ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
… Ի՞նչ էին ասում իրար ականջի
արագիլները չուելու պահին:
– Տագնապում էին:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ
Ընդունուած է ըսել, որ հայ ժողովուրդի ամէնէն մօտիկ եւ հաւատարիմ թռչուններէն են եղած արագիլները, որոնք, իրաւամբ, կոչուած են հայոց աշխարհի եզակի բնակիչներ: Կը պատմուի, որ հազարամեակներ շարունակ եւ անընդմիջաբար, բարի արագիլներ իւրաքանչիւր գարնան եկած են յատկապէս Արարատեան դաշտ եւ հոն շինած իրենց բոյնը:
Իրողութիւն է նաեւ, որ արագիլները հնուց անտի լաւապէս ճանչցած են հայ ժողովուրդը` իր առանձնայատկութեամբ եւ ապրելակերպով: Ի զուր չէ, որ արագիլը այնքան հարազատի զգացողութեամբ համակուած է հայութեան հանդէպ եւ կրցած է իր անշահախնդիր մօտեցումով թարգմանը հանդիսանալ հայութեան տառապանքին, պանդուխտի կեանքին, կարօտին, ընտանիքի սիրոյն եւ հայրենասիրութեան:
Անոնք` արագիլները, կը պատկանին թռչնազգիներու այնպիսի տեսակի մը, որ կը յատկանշուին իրենց, այսպէս ըսած, բարի բնաւորութեամբ, ուժեղ խառնուածքով, խելացի եւ ուշիմ պահուածքով բայց մանաւանդ` զոհաբերութեամբ:
Ճիշդ է, որ անասնական աշխարհի մէջ նման բնազդ դիւրին գտանելի չէ, այդուհանդերձ, արագիլները` ունեցած են բնութենական կապ մը հայ ժողովուրդի էութեան եւ անոր ներաշխարհին հետ:
Այո՛, արագիլները, այսպէս ըսած, նոյնացած են հայ ժողովուրդի պատմութեան իւրաքանչիւր դրուագին ու պատահարին հետ, այնքան մը որ հայ բանաստեղծի ու գրողի հոգին ու միտքը կլանուած են արագիլներու քաղցրութեամբ եւ անոնց նուիրած են գոհար տողեր, մտածումներ ու վայելուչ արտայայտութիւններ: Արագիլները, իրենց կարգին, ապացուցած են սիրոյ իրենց թովչանքը` բարեկամանալով հայութեան հետ:
Փաստօրէն, արագիլները հայոց աշխարհը նկատած են այն միջավայրը, ուր պիտի կարենան ածել իրենց հաւկիթը, ձագուկներ աշխարհ բերել, զանոնք կերակրել եւ աշնան օր մը, ստիպողաբար, սաստիկ ցուրտի թէ կլիմայական փոփոխութեան պատճառով գաղթել դէպի հարաւ` աւելի տաք շրջաններ` անշուշտ խոստանալով, որ յառաջիկայ տարի պիտի վերադառնան իրենց հարազատ բոյնը` Արարատեան դաշտ, եւ խաղաղութեամբ ապրին իրենց դարաւոր բարեկամին` հայութեան հետ:
Կա՞յ արդեօք ուրիշ ազգ մը, որ այս աստիճանի կապուածութիւն ունեցած ըլլայ անասունի մը, աւելի՛ն. անսահման հոգատարութիւն ցուցաբերէ, սիրէ, գուրգուրայ եւ յարգէ զայն, որքան հայ ժողովուրդը: Միւս կողմէ, հրաշք բնութեան «կենցաղային» թէ բնազդային վիճակներ, արդեօք մեզի կը յուշե՞ն, թէ թռչնազգի այս տեսակին նմանող այլ անասուններ այսքան ընդելուզուած ըլլան մարդ արարածի ներաշխարհին հետ եւ փոխադարձ սիրով` ճանաչողական իրենց բնազդով, հաւատարմութիւնը բաշխած ըլլան դարերու երկայնքին:
Ըսինք, որ արագիլները շատ լաւ ճանչցած են հայութիւնը, մօտէն ծանօթ են իր ողջ պատմութեան եւ մարդկային բարեմասնութիւններուն: Ահա ա՛յս էր պատճառը, որ անոնք զգացած էին վերջին տարիներուն հայութեան կեանքին մէջ առկայ բազում դժուարութիւններն ու անըմբռնելի պատահարները:
Իբրեւ խաղաղասէր ու աւետաբեր թռչուններ` արագիլները, չէին կրնար հաշտուիլ Հայաստանի հողին վրայ կատարուած դիպաշարերուն հետ, հայ կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող անհարկի եւ դատապարտելի երեւոյթներուն: Անոնք մէկ կողմէ տեսած էին վերջին պատերազմի արհաւիրքն ու դժբախտութիւնը, եւ միւս կողմէ տեղեակ էին ներազգային կեանքին մէջ առկայ անհանդուրժողի եւ ատելավառի մօտեցումներու, որոնք պատուհաս էին հայութեան հաւաքական կեանքը, գոյութիւնն ու լինելիութիւնը:
Բարի արագիլները պահ մը մոռացութեան տուած էին իրենց վիճակուած կեանքի դժուարութիւնները, որոշած էին նամակով մը իմաց տալ Կաղանդ պապուկին, որպէսզի իր բացառիկ կարողութեամբ կարենար խաղաղութիւն բերել Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին: Արագիլները, ունենալով գերազանց վստահութիւն եւ հաւատք հանդէպ Կաղանդ պապուկին, յանձն կ՛առնեն մանրամասնութեամբ գրել անոր եւ խնդրել մեծ մարդասէրին միջամտութիւնն ու օժանդակութիւնը:
Ու կը պատահի անսպասելին: Անոնց նամակը կը հասնի Կաղանդ պապուկին:
Մարդկութիւնը գիտէ, որ Կաղանդ պապուկը տօնական օրերու նախօրէին, արդէն լծուած է իր սրբազնագոյն աշխատանքին` նուէրներու պատրաստութեան եւ անոնց բաշխումին: Եւ ահա, պայծառ օր մը, թռչնազգիներու երամ մը կը հասնի այն վայրը` հիւսիսային բեւեռ, ուր Կաղանդ պապուկը կ՛ապրի դարերէ ի վեր: Թռչուններն անգամ կը զարմանան այն գեղեցկութեամբ, զոր շրջապատուած է մեծ մարդասէրը:
Ձիւնածածկ բարձր լեռներ, հսկայական տարածութեամբ դալար անտառներ, մեծ ու փոքր անասուններու տեսականի` եղնիկ, այծեամ, նապաստակ, արջ, աղուէս, թեւատ, սկիւռ ու մանաւանդ` եղջերաւոր անասուններ, որոնք այնքան սիրով լեցուած կ՛օժանդակէին Կաղանդ պապուկին` պատրաստուելով Ամանորի գիշերուան:
Բարի արագիլներու պատուիրակութիւնը կը զարմանայ ի տես Կաղանդ պապուկի հսկայական դղեակին, որ զարդարուած էր գունաւոր լոյսերով եւ գեղեցիկ զարդերով: Անոնք կը թակեն դուռը եւ ներս կը մտնեն: Մեծ մարդասէրը հանգիստի նստած, ծխամորճը ձեռքին` կը շոյէր սպիտակ մօրուքը: Թռչունները, կը յանձնեն նամակը եւ կը խնդրեն Կաղանդ պապուկին աջակցութիւնը:
Նամակի բովանդակութիւնը կը յուզէ Կաղանդ պապուկը: Ան դարերէ ի վեր եւ ամէն Ամանորի այցելութիւն տուած է հայոց աշխարհ եւ նուէրներ բաշխած բոլորին: Այս անգամ պահանջուածը նուէր չէր, երբեք: Հայաստանի մանուկները արագիլներու յայտնած էին իրենց դժգոհութիւնը, թէ հայրենիքի հողին վրայ կը կատարուէին շատ տխուր երեւոյթներ, որոնք պատճառ կը դառնային անհասկացողութիւններու եւ սերունդներու միջեւ այլամերժ վերաբերումի: Անոնք մտահոգ էին, որ Արարատի շուքին տակ հասակ առած եւ առնող սերունդներ տանուլ պիտի տային հայրենի հողը, պետականութիւնն ու ազգային պատկանելիութիւնը, եթէ երբեք չսթափէին:
Կաղանդ պապուկը, որ մէկ կողմէ զարմացած էր նամակի բովանդակութեան, եւ միւս կողմէ հիացած մանուկներու այնքան խելացի եւ մարդասէրի մօտեցումներուն, կ՛որոշէ ամէն գնով օժանդակել եւ ընդառաջել հայոց աշխարհի մանուկներու խնդրանքին եւ ակնկալութեան: Սակայն ինչ էր հարկաւոր: Ան կը յանձնուի խոր մտածումներու, ու կը ծագի յանկարծ միտք մը, որ կրնար նպաստաւոր ըլլալ հայոց աշխարհին:
Ան կ՛որոշէ Ամանորի իր շրջապտոյտը կատարելէ ետք իր պսպղուն սահնակով եւ եղջերուներու հետ միասին ամբողջ տարի մը հաստատուիլ Արարատի գագաթին եւ հոնկէ ամէն օր յիշեցնել արագիլներու տագնապը: Կաղանդ պապուկը կը հաւատայ, որ հայութիւնը պիտի սթափի եւ լծուի ազգային կեանքի առողջացման, որովհետեւ Արարատը հայ ժողովուրդի երազին ու մէկութեան խորհրդանիշն է: