ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Սահմանադրական վերջին փոփոխութիւնները հակասահմանադրական համարող Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը դիմեց Սահմանադրական դատարան: Խմբակցութեան քարտուղար Արման Աբովեան տեղեկացուց, որ խմբակցութեան իր գործընկերներէն բացի, միացած է նաեւ անկախ պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեան:
Յիշեցնենք, որ «Լուսաւոր Հայաստան»ը աւելի կանուխ յայտնած էր, որ ներկայիս չի միանար Սահմանադրական դատարան դիմելու նախաձեռնութեան, այլ պիտի դիմէ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գործով քննութեան աւարտէն ետք: Իսկ առանց «Լուսաւոր Հայաստան»ի առնուազն երկու պատգամաւորի ստորագրութեան «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը չի կրնար սահմանադրական փոփոխութիւնները վիճարկել բարձր դատարանին մէջ:
Սահմանադրական դատարանը դիմումը վարոյթ ընդունելու կամ մերժելու համար 15 օր ունի: