ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) բացայայտեց եւ կանխեց պետական դաւաճանութեան եւս 2 դէպքեր: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը։
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի քաղաքացին, որ եղած է զինուորական ծառայոց, ընկերային ցանցի մը միջոցով ծանօթութիւն հաստատած է օտար յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, որոնց հետ համաձայնած է՝ յատուկ ծառայութիւններու առաջադրանքով հաւաքել եւ անոնց յանձնել պետական ու ծառայողական գաղտնիք նկատուող տեղեկութիւններ:
Անկէ ետք, օտար յատուկ ծառայութիւններու առաջադրանքով, նախկին զինուորը հաւաքած եւ վարձատրութեան դիմաց օտար հետախուզական ծառայութեան աշխատակիցին նամակագրութեան միջոցով յանձնած է պետական եւ ծառայողական գաղտնիք նկատուող, ռազմական բնոյթի այլ տեղեկութիւն հանդիսացող` իրենց ստորաբաժանումին պահպանութեան տակ գտնուող մարտական դիրքի տեղակայման վայրին, մարտական հերթապահութիւն իրականացնող անձնակազմի թիւին, անոնց զինուածութեան, մարտական առաջադրանքին, մարտական հերթապահութիւն իրականացնելուն վերաբերող այլ տուեալներ, ինչպէս նաեւ զօրամասի հրամանատարական կազմի անհատական եւ ծառայողական տուեալները, զօրամասի վաշտի եւ գումարտակի հաստիքացուցակները, զօրամասի մարտական թիւը, զօրամասի սպառազինութեան վերաբերեալ տուեալները, լուսանկարած եւ ուղարկած է մարտական դիրքի խրամուղիները, դիրքին մօտեցող ճամբաները, դիրքի տեղակայման կապերը` այդ կերպ լրտեսութեան միջոցով կատարելով պետական դաւաճանութիւն` ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային անձեռնմխելիութեան եւ արտաքին ապահովութեան:
Բացի այդ, օտար հետախուզական ծառայութեան առաջադրանքով զինուորը կապ հաստատած է իր նախկին համածառայակիցուն հետ եւ փորձած յանձնելու նպատակով ձեռք բերել ռազմական բնագաւառին վերաբերող այլ տեղեկութիւններ։ Սակայն, ան գործողութիւնները չէ կրցած իր աւարտին հասցնել, որովհետեւ ան ձերբակալուեցաւ Հայաստանի ԱԱԾ աշխատակիցներուն կողմէ:
Դաւաճանական գործողութիւններուն դիմաց նախկին զինուորական ծառայողը օտար յատուկ ծառայութիւններէն մաս-մաս ստացած, ինչպէս նաեւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է հետագային ստանալ ընդհանուր 2800 տոլար եւ 6000 ռուբլի գումար:
Նոյն ժամանակ, Հայաստանի ԱԱԾ քննչական բաժանմունքին մէջ պետական դաւաճանութեան յատկանիշներով քննուող մէկ այլ գործով ապացոյցներու բաւարար համակցութիւն ձեռք բերուած է առ այն, որ Հայաստանի քաղաքացի հանդիսացող պայմանագրային զինուոր մը, ընկերային ցանցերու միջոցով ծանօթութիւն հաստատած է օտար յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցներու հետ եւ անոնց հաշուոյն աշխատած։ Ռազմական բնոյթի տեղեկութիւններ փոխանցելու դիմաց գումար ստանալու նպատակով՝ հաւաքած եւ բջիջային յաւելուածներու միջոցով անոնց փոխանցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ապահովութեան սպառնացող ռազմական բնոյթի պետական գաղտնիք նկատուող եւ տեղեկութիւններ հանդիսացող` զօրակոչի, զօրամասի սպառազինուորական, մարտական դիրքերու, զօրամասի տեղակայման եւ շէնքերու դասաւորուածութեան, զօրամասի կարգացուցակի եւ այլնի վերաբերող տեղեկութիւններ` այդ կերպով Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ թշնամական գործունէութիւն իրականացնելու համար ցուցաբերելով օգնութիւն եւ վնաս հասցնելով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին ապահովութեան։ Նշեալ գործողութիւններուն համար դրամատնային փոխանցումներով պարբերաբար ան ստացած է ընդհանուր 900 տոլար գումար։
Պետական դաւաճանութիւն կատարելու անմիջական կասկածի հիման վրայ յիշեալ երկու զինուորները ձերբակալուած, խոստովանած եւ բանտարկուած են։