ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է «Բարձրագոյն կրթութեան մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծին: ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան նշած է, որ ասիկա տարիներու աշխատանքի արդիւնք է: Այս մասին կը հաղորդէ 168.am-ը։
«Այս օրէնքին ընդունումէն ետք՝ մեր բարձրագոյն կրթութեան համակարգին մէջ պէտք է տեղի ունենան արմատական փոփոխութիւններ»,- կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Լեւոն Մկրտչեան:
Նախարարին խօսքով` այսպիսով կը կատարուի ԵՄ-ի հետ կրթութեան նախարարութեան համաձայնութիւնը՝ բարձրագոյն կրթութեան համակարգի եւրոպական տարածքին ամբողջութեամբ ընդելուզման հինգ պայմաններէն մէկը:
«Ուսանողը, ըստ էութեան, կը ստանայ շարժունակութիւն, ինքը պէտք է կարենայ ծրագրաւորել իր ուսման գործընթացը»,- ըսած է նախարարը` ընդգծելով, որ օրէնքը բաց ամպիոն կը ստեղծէ եւ շատ ճկուն է:
Մկրտչեանի խօսքով` երեք տարի ժամանակ ունինք մեր համալսարաններու կառուցուածքները ճշդելու եւ ուսումնական գործընթացը ամբողջութեամբ նոր հիմունքներով կազմակերպելու համար: