ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները՝ Հայաստանի տարածքներուն վերաբերեալ, բացայայտ կեղծիք են եւ ձեռնավարութիւն` տարածաշրջանը թրքական-ատրպէյճանական ներկայացնելու նպատակով, «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան` մեկնաբանելով Քարվաճառի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կատարած յայտարարութիւնները Հայաստանի տարածքներուն` Սիւնիքի, Սեւանի եւ Վարդենիսի մասին:
Ըստ պատմաբանին՝ Ալիեւ կ՛ըսէ, որ իբր թէ Սիւնիքը, Սեւանը, Վարդենիսը, Երեւանը «պատմական ատրպէյճանական հողեր են», մինչդեռ նախ` ներկայիս Ատրպէյճան կոչուող հանրապետութեան տարածքը ոչ մէկ կապ ունի պատմական Ատրպատականի` Իրանի հիւսիսային շրջաններուն հետ, որմէ թուրքերը պարզապէս գողացած են անուանումը` 1918ին այդ արհեստածին պետութիւնը ստեղծելու ատեն: Եւ երկրորդ` մինչեւ 14-15րդ դարեր, երբ տարածաշրջանը ներթափանցեցին թուրքմէնական ցեղերը, եւ առաւել եւս` մինչեւ 11րդ դար, երբ առաջին անգամ տարածաշրջանին մէջ յայտնուեցան սելճուք-թուրքերը, մեր շրջանին մէջ՝ ներառեալ Արեւելեան Հայաստանը, Վրաստանը, Արեւելեան Անդրկովկասը եւ Հիւսիսային Իրանը, թրքական որեւէ տեղանուանման կամ թրքական տարրի մասին խօսիլը պարզապէս ծիծաղելի է:
«Ուրեմն, Ադրբեջանի Բաքու մայրաքաղաքից սկսած` Ատրպատականի, Շաքիի, Շիրվանի, ամբողջ «Հայոց Արեւելից Կողմանց», այսինքն` Մեծ Հայքի Ուտիք, Արցախ, Փայտակարան նահանգների տարածքները` բոլորը եղել են հայանուն եւ հայաբնակ ու հայկական, որտեղ խօսել թուրքական որեւէ տարրի մասին մինչեւ 11րդ դարը ուղղակի ծիծաղելի է», ընդգծեց Աշոտ Մելքոնեան:
Պատմութեան հիմնարկի տնօրէնը իր ըսածները կը հիմնաւորէ պատմական այն յայտնի փաստերով, որ մինչեւ 14-15րդ դարեր, երբ Արեւելեան Հայաստան եւ Արեւելեան Անդրկովկաս ներթափանցեցին թուրքմէնական ցեղերը, առաւել եւս` մինչեւ 11րդ դար, երբ առաջին անգամ մեր տարածաշրջանին մէջ յայտնուեցան թրքական ցեղերը` ի դէմս սելճուք-թուրքերուն, որեւէ թրքական տեղանուն չկար այս տարածաշրջանին մէջ:
«Յատուկենտ թուրքեր տարածաշրջանում յայտնուել են միայն 9րդ դարում, երբ արաբները վարձել են թուրք վարձկան-զինուորականների, որոնց թւում էր, օրինակ, յայտնի զօրավար Բուղան, որը 9րդ դ. կէսերին արշաւեց Հայաստանի շրջաններով` Վասպուրականով, Սիւնիքով եւ Արցախով եւ ծանր պարտութիւն կրեց յատկապէս Արցախում` Քթիշ ամրոցում (854 թ.) Եսայի Աբու Մուսէ իշխանից», ըսաւ մասնագէտը՝ աւելցնելով. «Ընդհանրապէս Արեւելեան Հայաստանի եւ Արեւելեան Անդրկովկասի տեղանունների թուրքացման գործընթացը սկսուել է 14-15րդ դդ., երբ թուրքմէնական ցեղերը այստեղ հաստատեցին իրենց տիրապետութիւնը: Օրինակ, Հիւսիսային Իրանի տարածքի իրանախօս բնակչութիւնը աստիճանաբար դարձաւ թուրքախօս: Թէպէտ այդ թուրքախօս բնակչութիւնն էլ հետագայում` 15րդ դարի վերջին, կեանքի կոչեց իրանական Սեֆեան պետութիւնը: Սեֆեանները, լինելով պարսիկ, թուրքախօս էին: Եւ, բնականաբար, այս երեւոյթը նկատուեց նաեւ Արեւելեան Հայաստանի տարածքում: Բայց դա բացարձակապէս չի նշանակում, թէ դրանից առաջ այդ տեղանունները հայկական չէին: 14-15րդ դդ. առաջ, առաւել եւս` 11րդ դ. առաջ, որեւէ թուրքական տեղանուն այս տարածաշրջանում չէիք կարող գտնել»:
Պատմաբանը նաեւ նկարագրեց, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցած է տեղանուններու թրքացումը նշեալ ժամանակաշրջանին` քոչուորներուն յատուկ պարզունակ ոճով եւ անոնց մտաւոր ցած կարողութիւններուն համապատասխան: «Թուրքերը ինչպէս որ տեսնում էին տուեալ տարածքը, այդպէս էլ կոչում էին: Ասենք, եթէ պղտոր ջուր էր լինում` «կարա-սու» էին անուանում, կամ երեք եկեղեցի էին տեսնում` դառնում էր «ուչ Քիլիսէ», տեսնում էին չորս եկեղեցի` դառնում էր «դորթ Քիլիսէ» եւ այդպէս շարունակ: Այնպէս որ, այն, ինչ այսօր ասում է Ալիեւը, բացայայտ կեղծիք է եւ մանիպուլեացիա (ձեռնավարութիւն)` տարածաշրջանը թուրքական-ադրբեջանական ներկայացնելու նպատակով», եզրակացուց Աշոտ Մելքոնեան:
Քաղաքակիրթ աշխարհը, որոնց կարգին գիտական հանրութիւնը, ըստ պատմաբան Աշոտ Մելքոնեանի, շատ լաւ գիտէ այդ բոլորը եւ կը հասկնայ, որ ատրպէյճանական պատմագրութիւնը ամբողջութեամբ կեղծուած է եւ իրական գիտութեան հետ որեւէ կապ չունի: Բայց այլ հարց է, որ Ատրպէյճան, գործի դնելով իր ֆինանսական միջոցները, այդ կեղծիքները կը տարածէ ամբողջ աշխարհի տարածքին՝ այն հաշուարկով, որ «եթէ սուտը 100 անգամ կրկնես` այն կարող է ճշմարտութիւն թուալ»:
«Յամենայնդէպս, կարծում եմ, որ քաղաքակիրթ աշխարհի մեծագոյն մասը, մասնաւորապէս նկատի ունեմ Եւրոպան, Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը` իրենց մտաւորական շրջաններով եւ մասնագիտական հանրութիւններով հանդերձ, շատ լաւ գիտեն իրական պատմութիւնը: Երբ առիթ է ներկայանում, օրինակ` ռուսաստանցի մտաւորականները, միշտ ասում են, որ ծիծաղելի է խօսել ադրբեջանական հնագոյն մշակոյթի մասին, որովհետեւ դա շինծու, թուրքացած իրանական էլեմենտի (տարրի) հիմքի վրայ Արեւելեան Անդրկովկասում ստեղծուած կեղծ մշակոյթ է, էլ չեմ ասում` նաեւ քաղաքական հանրոյթ` ի դէմս այսպէս կոչուած Ադրբեջանական Հանրապետութեան», ընդգծեց ան՝ բացատրելով, որ ատրպէյճանցիները եւ Ատրպէյճան կոչուող պետութիւնը այսօր ինքնութեան փնտռտուքի մէջ են, որովհետեւ գրպանած են իրենց գրեթէ բոլոր դրացիներուն` հայերուն, վրացիներուն, լեզգիներուն, իրանցիներուն եւ նոյնիսկ ցեղակից թուրքմէններու պատմութիւնը եւ մշակոյթը: Եւ այդ խառնաշփոթը այն աստիճանի անհեթեթութեան հասած է, որ մէկ կողմէ իրենք զիրենք կը նկատեն կովկասեան Աղուանքի ժառանգներ, այսինքն` տեղաբնիկներ, միւս կողմէ` հնդեւրոպական, միւս կողմէ ալ՝ թրքալեզու, որովհետեւ արիւնակից են միջինասիական ժողովուրդներուն եւ օսմանեան թուրքերուն:
Պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի այն հարցումին, թէ ի՛նչ է ատրպէյճանցիներուն ճիշդ ինքնանուանումը՝ պատմաբանը ըսաւ՝ «կովկասեան թաթարներ» եւ աւելցուց, որ «թաթար» «քոչուորներ» իմաստով:
Ինչ կը վերաբերի հարցին քաղաքական կողմին` ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան դիտել տուաւ, որ թէ՛ Ալիեւի սանձարձակ յայտարարութիւնները «Զանգեզուրի միջանցք»ի, Սեւանի, Երեւանի, հիմա ալ` Վարդենիսի մասին եւ թէ առհասարակ սահմանին վրայ Ատրպէյճանի յարձակողական եւ ռազմատենչ վարքագիծը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, օգտուելով 44օրեայ պատերազմին արձանագրած յաջողութիւններէն, կը կարծեն, թէ հիմա յարմարագոյն պահն է փանթրքութեան ծրագիրը կեանքի կոչելու:
Սակայն Պատմութեան հիմնարկի տնօրէնը յանգած է այն եզրակացութեան, որ Հայաստանի Հանրապետութենէն բացի` տարածաշրջանին մէջ կան նաեւ այլ զօրեղ ուժեր, մասնաւորապէս` Իրան եւ Ռուսիա, որոնց ամենեւին ձեռնտու չէ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրեան միջանցքը»` անկախ անկէ, թէ ասով ինչ կը հասկնան Պաքու եւ Անգարա։
«1921 թ. Յուլիսի կէսերին Զանգեզուրից Գարեգին Նժդեհի հեռանալուց յետոյ, խորհրդային պետութեան ձեռքը ոչ ոք չէր կարող բռնել, եթէ նա որոշէր Զանգեզուրը յանձնել Ադրբեջանին: Եթէ չարեց, ուրեմն հասկանում էր, որ այդ հայկական սեպը պանթուրքիզմի ճանապարհին ամենամեծ խոչընդոտն է», եզրափակեց Մելքոնեան: