ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, 20 Մայիսին, «Իմ Քայլը» խորհրդարանական խմբակցութեան հրաւէրով Ազգային ժողովի շէնքին մէջ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան խմբակցութեան պատգամաւորներու հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան բազմաթիւ հարցեր: Հանդիպումէն ետք Սահակեան պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:
Հարցումին, թէ արդեօք կա՞յ լարուածութիւն Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ, Բակօ Սահակեան պատասխանեց. «Այդ լարուածութեան վերաբերեալ մեկնաբանութիւններում արհեստական մաս եմ տեսնում: Բացառում եմ, որ մենք ունենանք այդպիսի լարուածութիւն: Իսկ եթէ առաջանում են նման պահեր, մենք պարտաւոր ենք ամէն ինչ անել եւ շրջանցել այդ ամէնը»:
Ազգային ժողովի շէնք մտնելէ առաջ, նախագահ Սահակեան զրուցեց լրագրողներու հետ եւ անոնց յայտնած, որ իր եւ Արկադի Ղուկասեանի երաշխաւորութիւնը Ռոպերթ Քոչարեանի համար լրացուցիչ լարուածութիւն ստեղծելու նպատակ չէր հետապնդեր:
Ըստ Սահակեանի՝ այդ քայլին նպատակը լարուածութիւնը թուլացնել էր: Ան նշեց, որ իրենց միջնորդութիւնը ուղղուած չէր Հայաստանի դատական գործընթացը կասկածի տակ դնելուն:
Սահակեան լրագրողներու խնդրանքով անդրադարձաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 20 Մայիսի ելոյթին, որուն մէջ ան նշած էր, որ կան ուժեր, որոնք տարաձայնութիւններ, հակասութիւններ եւ նոյնիսկ թշնամանք կը փորձեն հրահրել Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ:
«Եթէ կան այդպիսի գործիչներ եւ այդպիսի ուժեր, ապա մենք պարտաւոր ենք բացայայտել, եթէ կան այդպիսի նպատակներ, ապա ես էլ եմ որակում դաւաճանութիւն: Ամէն դէպքում՝ ես չունեմ այդպիսի տեղեկութիւն, որ կան այդպիսի գործիչներ, ովքեր նախապատրաստում են դաւաճանական գործողութիւններ», ըսաւ Սահակեան: