Տոքթ.Արմենակ Եղիայեան
Մեր նախորդ յօդուածով ակնարկած էինք դեղօրայք եւ գեղօր սխալ ձեւերուն՝ հաստատելու համար, որ ասոնց ճիշդ ձեւերն են դեղորայք եւ գեղոր, ապա եզրակացնելու համար՝ որ –օր(այք) ածանց չունի հայերէնը:
Այժմ կը փափաքիմ խօսիլ –օն ածանցի մասին:
1.–օն եւ –ոն
Հայերէնը փաստօրէն ուեցած է –օն ածանցը, սկզբնապէս –աւն ձեւով, իսկ սա, ինչպէս գիտենք, ժամանակի ընթացքին դարձած է –օն: Աւն ածանցը կրած են՝ գեղաւն, գողաւն, գործաւն, զգաւն, կոփաւն, կտրաւն, կրաւն, կրծաւն, մղաւն, պաշտաւն, որոնք հետագային դարձած են՝ գեղօն, գողօն, գործօն, զգօն, կոփօն, կտրօն, կրօն, կրծօն, մղօն, պաշտօն, ուր գործած է աւ>օ ծանօթ հնչիւնափոխութիւնը, որուն գրաւոր առաջաին արտայայտութիւննները կը գտնենք 12-րդ դարու ձեռագրերու մէջ:
Ծանօթ.– ա) Այս հնչիւնփոխութիւնը պատահած է միմիայն բաղաձայնէ առաջ, ինչպէս՝ գեղաւն-գեղօն, ուր աւ-ին կը յաջորդէ ն բաղաձայնը, այնպէս ալ մնացեալներուն մէջ: Երկու բառեր միայն՝ աղաւնի եւ նաւթ, խուսափած են այս հնչիւնափոխութենէն: Իսկ աւար, գաւաթ, հաւ եւ նմաններուն մէջ չունինք աւ>օ հնչիւնափոխութիւնը, քանի այստեղ աւ-ին չի յաջորդեր բաղաձայն մը: Այս ալ ցոյց կու տայ, որ հայերէնի մէջ բառ մը չի կրնար օ ձայնաւորով վերջանալ, քանի ամէն օ-ի պէտք է հարկադրաբար յաջորդէ բաղաձայն մը:
բ) Կարգ մը բառեր՝ լալօնք, մոռացօնք, ցրօնք, սովորաբար յոգնակի կիրարկուած են:
Շարունակելէ առաջ նկատենք, որ գրաբարէն աւանդ մնացած բոլոր աւն>օն կրող բառերը իբրեւ յենարան ունին բայարմատ մը, ինչպէս՝ գողնալ-գողօն, գործել-գործօն, զգալ-զգօն, կոփել-կոփօն, կտրել-կտրօն, կրել-կրօն, մղել-մղօն, պաշտել-պաշտօն: Գեղօն-ը բացառութիւն ըլլալ կը ձեւացնէ, սակայն ան իսկական բացառութիւն չէ, որովհետեւ գեղ բայարմատ է, բաղդատել՝ գեղգեղել-երգել, ճռուողել, իսկ գեղօն-ն ալ (ballade) երգի տեսակ մըն է:
* *
*
- Գրաբարէն դուրս յառաջացան նոր բառեր՝ օն եւ ոն վերջաւորութեամբ:
Հնագոյն աղբիւրը կը հանդիսանայ «Նոր հայկազեան»-ի Բ. հատորի աւաարտին ռամիկ բառերու ցանկը, ուր կը գտնենք բրդոն-բրդօնք, կռճոն-կռճօնք եւ շրջօնք:
Առաջին երկուքը ենթադրոած են բրդօն(ք) եւ կռճօն(ք) ըլլալ: Հետագայ շատ բառարանագիրներ մեքենաբար կը կրկնեն «Նոր հայկազեան»-ի բերածը՝ առանց հաստատելու եզակի բրդօն եւ կռճօն ձեւերը:
Արսէն Բագրատունիի «Ի պէտս զարգացելոց»-ին մէջ (1852) կը գտնենք ծամոն սխալ ձեւը, որ պէտք է ըլլայ ծամօն, եւ այդ սխալ ձեւով ալ կ’ընդհանրանայ հետագային[1]:
Վերի երկուքին զուգահեր կ’երեւի բրտօն եւս, նախ՝ Մեսրոպ Նուպարեանի մէջ (1892), սակայն շուտով ան կը դառնայ բրտոն՝ սկսած Գուիտոն Լուսինեանէն (1900), եւ այսպէս ալ կը գոյատեւէ: Արեւելահայերէն միայն Մալխասեանց ունի զայն, նորագոյն բառարաններուն մէջ չէ մտած: Արեւմտահայ բոլոր բառարանները ունին բրտոն: Սա իր կարգին ընդունելի չէ, քանի յստակօրէն կը զանազանուին բրտ (բրուտ) արմատը եւ –ոն ենթադրեալ ածանցը, որ, ինչպէս ըսինք, գոյութիւն չունի հայերէնի մէջ:
Յաջորդը Նահապետ Ռուսինեանի ստեղծած թերթօն բառն է, որ այսպէս ալ նուիրականացած է առաջին մէկ օրէն: Այս բառը թարգմանութիւնն է ֆրանսերէն feuilleton-ին, որ 19-րդ դարու ծնունդ պէտք է ըլլայ եւ որուն –on ածանցին պէտք է համապատասխանէր հայերէն –ոն : Կարելի՞ է մտածել, որ Ռուսինեան զայն հիմնած է թերթել-թերթատել հասկացութեան վրայ,– վստահ չենք, սակայն անկարելի ալ չէ: Այս հաւանականութիւնն ալ կը թելադրէ, որ ընդունինք անոր –օն բաղադրիչը:
Սիմոն Գամաճեան 1892-ին ունի կրծօն, որ մտած է նաեւ Ամատունիի (1912) եւ Աճառեանի (1913) գաւառական բառարաններուն մէջ:
Նոյն ծիրէն ներս եւ կարգ մը բառարաններու մէջ կը գտնենք ջարդօն օրինաչափ ձեւը (Մալխասեանց , Տէր խաչատուրեան):
Բոլորովին նոր է թողօն-ը, որ արեւելահայերէնի մէջ երեւցաւ 19-րդ դարու երկրորդ կէսին եւ տակաւին մուտք չէ գործած արեւմտահայ բառարաններու մէջ:
Ծանօթ.– ա) Դասական հայերէնը ունէր մղոն բառը (չշփոթել՝ մղել-մղօն), որ երկայնութեան չափ մըն է՝ 1609մ, կը կոչուէր փարսախ եւս. ան տառադարձութիւնն է յունական milion բառին, որուն on-ին դիմաց մեր նախնիները հանած են ոն: Օտար եւ ճիշդ տառադարձուած բառ մը ըլլալուն՝ ոչ մէկ վիճարկումի առարկայ կրնայ դառնալ ան:
բ) «Նոր հայկազեան»-ը ունի հաւասարապէս «կոփօն եւ կոփոն». այսպիսի երկձեւութիւններ շատ ունի ան: Ասոնցմէ Գ. Ջահուկեան առած է միայն կոփել-կոփոն, որ անհեթեթ ընտրութիւն մըն է, երբ բոլոր տուեալները կը թելադրէին կոփօն-ը:
Եզրակացութիւն
Հայերէնը –ոն ածանց չունի: Այլ միայն –օն:
Ասով կազմուած են մօտ մէկուկէս տասնեակ բառեր, որոնք ընդհանրապէս գոյականներ են, այսպէս՝ բրդօն, բրտօն, գեղօն, գողօն, գործօն, թողօն, ծամօն, կոփօն, կրծօն, կտրօն, կռճօն, կրօն, մղօն, շրջօն, պաշտօն: Թէեւ միաժամանակ ածականական կիրակութիւն ունեցած է գործօն-ը, այսուհանդերձ թելադրելի է խուսափիլ նման կիրակութենէ, եւ ածականաբար գործածել միայն գործուն-ը, որ մաս կը կազմէ այլ համակարգի մը, որուն կը պատկանի ինք՝ գործուն, սահուն, ցցուն, մոլորուն, որոնք բոլորը հիմնուած են բայարմատի մը վրայ:
Մաքուր ածական է զգօն-ը, որ գոյականական տարբերակ չունի:
Անխառն գոյականներ են՝ լալօնք, մոռացօնք եւ ցրօնք:
Յունարէնէ տառադարձուած մղոն բառը չի հակադրուիր այս բոլորին:
[1] Անդրանիկ Կռանեան միակ հայ բառարանագիրն է, որ դրած է բրդօն եւ ծամօն ճիշդ ձեւերը: