւառական վարժապետի մը ու գաւառամիտ լրագրողի մը, որոնք կ’արտասանեն, կը գրեն ու կ’ուսուցեն այսպիսիները:
Օր եւ ամիս կու տան օր+ական>օրական ամիս+ական>ամսական:
Ուրիշ է տարեկան-ը, որու «ներշնչումով» կը գրուին վերի ճիւաղութիւնները:
Այստեղ ունինք տարի+ական>տարեկան, քանի որ երբ ի եւ ա ձայնաւորները իրարու հանդիպին ե կու տան. այսինքն՝ ի+ա>ե :
Այլ օրինակներ՝ ոսկի+ա+գոյն>ոսկեգոյն, այգի+ա+պան>այգեպան, կաշի+ա+գործ>կաշեգործ, կարի+ա+ւոր>կարեւոր, բարի+ա+գութ>բարեգութ եւ այլն:
Ծանօթ.– 1. ի+ա>ե հնչիւնափոխութիւնը մեր դասագիրքերուն մէջ կը բացատրուի իբրեւ ի+ա ձայնաւորներու «ձուլումը»: Ձոյլ կամ բաղադրեալ ձայնաւոր գոյութիւն չունի հայերէնի մէջ:
Ժամանակն է, որ ուրիշ բան գիտնանք:
Ի ձանաւորը արտասանելու համար լեզուն շատ կը մօտենայ քիմքին, գրեթէ կը փակչի անոր՝ ձգելով շատ նեղ անցք մը. սա մեր ամենաքիչ ձայն բովանդակող ձայնաւորն է:
Մինչ ա արտասանելու առթիւ լեզուն բոլորովին կը հանգչի բերնի խոռոչի յատակը, բերանը առաւելագոյնս կը բացուի, ու կը յառաջանայ ա-ն, որ ամենաշատ ձայն բովանդակող հնչիւնն է:
Երբ արտասանական շղթային մէջ լեզուն կը հարկադրուի ի-էն անցնիլ ա-ին, ան, եթէ կ’ուզէք, կը ծուլանայ, կ’ընկրկի այդ երկար միջոցին առաջ եւ ուժերու խնայողութիւն մը կատարելով՝ կանգ կ’առնէ կէս ճամբուն վրայ. իսկ այդ դիրքը կը համապատասխանէ դասական ե-ին, որ «միջին բարձրութեան ձայնաւոր» կը կոչուի: Ուրեմն լեզուի այս դիրքին վրայ ձայնալարերը թրթռացնող ու դուրս խուժող օդը կը ձեւաւորուի իբրեւ ե (որ կ’արտասանուի ֆրանսերէնի é եւ աշխարհաբարի է հնչիւնին պէս):
Ծանօթ.– 2. Գալով մեսրոպեան է տառին՝ ան ձայնաւոր մը չէր:
Գրաբարի նորագոյն դասագիրքերուն մէջ ան մաս չի կազմեր ձայնաւորներուն:
Այլ երկբարբառ մըն էր, գումարը՝ ե ձայնաւորին եւ յ կիսաձայնին. ուրեմն՝ է = ե+յ = եյ:
Այս հաշուով՝ սէր գոյականը կ’արտասանուէր սեյր:
Նաեւ՝ գէր-գեյր, երգէ-երգեյ, վէրք-վեյրք, դէպ-դեյպ, քէն-քեյն եւ այլն:
Այսպէս կ’արտասանէին մեր նախնիները:
[1] Մինչդեռ –որ ածանց ունինք. օրինակ՝ բեկ-որ, բոլ-որ, գլ-որ, խոտ-որ, հատ-որ, մոլ-որ, յորդ-որ, տոգ-որ եւ այլն:
[2] Արմէնփրեսը իր 26-8-20 հաղորդումներուն մէջ ունի. «Երեւանում տեղի ունեցած պայթիւնից տուժածների վիճակը ծանր է»: Այս հարիւրամեայ ապիկար հաստաութեան թանձրամիտ անձնակազմին վրայ, – որ չի զանազաներ պայթումն ու պայթիւնը,– պետութիւնը միլիոնաւոր դրամներ կը մսխէ: