Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Բարեգործական միջոցառում՝ մէ՛կ սիրտ Արցախի համար

September 27, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Բարեգործական միջոցառում՝ մէ՛կ սիրտ Արցախի համար

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Առաջին անգամ չէ, որ կ’անդրադառնանք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լուի­զիա­նա նահանգի մայրաքաղաք Պաթոն Ռուժի հայկական համայնքին։ Հայ հասարակութիւնը քաջատեղեակ է հայաշունչ այս փոքր ածուի հայրենանպաստ գործունէութեան։ Արդարեւ, Կիրակի, 25 Սեպտեմբեր 2022 թուականին, արդէն առաւօտեան ժամերուն, տեղւոյն հա­մայնքի անդամները` յարակից հայաբնակ շրջան­ներէն մինչեւ Նիւ Օրլինզ քաղաքէն, կը փու­­թային Պաթոն Ռուժի Հայ Առաքելական Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ սրահը՝ բերելու հա­մար իրենց ջերմ մասնակցութիւնը հայանպաստ ճաշկերոյթի մը։ Անոնք ծխական խոր­հուր­դին կողմէ ստացեր էին ընդամէնը կարճաժամկէտ հրաւէր մը, որ կը կրէր «Բարե­գոր­ծական միջոցառում՝ մէ՛կ սիրտ Արցախի համար» կարգախօսը։ Ընդունելով հրաւէրը՝ համայնքի անդամներէն շատեր իսկոյն գրաւոր պատգամներ հաղորդելով յայտներ էին Ծխական Խորհուրդի անդամներուն իրենց մասնակցութեան մասին՝ յայտարարելով, որ ձեռնարկը իմաստալից եւ նպատակային ծրագիր մըն է, ուստի իւրաքանչիւր հայու սեպուհ պարտա­կա­նութիւնն է զօրակցիլ անոր արդիւնաւէտ իրականացումին։

Ի դէպ պէտք է ըսել, որ այս փոքրիկ եւ կենսունակ համայնքին անդուլ ջանքերով էր, որ 30 Մայիս 2013 թուականին Լուիզիանա նահանգի Ծերակոյտը բանաձեւ ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան վերաբեր­եալ։ Իսկ աւելի շուտ՝ 2004 թուականին, հակառակ թուրք դիւանագէտներու ձախողեցման ապարդիւն փորձերուն, Լուիզիանա նահանգը պաշտօնապէս ճանչած էր Հայոց Ցեղաս­պանութեան պատմական իրողութիւնը՝ իբրեւ ոճիր մը մարդկութեան դէմ։

Ճաշկերոյթին ընթացքին Ծխական Խորհուրդին անունով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան համայնքին ատենապետը՝ Տիար Վազգէն Գալթաքճեանը, ապա դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մա­նուկ­­եանը, որ հիւրաբար հոն կը գտնուէր, կոչ ուղղելով ազգային միասնականութեան ան­հրա­ժեշտութեան, Հայաստանի ներքաղաքական անբարենպաստ վիճակի, լարուած ներ­հակու­թիւններու հաշտեցման ու ներքին խռովութիւններու դադրեցման մասին՝ համազ­գային ջանքերով յաղթահարել կարենալու համար հայրենիքի ու Արցախի մէջ ծառացած ներկայ ժամանակներու ծանրագոյն մարտահրաւէրները։ Հարկ է վկայել, որ միջո­ցառու­մին գա­գաթնակէտը հանդիսացաւ հեռավար կապի ստեղծումը ուղ­ղակի Արցախի թեմի փոխառաջնորդ եւ Գանձասարի վանքի վանահայր  Տ. Սահակ վրդ. Շաքարեանին եւ Երե­ւանի Ամերիկեան Համալսարանի դասախօս  դոկտ. Հ. Գարեգին Յարութիւնեանին հետ, որոնք ելոյթ ունենա­լով՝ ներկաներուն տեղե­կա­ցուցին հայրենիքի մէջ տիրող կացութեան, բարեգործական ծրա­գրերու իրականացման անհրա­ժեշտութեան, պատերազմին զոհուած անմահանուն հերոսներուն եւ թշնամիին դէմ պայքարելու հայոց բանակի անկոտրում կամքին մասին։

Մթնոլորտը խանդավառ էր, իսկ հայանպաստ նուիրատւութիւնները՝ սրտաբուխ։ Մաս­նակցողները ոչ միայն իրենց ընտանիքին անունով, այլեւ անձնապէս նիւթական յաւել­եալ նուէրներով առաւել եւս իշխանական դարձուցին արդիւնքը։ Յուզիչ էր յատկապէս, երբ հայ երիտասարդներու ընկերակցութեամբ ամերիկացի ուսանողներ ալ իրենց այնքան սահ­մա­նափակ միջոցներէն չզլացան յանուն Արցախի բերելու իրենց նիւթական զօրակցու­թիւնը։

Ճաշկերոյթի օրուան ամբողջ հասոյթը, ինչպէս նաեւ յաւելեալ նուիրատւութիւնները պիտի տրամադրուին Գանձասարի վանքի բարեզարդութեան, վերանորոգումներուն եւ յարակից շինարարական ծրագրերու իրականցման։

Պաթոն Ռուժ, 25 Սեպտեմբեր 2022

Previous Post

Work culture: Why companies want employees back in the office

Next Post

Tutankhamun’s burial chamber may contain door to Nefertiti’s tomb

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.