6 Յուլիս 2015-ի առաւօտուն խանդավառ մթնոլորտի մէջ կայացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի “Ովասիս” ամառնային ծրագրի բացումը, ներկայութեամբ 235 մասնակիցներու եւ անոնց ծնողներուն:
Բացման առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ վստահութիւն յայտնեց, որ ինչպէս անցած 16 տարիներուն, այս անգամ եւս “Ովասիս”ը լիուլի պիտի գոհացնէ ուրախ ամառնային ժամանց վայելելու մասնակիցներուն ակնկալութիւնը: Ան կոչ ուղղեց մասնակից մանուկներուն եւ պատանիներուն, որ Ովասիսի շրջապատին մէջ իրար հետ հաղորդակցին միայն ու միայն հայերէնով, կարելի եղածին չափ անսխալ եւ անխաթար, եւ այդպիսով արտայայտեն իրենց յարգանքը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ծանօթ է, որ “Ովասիս”ը դաստիարակչական ժամանցի ծրագիր է, ուղղուած 3-16 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու: Անիկա 17-րդ տարին ըլլալով կ՛ապահովէ ամառնային արձակուրդի հաճելի եւ օգտակար միջավայր՝ Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եւ արտասահմանէն ժամանած հայ մանուկներու եւ պատանիներու համար: Ցարդ “Ովասիս”ին մասնակցած է 3175 հոգի. այս տարի մասնակիցները ըստ տարիքի բաժնուած են երկու խումբերու՝ “Փոքր Մասիս” եւ “Մեծ Մասիս”, որոնք իրենց հերթին ունին խմբակներ՝ հայկական գաւառներու եւ քաղաքներու անուններով:
“Ովասիս 2015”-ը պիտի տեւէ մինչեւ 28 Օգոստոս եւ եզրափակուի աւանդական հանդէսով: Ովասիսական օրը կը սկսի առաւօտեան ժամը 8:30-ին եւ կ՛աւարտի կէսօրուան ժամը 2:00-ին: Այս տարուայ ծրագրին մէջ ներառնուած են ձեռային աշխատանքներ, նկարչութիւն, կաւագործութիւն, համակարգիչ, ֆիլմի ցուցադրութիւն, ֆութպոլ, պասքէթպոլ, թենիս, մարտարուեստ, հեծանիւ, աճպարարութիւն, խամաճիկ, դաստիարակչական խաղեր, կրօնագիտութիւն, ամառնային , պարտականութիւն, պտոյտներ եւ մարզական օր: Որպէս ամենահետաքրքրական նորութիւն, ովասիսականներուն պիտի ուսուցանուի քարթունզ նկարչութիւն, ղեկավարութեամբ բազմատաղանդ եւ հանրայայտ արուեստագէտ Կիլպըրթ Սայմընի: