Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան
Պէյրութի մէջ, երբ հայկական նախակրթարան կը յաճախէի, հայերէնի մեր դասագիրքին մէջ կ’աւանդուէր փոքրիկ, բայց իմաստալից պատմութիւն մը, որ ահաւասիկ շուրջ յիսուն տարի ետք կրկին կը յիշեմ, զայն սա պահուս ձեզի փոխանցելու համար.
«Օր մը, Աստուած պապան հանդէս մը կու տար դրախտին մէջ, ուր հրաւիրուած էին բոլոր առաքինութիւնները։ Ամէնքն ալ չքնաղ, ամէնքն ալ շքեղ էակներ՝ կերպարանքով շնորհալի եւ սրտով պաշտելի։ Անոնք ուրախ-զուարթ կը խօսէին ու կը խնդային։ Աստուած պապան նկատեց սակայն, թէ անոնցմէ երկուքը իրարմէ շատ հեռու կը մնային. հասկցաւ, որ անոնք զիրար չէին ճանչնար, ուստի ներկայացուց միմեանց։ Մէկը բարեգործութիւնն էր, միւսը՝ երախտագիտութիւնը, որոնք առաջին անգամ կը հանդիպէին իրարու։ Այդ օրէն սկսեալ անոնք անբաժան եղան իրարմէ։ Ուր բարեգործութիւնը կը գտնուէր՝ քիչ ետք ի յայտ կու գար երախտագիտութիւնը»։
Մեր մարդկային բարոյական պարտքն է յատկապէս երախտագէտ ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք մեր ժողովուրդի օրհասական օրերուն, առաջ կամ յետ Ցեղասպանութեան տարիներուն, մարդասիրական հսկայական միջոցներով փութացած են գէթ մեղմացնելու մեր ցաւը՝ թէկուզ մեր հոգեվարքին ու մահուան ժամանակ։
Արդարեւ, 1894 թուականէն սկսեալ,– արեւմտահայութեան դէմ իրագործուած սուլթանական զանգուածային կոտորածներուն, ապա 1915 թուականի Ցեղասպանութեան սահմռկեցուցիչ շրջանին,– զուիցերիացի ժողովուրդը մահուան դատապարտուած արեւմտահայութեան հանդէպ ցուցաբերած է մարդասիրական նպաստամատոյց օգնութիւններու հսկայածաւալ գործունէութիւն մը` Արեւմտեան Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ հիմնելով դարմանատուներ, հիւանդանոցներ, որբանոցներ, արհեստանոցներ եւ սնունդ հայթայթելու զանազան կեդրոններ։ Զուիցերիացին` հարուստն ու աղքատը, առանց բացառութեան, յատկապէս 1897 թուականէն սկսեալ, ջանացած է օգնել հայ ժողովուրդին այն շատէն ու քիչէն որ ունէր։ Չեմ մոռնար այդ յուզումնալից միջադէպը, երբ Neuchâtel-ի քանթոնալ արխիւին մէջ կը կարդայի այն փաստաթուղթը, թէ նոյն քաղաքի եկեղեցիներէն մէկուն սրահին մէջ տեղադրուած հանգանակութեանց սեղանին կը մօտենար երիտասարդ օրիորդ մը ու կ’ըսէր. «Դրամ չունիմ տալու, բայց կը նուիրեմ նշանտուքիս մատանին, որ նշանածս երէկ իմ մատս անցուց։ Ասոր փոխարժէքով հայ որբուկ մը պատառ մը հաց թող ուտէ»։ Այս ըսելով՝ ան իր մատէն կը հանէ նշանադրութեան ոսկեայ մատանին ու կը նուիրէ տառապեալ հայութեան։
Եթէ ցեղասպանուած հայութիւնը որպէս փիւնիկ կրցաւ վերածնիլ ամենակործան հուրին եւ անկենդան մոխիրներուն մէջ, ապա այդ բարիքը իրականացաւ ոչ միայն շնորհիւ մեր ժողովուրդին մղած հազարամեակներու գոյապայքարի կեանքի ներուժին, այլ նաեւ այն բարեգործ ձեռքերուն, որոնք իրենց բարեգթութեան սպեղանին բերին մեր արնաքամ վէրքերուն եւ որբերու ամբողջ սերունդներ փրկեցին թուրքին ու քիւրտին արիւնոտ խնջոյքներու մոլեգնութենէն։
Առկայ գիրքը հազարամեակներու պատմութիւնն է հայոց, բայց ան միաժամանակ կը ներկայացնէ կարեւոր բաժին մը Զուիցերիոյ պատմութենէն, որ ուղղակի առնչուած է Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդին դէմ ծրագրուած պետական դաւադրութեան, անոր երկարատեւ նահատակութեան եւ Ցեղասպանութեան հետ։