Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով վարժարանը առանձնաշնորհումը կ՛ունենայ արժանանալու լոնտոնաբնակ պրն. Ռաֆֆի Մանուկեանի նեցուկին եւ աջակցութեան։ Պրն. Մանուկեան երկար տարիներու պատմութիւն ունի` հովանաւորելու հայ աշակերտներն ու դպրոցները Լիբանանի մէջ եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին:
Արդարեւ, ընթացիկ տարեշրջանին համար, պրն. Մանուկեան 640 միլիոն լիբանանեան ոսկի տրամադրեց Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանին: Այս դրամաշնորհը կը ծածկէ 202 ուսանողներու կրթավճարին երկու երրորդը:
Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի տնօրէնութիւնը վարժարանի ուսանողներուն հետ միասին խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ բարերարին այս օգնութեան համար, որուն նշանակութիւնը մեծ է յատկապէս Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ։
Տնօրէնութիւն
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի